Loading...

Exodus 4

Genesis  «  Exodus 3  ‹  Exodus 4  ›  Exodus 5  »  Leviticus


ԱՍՏՈՒԱԾ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄՈՎՍԷՍԻ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

1

Մովսէս պատասխանեց. «Բայց ահա՛ անոնք ինծի պիտի չհաւատան, ո՛չ ալ իմ խօսքս մտիկ պիտի ընեն. քանի որ պիտի ըսեն թէ “Տէրը քեզի չերեւցաւ”»։

2

Իսկ Տէրը անոր ըսաւ. «Այդ ձեռքինդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. «Գաւազան»։

3

Աստուած ըսաւ. «Գետի՛նը ձգէ զայն»։ Գետինը ձգեց զայն, եւ օձ եղաւ. Մովսէս անոր առջեւէն փախաւ։

4

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ձե՛ռքդ երկարէ ու պոչէ՛ն բռնէ.— ան ալ ձեռքը երկարեց ու զայն բռնեց, եւ գաւազան եղաւ իր ափին մէջ.—

5

որպէսզի հաւատան թէ Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը, Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը ու Յակոբի Աստուածը, երեւցաւ քեզի»։

6

Տէրը դարձեալ անոր ըսաւ. «Այժմ քու ձեռքդ ծո՛ցդ դիր»։ Ան իր ձեռքը ծոցը դրաւ, ու երբ դուրս հանեց, ահա՛ ձեռքը ձիւնի պէս ճերմակ՝ բորոտ էր։

7

Եւ Աստուած ըսաւ. «Ձեռքդ դա՛րձեալ ծոցդ դիր.— ան դարձեալ ձեռքը ծոցը դրաւ, ու երբ ծոցէն հանեց, ահա՛ դարձեալ իր բնական մարմինին պէս եղած էր։—

8

Եթէ քեզի չհաւատան եւ առաջին նշանին խօսքը մտիկ չընեն, վերջին նշանին խօսքին պիտի հաւատան։

9

Իսկ եթէ այս երկու նշաններուն ալ չհաւատան ու քու խօսքդ ալ մտիկ չընեն, ա՛ռ գետին ջուրէն ու թափէ՛ ցամաք գետինը։ Այն ջուրը որ գետէն առնես՝ ցամաքին վրայ արիւն պիտի ըլլայ»։

10

Մովսէս Տէրոջ ըսաւ. «Ո՜հ, իմ Տէ՛րս, ես ճարտարախօս չեմ. ո՛չ երէկուընէ, ո՛չ նախորդ օրէն, եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ ետք. հապա ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։

11

Տէրը անոր ըսաւ. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան. ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը, աչք ունեցողը կամ կոյրը. ես չե՞մ՝ Տէրս։

12

Ուստի գնա՛ հիմա, ու ես քու բերանիդ հետ պիտի ըլլամ, եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։

13

Ան ըսաւ. «Ո՜հ, իմ Տէ՛րս, կ’աղերսե՛մ, ղրկէ՛ այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով որ կ’ուզես ղրկել»։

14

Տէրոջ բարկութիւնը Մովսէսի դէմ բորբոքեցաւ, եւ ըսաւ. «Ղեւտացի Ահարոն քու եղբայրդ չէ՞. ես գիտեմ թէ ան ճարտարախօս է։ Նաեւ ահա՛ ան դուրս կ’ելլէ՝ քեզ դիմաւորելու, ու երբ քեզ տեսնէ՝ իր սիրտին մէջ պիտի ուրախանայ։

15

Դո՛ւն խօսէ անոր եւ խօսքե՛ր դիր անոր բերանը։ Ես քու բերանիդ ու անոր բերանին հետ պիտի ըլլամ, եւ ձեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի ընէք։

16

Քու տեղդ ա՛ն թող խօսի ժողովուրդին. ան քեզի բերանի տեղ ըլլայ, ու դուն անոր Աստուծոյ տեղ ըլլաս։

17

Եւ ձե՛ռքդ առ այս գաւազանը, որպէսզի անով նշանները ընես»։


ՄՈՎՍԷՍ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԵԳԻՊՏՈՍ

18

Մովսէս գնաց, իր Յոթոր աներոջ վերադարձաւ եւ անոր ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, թո՛ղ որ երթամ, Եգիպտոսի մէջ եղող եղբայրներուս վերադառնամ, ու նայիմ թէ տակաւին ո՛ղջ են անոնք»։ Յոթոր Մովսէսի ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։

19

Տէրը Մադիամի մէջ Մովսէսի ըսաւ. «Գնա՛, վերադարձի՛ր Եգիպտոս. որովհետեւ քու 1կեանքդ փնտռող բոլոր մարդիկը մեռան»։

20

Մովսէս ալ իր կինը եւ որդիները առաւ, իշու վրայ հեծցուց զանոնք ու Եգիպտոսի երկիրը վերադարձաւ։ Մովսէս Աստուծոյ գաւազանը իր ձեռքը առաւ,

21

եւ Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Երբ երթաս՝ Եգիպտոս վերադառնալու, նայէ՛ որ Փարաւոնի առջեւ ընես բոլոր հրաշքները՝ որ քու ձեռքդ դրի. ես անոր սիրտը պիտի կարծրացնեմ, ու ժողովուրդը պիտի չարձակէ։

22

Ըսէ՛ Փարաւոնի. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Իսրայէլ իմ որդիս է, իմ անդրանիկս։

23

Քեզի կ’ըսեմ. «Արձակէ՛ իմ որդիս, որպէսզի զիս պաշտէ»։ Բայց եթէ մերժես զայն արձակել, ահա՛ ես քու որդիդ, մանաւանդ քու անդրանիկդ, պիտի մեռցնեմ"”»։

24

Ճամբան, իջեւանին տեղը, Տէրը անոր հանդիպեցաւ եւ 2ուզեց զայն մեռցնել։

25

Ուստի Սեպփորա սուր քար մը առաւ, իր որդիին թլիփը կտրեց, անոր ոտքերուն ձգեց ու ըսաւ. «Ի՛րապէս դուն ինծի արիւնոտ ամուսին մըն ես»։

26

Այսպէս Տէրը թողուց զայն. այն ատեն՝ թլփատութեան համար՝ Սեպփորա ըսաւ. «Արիւնոտ ամուսին մըն ես»։

27

Տէրը Ահարոնի ըսաւ. «Գնա՛ անապատը՝ Մովսէսը դիմաւորելու»։ Ան ալ գնաց, Աստուծոյ լերան վրայ հանդիպեցաւ անոր եւ համբուրեց զայն։

28

Մովսէս հաղորդեց Ահարոնի՝ զինք ղրկող Տէրոջ բոլոր խօսքերը, ու բոլոր նշանները՝ որ իրեն պատուիրեց։

29

Մովսէս եւ Ահարոն գացին ու հաւաքեցին Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երէցները։

30

Ահարոն Տէրոջ Մովսէսի ըսած բոլոր խօսքերը հաղորդեց անոնց, ու ժողովուրդին 3առջեւ նշանները ըրաւ.

31

ժողովուրդը հաւատաց։ Երբ լսեցին թէ Տէրը այցելեր է Իսրայէլի որդիներուն, եւ թէ անոնց տառապանքը տեսեր է, խոնարհեցան ու երկրպագեցին։



1 Եբր.՝ անձդ
2 Եբր.՝ փնտռեց
3 Եբր.՝ աչքերուն