Loading...

Exodus 2

Genesis  «  Exodus 1  ‹  Exodus 2  ›  Exodus 3  »  Leviticus


ՄՈՎՍԷՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

1

Ղեւիի տունէն մէկը գնաց ու Ղեւիի մէկ աղջիկը կին առաւ։

2

Կինը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ, եւ անոր վայելչագեղ ըլլալը տեսնելով՝ երեք ամիս պահեց զայն։

3

Երբ ա՛լ չէր կրնար պահել զայն, պրտուէ տապանակ մը առաւ անոր համար, կուպրով ու ձիւթով ծեփեց, 1մանուկը մէջը դրաւ, ու գետին եզերքը եղող շամբին մէջ ձգեց.

4

իսկ անոր քոյրը հեռու կայնեցաւ, որպէսզի գիտնայ թէ ի՛նչ պիտի 2պատահի անոր։

5

Փարաւոնի աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու, եւ անոր սպասուհիները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տեսաւ տապանակը, իր աղախինը ղրկեց որ զայն բերէ։

6

Երբ բացաւ՝ մանուկը տեսաւ. եւ ահա՛ տղեկը կու լար։ Ուստի անոր վրայ արգահատեցաւ ու ըսաւ. «Ասիկա Եբրայեցիներու զաւակներէն է»։

7

Ուստի անոր քոյրը Փարաւոնի աղջիկին ըսաւ. «Երթամ ու Եբրայեցիներէն սնուցիչ կին մը կանչե՞մ քեզի, որ մանուկը դիեցնէ քեզի համար»։

8

Փարաւոնի աղջիկը իրեն ըսաւ. «Գնա՛»։ Օրիորդն ալ գնաց ու մանուկին մայրը կանչեց։

9

Փարաւոնի աղջիկը անոր ըսաւ. «Ա՛ռ այս մանուկը, դիեցո՛ւր ինծի համար, ու ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինն ալ առաւ մանուկը ու դիեցուց զայն։

10

Երբ մանուկը մեծցաւ, Փարաւոնի աղջիկին բերաւ զայն, եւ անոր որդին եղաւ. անոր անունը 3Մովսէս կոչեց՝ ըսելով. «Քանի որ ջուրէն հանեցի զայն»։


ՄՈՎՍԷՍ ԿԸ ՓԱԽՉԻ ՄԱԴԻԱՄ

11

Այն օրերը՝ երբ Մովսէս մեծցաւ, դուրս ելաւ՝ իր եղբայրներուն քով, եւ նայեցաւ անոնց բռնի աշխատանքներուն։ Տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։

12

Երբ հոս-հոն նայելով տեսաւ թէ ո՛չ մէկը կայ, 4մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զայն։

13

Հետեւեալ օրն ալ դուրս ելաւ, եւ ահա՛ երկու եբրայեցի մարդիկ կը կռուէին իրարու հետ։ Ըսաւ անոր՝ որ իրաւունք չունէր. «Ինչո՞ւ ընկերդ կը ծեծես»։

14

Ան ալ ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխանաւոր ու դատաւոր նշանակեց. զի՞ս ալ 5կը մտածես՝՝ մեռցնել, ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»։ Մովսէս վախցաւ եւ ըսաւ. «Անտարակոյս այս բանը գիտցուած է»։

15

Երբ Փարաւոն լսեց այս բանը՝ 6ուզեց Մովսէսը մեռցնել, բայց Մովսէս Փարաւոնի 7առջեւէն փախաւ. Մադիամի երկրին մէջ բնակեցաւ ու հորի մը քով նստաւ։

16

Մադիամի քուրմը եօթը աղջիկ ունէր. անոնք եկան, ջուր քաշեցին եւ աւազանները լեցուցին՝ իրենց հօր ոչխարներուն խմցնելու համար։

17

Հովիւները եկան ու զանոնք վռնտեցին. Մովսէս ալ կանգնեցաւ, 8անոնց օգնութեան հասաւ՝՝ եւ անոնց ոչխարներուն ջուր խմցուց։

18

Երբ անոնք իրենց հօր՝ Ռագուէլի եկան, ան ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով այսօր շուտ եկաք»։

19

Անոնք ալ ըսին. «Եգիպտացի մը մեզ հովիւներուն ձեռքէն ազատեց, ու մեզի ալ շատ ջուր քաշեց եւ ոչխարներուն խմցուց»։

20

Իսկ ինք իր աղջիկներուն ըսաւ. «Ո՞ւր է ան. ինչո՞ւ այդ մարդը հոն թողուցիք։ Կանչեցէ՛ք զայն, որպէսզի հաց ուտէ»։

21

Մովսէս հաւանեցաւ այդ մարդուն հետ բնակիլ. ան ալ իր աղջիկը՝ Սեպփորան Մովսէսի տուաւ իբր կին։

22

Կինը որդի մը ծնաւ, եւ ինք անոր անունը 9Գերսամ կոչեց. քանի որ ըսաւ. «Պանդուխտ եղայ օտար երկրի մէջ»։

23

Երկար ժամանակէ ետք՝ Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ստրկութեան պատճառով հառաչեցին եւ աղաղակեցին, ու անոնց աղաղակը Աստուծոյ բարձրացաւ՝ ստրկութեան պատճառով։

24

Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց, եւ Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի հետ կնքեր էր։

25

Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն, եւ Աստուած գիտցաւ անոնց վիճակը։



1 Եբր.՝ զաւակը
2 Եբր.՝ ըլլայ
3 Այսինքն՝ ջուրէն հանուած
4 Եբր.՝ զարկաւ
5 Եբր.՝ կ’ըսես
6 Եբր.՝ փնտռեց
7 Եբր.՝ երեսէն
8 Եբր.՝ զանոնք ազատեց
9 Այսինքն՝ հոն պանդխտացած