Loading...

Exodus 8

Genesis  «  Exodus 7  ‹  Exodus 8  ›  Exodus 9  »  Leviticus


Գորտեր

1

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Մտի՛ր Փարաւոնի քով եւ ըսէ՛ անոր. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի զիս պաշտէ։

2

Եթէ մերժես զանոնք արձակել, ահա՛ ես քու ամբողջ հողամասդ գորտերով պիտի զարնեմ։

3

Գետը 1առատութեամբ գորտեր պիտի արտադրէ՝՝. անոնք ալ վեր պիտի ելլեն ու պիտի մտնեն քու տանդ, ննջասենեակիդ եւ մահիճիդ մէջ, քու ծառաներուդ տուները, քու ժողովուրդիդ, քու փուռերուդ ու խմորի տաշտերուդ մէջ։

4

Գորտերը պիտի ելլեն քու վրադ, ժողովուրդիդ վրայ եւ բոլոր ծառաներուդ վրայ"”»։

5

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Սա՛ ըսէ Ահարոնի. “Քու գաւազանովդ երկարէ՛ ձե՛ռքդ գետակներուն վրայ, գետերուն վրայ ու լիճերուն վրայ, եւ գորտե՛ր հանէ Եգիպտոսի երկրին վրայ”»։

6

Ահարոն իր ձեռքը երկարեց Եգիպտոսի ջուրերուն վրայ, ու գորտեր բարձրացան եւ Եգիպտոսի երկիրը ծածկեցին։

7

Բայց մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով նոյնպէս ըրին, ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր բարձրացուցին։

8

Փարաւոն Մովսէսն ու Ահարոնը կանչեց, եւ ըսաւ. «Թախանձեցէ՛ք Տէրոջ, որ ինձմէ ու իմ ժողովուրդէս հեռացնէ գորտերը, եւ ժողովուրդը պիտի արձակեմ՝ որպէսզի Տէրոջ զոհէ»։

9

Մովսէս Փարաւոնի ըսաւ. «2Որոշէ՛ ինծի ժամանակ մը՝՝, թէ ե՛րբ թախանձեմ քեզի համար, ծառաներուդ համար ու ժողովուրդիդ համար, որ գորտերը բնաջնջուին քեզմէ եւ քու տուներէդ, ու միայն գետին մէջ մնան»։

10

Ան ըսաւ. «Վա՛ղը»։ Ինք ալ ըսաւ. «Քու խօսքիդ համաձայն ըլլայ, որպէսզի գիտնաս թէ ո՛չ մէկը մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի նման է։

11

Քեզմէ, քու տուներէդ, քու ծառաներէդ եւ քու ժողովուրդէդ գորտերը պիտի հեռանան. միայն գետին մէջ պիտի մնան»։

12

Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնի քովէն ելան. Մովսէս Տէրոջ աղաղակեց այն գորտերուն պատճառով՝ որ Փարաւոնի վրայ 3բերած էր,

13

ու Տէրը Մովսէսի խօսքին համաձայն ըրաւ։ Գորտերը մեռան տուներուն, բակերուն եւ դաշտերուն մէջ.

14

զանոնք զանգուածներո՛վ հաւաքեցին, ու երկիրը գարշահոտ եղաւ։

15

Բայց երբ Փարաւոն տեսաւ թէ հանգստաւէտութիւն կայ, իր սիրտը 4խստացուց եւ անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։


Մուներ

16

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ըսէ՛ Ահարոնի. “Երկարէ՛ գաւազանդ ու զա՛րկ գետինի հողին, որպէսզի Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ 5մուն ըլլայ”»։

17

Այնպէս ալ ըրին։ Ահարոն իր ձեռքը երկարեց եւ իր գաւազանով զարկաւ հողին, ու մարդոց վրայ եւ անասուններուն վրայ մուն եղաւ։ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին վրայ՝ երկրին ամբողջ հողը մուն եղաւ։

18

Մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով նոյնպէս ըրին՝ որպէսզի մուներ արտադրեն, բայց չկրցան։ Այսպէս՝ մարդոց եւ անասուններուն վրայ մուն եղաւ։

19

Մոգերը ըսին Փարաւոնի. «Ասիկա Աստուծոյ մատն է»։ Բայց Փարաւոնի սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։


Շանաճանճեր

20

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Առտուն՝ կանո՛ւխ ելիր, Փարաւոնի՛ ներկայացիր,— ահա՛ ան դուրս կ’ելլէ՝ դէպի ջուրը,— եւ անոր ըսէ՛. “Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. "Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի զիս պաշտէ։

21

Իսկ եթէ իմ ժողովուրդս չարձակես, ես շանաճանճ պիտի ղրկեմ քու վրադ, քու ծառաներուդ վրայ, քու ժողովուրդիդ վրայ ու քու տուներուդ վրայ. Եգիպտացիներուն տուները շանաճանճով պիտի լեցուին, նաեւ այն գետինը՝ որուն վրայ անոնք կը կենան։

22

Բայց այն օրը իմ ժողովուրդիս բնակած Գեսէմի երկիրը պիտի զատորոշեմ, եւ հոն շանաճանճ պիտի չըլլայ. որպէսզի գիտնաս թէ երկրին մէջ ե՛ս եմ Տէրը։

23

Իմ ժողովուրդիս ու քու ժողովուրդիդ միջեւ խտրութիւն պիտի դնեմ. վաղը այս նշանը պիտի ըլլայ"”»։

24

Եւ Տէրը այնպէս ըրաւ։ Փարաւոնի տան, անոր ծառաներուն տուներուն ու Եգիպտոսի ամբողջ երկրին վրայ շատ շանաճանճ եկաւ, եւ շանաճանճին պատճառով երկիրը ապականեցաւ։

25

Փարաւոն Մովսէսն ու Ահարոնը կանչեց, եւ ըսաւ. «Գացե՛ք, ձեր Աստուծոյն զոհեցէ՛ք այս երկրին մէջ»։

26

Մովսէս ըսաւ. «Պատշաճ չէ այսպէս ընել. որովհետեւ Եգիպտացիներուն գարշելի եղածները պիտի զոհենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն։ Եթէ Եգիպտացիներուն գարշելի եղածները իրենց աչքերուն առջեւ զոհենք, միթէ պիտի չքարկոծե՞ն մեզ։

27

Մենք երեք օրուան ճամբայ պիտի երթանք անապատին մէջ, ու պիտի զոհենք Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն, ինչպէս ինք մեզի հրամայէ»։

28

Փարաւոն ըսաւ. «Ես ձեզ կ’արձակեմ՝ որպէսզի երթաք, ձեր Աստուծոյն՝ Եհովայի զոհէք անապատին մէջ. միայն թէ շատ հեռու չերթաք։ Թախանձեցէ՛ք ինծի համար»։

29

Մովսէս ըսաւ. «Ահա՛ ես քու քովէդ կ’ելլեմ ու Տէրոջ կը թախանձեմ, որ վաղը շանաճանճը հեռացնէ Փարաւոնէ, անոր ծառաներէն եւ անոր ժողովուրդէն։ Բայց Փարաւոն անգա՛մ մըն ալ մեզ չխաբէ՝ ժողովուրդը չարձակելով որ Տէրոջ զոհէ»։

30

Երբ Մովսէս Փարաւոնի քովէն ելաւ՝ Տէրոջ թախանձեց։

31

Եւ Տէրը Մովսէսի խօսքին համաձայն ըրաւ, ու շանաճանճը հեռացուց Փարաւոնէ, անոր ծառաներէն եւ անոր ժողովուրդէն. մէ՛կ հատ իսկ չմնաց։

32

Բայց Փարաւոն այս անգամ ալ իր սիրտը խստացուց ու ժողովուրդը չարձակեց։



1 Եբր.՝ գորտեր պիտի վխտացնէ
2 Եբր.՝ փառաւորուէ՛ ինձմով
3 Եբր.՝ դրած
4 Եբր.՝ ծանրացուց
5 Կամ՝ ոջիլ