Esther 9
Nehemiah « Esther 8 ‹ Esther 9 › Esther 10 » Job
ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԿԸ ՋԱՐԴԵՆ ԻՐԵՆՑ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ
1Տասներկրորդ ամսուան — այսինքն՝ Ադար ամսուան — տասներեքերորդ օրը, երբ թագաւորին հրամանին եւ անոր հրովարտակին գործադրութեան ժամանակը հասաւ, մինչ Հրեաներուն 1ոսոխները կը յուսային անոնց վրայ տիրել, այդ օրը կացութիւնը յեղաշրջուեցաւ, որովհետեւ Հրեանե՛րը տիրեցին զիրենք ատողներուն վրայ։
2Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ՝ Հրեաները իրենց քաղաքներուն մէջ համախմբուեցան, որպէսզի իրենց չարիք ընել 2մտադրողներուն վրայ ձեռք երկարեն. ո՛չ մէկը կրցաւ անոնց 3ընդդիմանալ, որովհետեւ անոնց երկիւղը բոլոր ժողովուրդներուն վրայ ինկած էր։
3Գաւառներուն բոլոր իշխանաւորները, սատրապները, կուսակալներն ու թագաւորին գործակատարները Հրեաներուն նեցուկ կ’ըլլային, որովհետեւ անոնց վրայ Մուրթքէի երկիւղը ինկած էր։
4Արդարեւ Մուրթքէ 4պալատին մէջ մեծ էր, եւ անոր համբաւը բոլոր գաւառները 5տարածուած էր, քանի այդ մարդը՝ Մուրթքէ 6հետզհետէ կը մեծնար։
5Հրեաները իրենց բոլոր ոսոխները սուրի հարուածով զարկին՝ ջարդելով ու կորսնցնելով, եւ զիրենք ատողներուն հետ վարուեցան իրենց կամքին համաձայն։
6Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ մեռցնելով կորսնցուցին.
7նաեւ Փարսանդաթան, Դաղփոնը, Ասփաթան,
8Փորաթան, Ադալիան, Արիդաթան,
9Փարմասթան, Արիսային, Արիդային ու Վայեզաթան,—
10Հրեաներու հակառակորդին՝ Ամադաթայի որդիին՝ Համանի տասը որդիները,— մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկարեցին։
11Այդ օրը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ մեռցուածներուն թիւը թագաւորին 7հաղորդուեցաւ։
12Թագաւորը Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ, ու Համանի տասը որդիները մեռցնելով կորսնցուցին. արդեօք թագաւորին միւս գաւառներուն մէջ ինչե՜ր ըրած են։ Իսկ հիմա ի՞նչ է խնդրանքդ. ըսէ՛, ու պիտի տրուի քեզի։ Տակաւին ի՞նչ պահանջ ունիս. ըսէ՛, ու պիտի կատարուի»։
13Եսթեր պատասխանեց. «Եթէ թագաւորին 8հաճելի է, Շուշանի մէջ եղող Հրեաներուն թող արտօնութիւն տրուի, որ վաղն ալ այս օրուան հրովարտակին համաձայն վարուին. Համանի տասը որդիներն ալ փայտի վրայ թող կախուին»։
14Թագաւորը հրամայեց որ այդպէս ըլլայ. Շուշանի մէջ հրովարտակը 9հրատարակուեցաւ, եւ Համանի տասը որդիները կախուեցան։
15Շուշանի մէջ եղող Հրեաները Ադար ամսուան տասնչորրորդ օրն ալ համախմբուեցան, ու Շուշանի մէջ երեք հարիւր մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկարեցին։
16Թագաւորին գաւառներուն մէջ եղող միւս Հրեաներն ալ համախմբուեցան, իրենց 10կեանքը պաշտպանեցին՝՝ եւ իրենց թշնամիներէն հանգստացան. զիրենք ատողներէն եօթանասունհինգ հազար մարդ մեռցուցին, բայց աւարին ձեռք չերկարեցին։
17Ասիկա Ադար ամսուան տասներեքերորդ օրը եղաւ. անոր տասնչորրորդ օրը հանգստացան, ու զայն խնճոյքի եւ ուրախութեան օր ըրին.
18իսկ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները այդ ամսուան տասներեքերորդ օրն ու տասնչորրորդ օրը հաւաքուեցան, եւ տասնհինգերորդ օրը հանգստացան, ու զայն խնճոյքի եւ ուրախութեան օր ըրին։
19Հետեւաբար՝ գիւղացի Հրեաները, որոնք անպարիսպ 11գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին, Ադար ամսուան տասնչորրորդ օրը ուրախութեան, խնճոյքի ու 12տօնախմբութեան օր ըրին՝ իրարու բաժիններ ղրկելով։
20Մուրթքէ այս բաները գրեց, եւ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ մօտ թէ հեռու եղող բոլոր Հրեաներուն 13նամակներ ղրկեց,
21որպէսզի ամէն տարի իրենց մէջ տօն կատարեն Ադար ամսուան տասնչորրորդ օրը եւ անոր տասնհինգերորդ օրը,
22(իբր օրեր՝ երբ Հրեաները իրենց թշնամիներէն հանգստացան, եւ իբր այն ամիսը՝ երբ իրենց տրտմութիւնը՝ ուրախութեան փոխուեցաւ, ու իրենց սուգը՝ 14տօնախմբութեան օրուան,) զանոնք խնճոյքի եւ ուրախութեան օրեր ընեն, անոնց մէջ իրարու բաժիններ ղրկելով, իսկ աղքատներուն՝ պարգեւներ։
23Հրեաները ընդունեցին ընել ինչ որ սկսած էին, եւ ինչ որ Մուրթքէ իրենց գրած էր։
24Արդարեւ բոլոր Հրեաներուն հակառակորդը, Ագագացի Ամադաթայի որդին՝ Համան մտածեր էր Հրեաները կորսնցնել, ու 15փուր (այսինքն՝ վիճակ) ձգեր էր՝ զանոնք խուճապի մատնելու եւ կորսնցնելու համար։
25Բայց երբ Եսթեր թագաւորին ներկայացաւ, ան 16նամակներով հրամայեց որ Հրեաներուն դէմ Համանի 17պատրաստած չար ծրագիրը՝՝ անոր գլուխը վերադառնայ, ու զինք եւ իր որդիները փայտի վրայ կախեն։
26Հետեւաբար այդ օրերը Փուրիմ կոչուեցան՝ 18փուր անունին համաձայն։ Ուստի, այս նամակին բոլոր խօսքերուն համար, նաեւ այս մասին իրենց տեսածներուն եւ իրենց պատահածներուն համար,
27Հրեաները 19որոշեցին ու 20յանձն առին որ իրենք, իրենց զարմը եւ բոլոր իրենց միացողները ամէն տարի առանց անտեսելու տօն կատարեն այդ երկու օրերը՝ իրենց 21կանոնին եւ ատենին համաձայն։
28Այդ օրերը պիտի յիշատակուին ու 22տօնուին 23սերունդէ սերունդ՝՝, ամէն գերդաստանի մէջ, ամէն գաւառի մէջ եւ ամէն քաղաքի մէջ. այս Փուրիմի օրերը Հրեաներէն պիտի չանտեսուին, ու անոնց յիշատակը իրենց զարմէն պիտի չկորսուի։
ՓՈՒՐԻՄԻ ՏՕՆԸ
29Աբիքէլի աղջիկը՝ Եսթեր թագուհին, եւ հրեայ Մուրթքէ ամբողջ 24պնդումով գրեցին Փուրիմը հաստատող այս երկրորդ նամակը։
30Ասուերոսի թագաւորութեան հարիւր քսանեօթը գաւառներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն չ նամակներ ղրկուեցան՝ խաղաղութեան ու ճշմարտութեան խօսքերով,
31որպէսզի այս Փուրիմի օրերը իրենց սահմանուած ատենին մէջ հաստատեն՝ ինչպէս հրեայ Մուրթքէն ու Եսթեր թագուհին անոնց պատուիրեցին. անոնք ալ իրենց համար եւ իրենց զարմին համար հաստատեցին ծոմապահութեան ու իրենց աղաղակին վերաբերեալ հրահանգները։
32Այսպէս՝ Եսթերի հրամանը հաստատեց Փուրիմի վերաբերեալ այս հրահանգները, եւ ասիկա գիրքի մէջ գրուեցաւ։