Exodus 5
Genesis « Exodus 4 ‹ Exodus 5 › Exodus 6 » Leviticus
ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆ ՓԱՐԱՒՈՆԻ ԱՌՋԵՒ
1Յետոյ՝ Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնի քով մտան ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուածը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի անապատին մէջ ինծի տօն կատարէ”»։
2Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքը մտիկ ընելով՝ Իսրայէլը արձակեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար, եւ Իսրայէլն ալ չեմ արձակեր»։
3Անոնք ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ։ Կ’աղերսե՛նք, թո՛ղ որ երեք օրուան ճամբայ երթանք անապատին մէջ ու մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի զոհենք, որպէսզի ժանտախտով կամ սուրով մեզի դէմ չելլէ»։
4Եգիպտոսի թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Մովսէս եւ Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը կը հեռացնէք իրենց գործերէն. գացէ՛ք ձեր բռնի աշխատանքներուն»։
5Փարաւոն ըսաւ. «Ահա՛ հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է, ու դուք կը հանգստացնէք զանոնք իրենց բռնի աշխատանքներէն»։
6Փարաւոն այդ օրը ժողովուրդին գործավարներուն եւ անոր ոստիկաններուն պատուիրեց.
7«1Առաջուան պէս՝ ա՛լ ժողովուրդին յարդ մի՛ տաք աղիւս շինելու համար։ Իրե՛նք թող երթան ու իրենց յարդ ժողվեն։
8Եւ աղիւսներուն քանակը, ինչպէս առաջ կը շինէին, անոնց վրայ դրէ՛ք. անկէ մի՛ պակսեցնէք։ Արդարեւ ծոյլ են, հետեւաբար կ’աղաղակեն. “Երթանք, մեր Աստուծոյն զոհենք”։
92Գործը այս մարդոց վրայ թող ծանրանայ, որպէսզի անով աշխատին ու 3սուտ խօսքեր մտիկ չընեն՝՝»։
10Ժողովուրդին գործավարներն ու ոստիկանները ելան եւ ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Փարաւոն սա՛ կ’ըսէ. “Ես ձեզի յարդ չեմ տար։
11Դո՛ւք գացէք, ձեզի յա՛րդ առէք՝ ուր որ կարենաք գտնել”. բայց ձեր գործէն ոչինչ պիտի պակսի»։
12Այսպէս ժողովուրդը Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ ցրուեցաւ՝ յարդի տեղ խոզան ժողվելու համար։
13Գործավարները կը փութացնէին զանոնք՝ ըսելով. «Ձեր ամէն օրուան գործը լմնցուցէ՛ք, ինչպէս երբ յարդ ունէիք»։
14Փարաւոնի գործավարները ծեծեցին Իսրայէլի որդիներուն վրայ իրենց նշանակած ոստիկանները՝ ըսելով. «Ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն քանակը երէկ եւ այսօր ինչո՞ւ չլմնցուցիք՝ առաջուան պէս»։
15Իսրայէլի որդիներուն ոստիկանները եկան ու Փարաւոնի աղաղակեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ քու ծառաներուդ հետ այսպէս կը վարուիս։
16Քու ծառաներուդ յարդ չեն տար, եւ մեզի կ’ըսեն. “Աղիւսնե՛ր շինեցէք”։ Ահա՛ քու ծառաներդ ծեծուեցան, մինչ յանցանքը քու ժողովուրդիդն է»։
17Ան ալ ըսաւ. «Ծո՛յլ էք դուք, ծո՛յլ. հետեւաբար կ’ըսէք. “Երթանք Տէրոջ զոհենք”։
18Ուստի հիմա գացէ՛ք ու գործեցէ՛ք։ Ձեզի յարդ պիտի չտրուի, բայց աղիւսներուն քանակը պիտի յանձնէք»։
19Իսրայէլի որդիներուն ոստիկանները իրենք զիրենք չարիքի մէջ տեսան, երբ ըսուեցաւ թէ “ամէն օրուան ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն քանակէն չպակսեցնէք”»։
20Երբ Փարաւոնի քովէն դուրս ելան՝ Մովսէսի ու Ահարոնի հանդիպեցան, որոնք կայնած էին զիրենք դիմաւորելու,
21եւ ըսին անոնց. «Տէ՛րը ձեզի նայի ու դատէ. որովհետեւ գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնի 4առջեւ եւ անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով»։
ՄՈՎՍԷՍ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ ՏԷՐՈՋ
22Մովսէս Տէրոջ դարձաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը չարչարեցիր, ու զիս ինչո՞ւ ղրկեցիր։
23Որովհետեւ՝ քու անունովդ Փարաւոնի խօսելու համար գալէս ի վեր՝ ան այս ժողովուրդը չարչարեց, իսկ դուն բնաւ չփրկեցիր քու ժողովուրդդ»։