Exodus 7
Genesis « Exodus 6 ‹ Exodus 7 › Exodus 8 » Leviticus
1
Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնի աստուած ըրի, ու եղբայրդ՝ Ահարոն քու մարգարէդ թող ըլլայ։
2Դուն խօսէ՛ ամէն ինչ որ քեզի կը պատուիրեմ, եւ քու եղբայրդ՝ Ահարոն թող ըսէ Փարաւոնի, որպէսզի Իսրայէլի որդիները արձակէ իր երկրէն։
3Ես Փարաւոնի սիրտը պիտի խստացնեմ, ու իմ նշաններս եւ հրաշքներս Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի բազմապատկեմ։
4Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ. ես ալ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ պիտի դնեմ, եւ իմ զօրաբաժիններս, իմ ժողովուրդս, Իսրայէլի որդիները, մեծ դատաստաններով պիտի հանեմ Եգիպտոսի երկրէն։
5Ու երբ իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ երկարեմ եւ Իսրայէլի որդիները անոնց մէջէն հանեմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։
6Մովսէս ու Ահարոն ըրին ինչպէս Տէրը իրենց պատուիրեր էր. այնպէս ըրին։
7Մովսէս ութսուն տարեկան էր, իսկ Ահարոն՝ ութսուներեք տարեկան, երբ Փարաւոնի հետ խօսեցան։
ԱՀԱՐՈՆԻ ՔԱԼՈՂ ԳԱՒԱԶԱՆԸ
8Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ ըսելով. «Երբ Փարաւոն ձեզի խօսի ու ըսէ.
9“Ձեզի համար հրա՛շք 1ցոյց տուէք՝՝ ”, ըսէ՛ Ահարոնի. “Ա՛ռ գաւազանդ եւ նետէ՛ Փարաւոնի առջեւ”. ան վիշապ պիտի ըլլայ»։
10Մովսէս ու Ահարոն մտան Փարաւոնի քով եւ ըրին ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր։ Ահարոն իր գաւազանը նետեց Փարաւոնի առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ, եւ վիշապ եղաւ։
11Յետոյ Փարաւոն ալ իմաստուններն ու կախարդները կանչեց, եւ անո՛նք ալ — Եգիպտոսի մոգերը — նոյնպէս ըրին՝ իրենց կախարդութիւններով։
12Իւրաքանչիւրը իր գաւազանը նետեց, ու անոնք վիշապներ եղան. բայց Ահարոնի գաւազանը կլլեց անոնց գաւազանները։
13Սակայն Փարաւոնի սիրտը կարծրացաւ եւ անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։
ՏԱՍԸ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ Արիւն
14Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Փարաւոնի սիրտը խստացաւ. կը մերժէ ժողովուրդը արձակել։
15Առտուն գնա՛ Փարաւոնի. ահա՛ ան դուրս կ’ելլէ՝ դէպի ջուրը։ Գետին եզե՛րքը կայնէ՝ անոր դիմացը, ձե՛ռքդ առ այն գաւազանը՝ որ օձի վերածուած էր,
16եւ ըսէ՛ անոր. “Եբրայեցիներուն Աստուածը՝ Եհովան զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. "Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի զիս պաշտէ անապատին մէջ". բայց ահա՛ մինչեւ հիմա մտիկ չըրիր։
17Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Հետեւեա՛լ միջոցով պիտի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը.— ահա՛ ես իմ ձեռքս եղող գաւազանով պիտի զարնեմ գետին մէջ եղող ջուրերուն, եւ արիւնի պիտի վերածուին.
18գետին մէջ եղող ձուկերը պիտի մեռնին, գետը գարշահոտ պիտի ըլլայ, ու Եգիպտացիները պիտի ձանձրանան՝ գետին ջուրէն խմել ջանալով"”»։
19Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ըսէ՛ Ահարոնի. “Ա՛ռ գաւազանդ ու երկարէ՛ ձեռքդ Եգիպտացիներու ջուրերուն վրայ — անոնց գետակներուն վրայ, գետերուն վրայ, լիճերուն վրայ, եւ անոնց բոլոր ջրակոյտերուն վրայ —, որպէսզի արիւն ըլլան. Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ՝ փայտէ ու քարէ անօթներուն մէջի ջուրերը արիւն ըլլան”»։
20Եւ Մովսէս ու Ահարոն ըրին ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր։ Գաւազանը վերցուց, Փարաւոնի 2առջեւ եւ անոր ծառաներուն առջեւ գետին մէջ եղող ջուրերուն զարկաւ, ու գետին մէջ եղող բոլոր ջուրերը արիւնի վերածուեցան։
21Գետին մէջ եղող ձուկերը մեռան, գետը գարշահոտ եղաւ, եւ Եգիպտացիները գետին ջուրէն չէին կրնար խմել։ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ արիւն կար։
22Բայց Եգիպտոսի մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով նոյնպէս ըրին. ու Փարաւոնի սիրտը կարծրացաւ եւ անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։
23Փարաւոն դարձաւ ու իր տունը մտաւ. 3ա՛յս ալ անոր սիրտին չդպաւ՝՝։
24Բոլոր Եգիպտացիները գետին շուրջը փորեցին՝ խմելու ջուր գտնելու համար, որովհետեւ գետին ջուրէն չէին կրնար խմել։
25Ու եօթը օր անցաւ՝ Տէրը գետը զարնելէն ետք։