Loading...

Esther 10

Nehemiah  «  Esther 9  ‹  Esther 10  ›  Job 1  »  Job


ԱՍՈՒԵՐՈՍԻ ՄԵԾՆԱԼԸ ԵՒ ՄՈՒՐԹՔԷԻ ՅԱՌԱՋԱՆԱԼԸ

1

Ասուերոս թագաւորը երկրին վրայ հարկ դրաւ, նաեւ՝ ծովու կղզիներուն վրայ։

2

Անոր զօրութեան ու քաջութեան բոլոր գործերը, նաեւ Մուրթքէի մեծութեան յայտարարութիւնը, որուն թագաւորը զինք 1բարձրացուց, ահա՛ Մարաստանի եւ Պարսկաստանի թագաւորներուն Ժամանակագրութեան գիրքին մէջ գրուած են։

3

Արդարեւ հրեայ Մուրթքէն Ասուերոս թագաւորին 2փոխանորդն էր. Հրեաներուն մէջ մեծ էր, ու իր եղբայրներուն բազմութեան՝ հաճելի. իր ժողովուրդին բարօրութիւնը կը փնտռէր, եւ իր ամբողջ զարմին խաղաղութեան համար կը խօսէր։



1 Եբր.՝ մեծցուց
2 Եբր.՝ երկրորդն