Exodus 3
Genesis « Exodus 2 ‹ Exodus 3 › Exodus 4 » Leviticus
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄՈՎՍԷՍԸ
1Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր Յոթոր աներոջ ոչխարները կ’արածէր, ու ոչխարները անապատին ետեւը տանելով հասաւ Աստուծոյ լեռը՝ Քորեբ։
21Տէրոջ հրեշտակը կրակի բոցով երեւցաւ անոր՝ մորենիի մը մէջէն. ան նայեցաւ, եւ ահա՛ մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր։
3Մովսէս ըսաւ. «Այժմ շեղիմ ու այս մեծ երեւոյթը տեսնեմ՝ թէ ինչո՛ւ մորենին չ’այրիր»։
4Երբ Տէրը տեսաւ թէ ան տեսնելու համար շեղեցաւ, Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց զինք՝ ըսելով. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս»։ Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ»։
5Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ՛ քու ոտքերէդ, որովհետեւ այն տեղը՝ ուր կայնած ես՝ սուրբ 2երկիր է»։
6Նաեւ անոր ըսաւ. «Ե՛ս եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, որովհետեւ Աստուծոյ նայելու վախցաւ։
7Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ տեսայ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս տառապանքը, եւ լսեցի 3գործավարներուն պատճառով՝՝ անոնց բարձրացուցած աղաղակը. որովհետեւ անոնց կոտտանքը գիտեմ։
8Ուստի իջայ՝ զանոնք ազատելու Եգիպտացիներուն ձեռքէն, ու զանոնք բարձրացնելու այդ երկրէն դէպի լաւ եւ ընդարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր հոսեցնող երկիր մը, Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամորհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն տեղը։
9Ահա՛ հիմա ինծի հասաւ Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը, ու տեսայ նաեւ այն տանջանքը՝ որով Եգիպտացիները զանոնք կը չարչարեն։
10Ուստի եկո՛ւր հիմա, քեզ Փարաւոնի ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։
11Մովսէս Աստուծոյ ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ՝ որ Փարաւոնի երթամ, ու Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։
12Աստուած ըսաւ. «Անշո՛ւշտ ես քեզի հետ պիտի ըլլամ. եւ սա՛ պիտի ըլլայ քեզի նշանը՝ թէ ե՛ս ղրկած եմ քեզ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, ա՛յս լերան վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։
13Մովսէս Աստուծոյ ըսաւ. «Ահա՛, երբ երթամ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսեմ անոնց. “Ձեր հայրերուն Աստուա՛ծը զիս ձեզի ղրկեց”, ու երբ ըսեն ինծի. “Ի՞նչ է անոր անունը”, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։
14Աստուած Մովսէսի ըսաւ. «Ես եմ ա՛ն՝ որ է»։ Եւ ըսաւ. «Սա՛ ըսէ Իսրայէլի որդիներուն. “Զիս «Ես եմ»ը ղրկեց ձեզի”»։
15Դարձեալ Աստուած Մովսէսի ըսաւ. «Սա՛ ըսէ Իսրայէլի որդիներուն. “Ձեր հայրերուն Աստուածը՝ Եհովան, Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը ու Յակոբի Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց”. ա՛յս է իմ անունս յաւիտեան, եւ ա՛յս է իմ յիշատակս սերունդէ սերունդ։
16Գնա՛, հաւաքէ՛ Իսրայէլի երէցները ու ըսէ՛ անոնց. “Ձեր հայրերուն Աստուածը՝ Եհովան, Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի Աստուածը, երեւցաւ ինծի՝ ըսելով. "Արդարեւ այցելեցի ձեզի, տեսայ ինչ որ ձեզի կ’ընեն Եգիպտոսի մէջ,
17եւ ըսի թէ ձեզ Եգիպտոսի տառապանքէն պիտի բարձրացնեմ դէպի Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամորհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն եւ Յեբուսացիներուն երկիրը, կաթ ու մեղր հոսեցնող երկիրը"”։
18Անոնք քու խօսքդ մտիկ պիտի ընեն, եւ դուն ու Իսրայէլի երէցները՝ Եգիպտոսի թագաւորին պիտի մտնէք եւ ըսէք անոր. “Եբրայեցիներուն Աստուածը՝ Եհովան մեզի հանդիպեցաւ. ու հիմա կ’աղերսե՛նք որ երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէսզի մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի զոհենք”։
19Ես գիտեմ թէ Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթոյլատրէ ձեզի՝ որ երթաք, 4ո՛չ ալ՝՝ ուժեղ ձեռքով։
20Ես ձեռքս պիտի երկարեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր սքանչելիքներովս՝ որ անոր մէջ պիտի ընեմ. եւ անկէ ետք ձեզ պիտի արձակէ։
21Այս ժողովուրդին շնորհք գտնել պիտի տամ Եգիպտացիներուն 5առջեւ, ու երբ ելլէք՝ պարապ ձեռքով պիտի չելլէք.
22հապա ամէն կին իր դրացուհիէն եւ իր տան մէջ պանդխտացած կնոջմէն արծաթէ իրեր, ոսկիէ իրեր ու հանդերձներ պիտի խնդրէ, զանոնք ձեր որդիներուն եւ աղջիկներուն վրայ պիտի դնէք, ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք»։