Exodus 6
Genesis « Exodus 5 ‹ Exodus 6 › Exodus 7 » Leviticus
1
Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Հիմա պիտի տեսնես ինչ որ պիտի ընեմ Փարաւոնի. որովհետեւ ուժեղ ձեռքով պիտի արձակէ զանոնք, եւ ուժեղ ձեռքով պիտի վռնտէ զանոնք իր երկրէն»։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ՄՈՎՍԷՍԸ
2Աստուած Մովսէսի խօսեցաւ ու անոր ըսաւ. «Ե՛ս եմ 1Եհովան։
3Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի երեւցայ “Ամենակարող Աստուծոյ” անունով. բայց անոնց չճանչցուեցայ իմ “Եհովա” անունովս։
4Նաեւ անոնց հետ հաստատեցի իմ ուխտս, որ անոնց տամ Քանանի երկիրը, անոնց գաղթականութեան երկիրը՝ ուր պանդխտացան։
5Լսեցի նաեւ հեծեծանքը Իսրայէլի որդիներուն, որ Եգիպտացիները ստրուկ ըրին, եւ յիշեցի իմ ուխտս։
6Ուստի ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. “Ե՛ս եմ Եհովան. ե՛ս պիտի հանեմ ձեզ Եգիպտացիներու բռնի աշխատանքներուն տակէն, պիտի ազատեմ ձեզ անոնց ստրկութենէն, ու պիտի փրկեմ ձեզ երկարած բազուկով եւ մեծ դատաստաններով։
7Ձեզ պիտի առնեմ իբր ի՛մ ժողովուրդս. ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ, ու պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտացիներու բռնի աշխատանքներուն տակէն հանող Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ե՛ս եմ։
8Ձեզ պիտի տանիմ այն երկիրը՝ որուն համար 2երդում ըրի՝՝, որ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի տամ, ու ձեզի պիտի տամ զայն՝ իբր ստացուածք։ Ե՛ս եմ Տէրը»։
9Մովսէս ա՛յսպէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. բայց անոնք Մովսէսի մտիկ չըրին՝ հոգիի վհատութեան ու տաժանելի ստրկութեան պատճառով։
10Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
11«Մտի՛ր Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին քով, եւ խօսէ՛ որ Իսրայէլի որդիները արձակէ իր երկրէն»։
12Իսկ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջ առջեւ՝ ըսելով. «Ահա՛ Իսրայէլի որդինե՛րը ինծի մտիկ չըրին, հապա ի՞նչպէս Փարաւոն ինծի մտիկ պիտի ընէ, ինծի՝ որ 3ծանրալեզու եմ»։
13Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի, ու պատուիրեց անոնց՝ որ Իսրայէլի որդիներուն ու Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին երթան, որպէսզի Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեն։
ՄՈՎՍԷՍԻ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆԻ ԱԶԳԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
14Ահա՛ւասիկ անոնց 4նահապետութիւններուն գլխաւորները։ Իսրայէլի անդրանիկին՝ Ռուբէնի որդիները.— Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն եւ Քարմի. ասոնք են Ռուբէնի գերդաստանները։
15Շմաւոնի որդիները՝ Յամուէլ, Յամին, Ոհադ, Յաքին, Սահառ, ու քանանացի կնոջ որդին՝ Սաւուղ. ասոնք են Շմաւոնի գերդաստանները։
16Ահա՛ւասիկ Ղեւիի որդիներուն անունները՝ իրենց ծնունդներուն համեմատ.— Գերսոն, Կահաթ եւ Մերարի։ Ղեւիի կեանքին տարիները՝ հարիւր երեսունեօթը տարի եղան։
17Գերսոնի որդիները՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ՝ Ղոբենի ու Սեմէի էին։
18Կահաթի որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն եւ Ոզիէլ. Կահաթի կեանքին տարիները հարիւր երեսուներեք տարի եղան։
19Մերարիի որդիները՝ Մոհողի ու Մուսի։ Ղեւիի գերդաստանները՝ իրենց ծնունդներուն համեմատ՝ ասոնք են։
20Ամրամ իր հօրաքոյրը՝ Յոքաբէդը իրեն կին առաւ, որ ծնաւ իրեն Ահարոնը եւ Մովսէսը. Ամրամի կեանքին տարիները հարիւր երեսունեօթը տարի եղան։
21Իսահառի որդիները՝ Կորխ, Նափեկ ու Զեքրի։
22Ոզիէլի որդիները՝ Միսայէլ, Եղիսափան եւ Սեթրի։
23Ահարոն իրեն կին առաւ Ամինադաբի աղջիկը, Նաասոնի քոյրը՝ Եղիսաբէթը. ան ծնաւ իրեն Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարը։
24Կորխի որդիները՝ Ասիր, Եղկանա եւ Աբիասափ. ասոնք են Կորխեաններուն գերդաստանները։
25Ահարոնի որդին՝ Եղիազար Փուտիէլի աղջիկներէն իրեն կին առաւ. ան ծնաւ իրեն Փենեհէսը։ Ասոնք են Ղեւտացիներուն 5նահապետները՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։
26Ասոնք են այն Ահարոնը եւ Մովսէսը՝ որոնց Տէրը ըսաւ. «Իսրայէլի որդիները հանեցէ՛ք Եգիպտոսի երկրէն՝ իրենց զօրաբաժիններուն համեմատ»։
27Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար՝ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին խօսողները ասո՛նք են, այս Մովսէսն ու Ահարոնը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՐԱՄԱՆԸ ՄՈՎՍԷՍԻ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆԻ
28Այն օրը երբ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ,—
29Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով. «Ե՛ս եմ Եհովան. ամէն ինչ որ քեզի կ’ըսեմ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին խօսէ՛»,—
30Մովսէս Տէրոջ առջեւ ըսաւ. «Ահա՛ ես 6ծանրալեզու եմ, ուստի ի՞նչպէս Փարաւոն ինծի մտիկ պիտի ընէ»։