Loading...

Exodus 9

Genesis  «  Exodus 8  ‹  Exodus 9  ›  Exodus 10  »  Leviticus


Անասուններու մահ

1

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Մտի՛ր Փարաւոնի քով եւ ըսէ՛ անոր. “Տէրը՝ Եբրայեցիներուն Աստուածը՝ սա՛ կը յայտարարէ. "Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի զիս պաշտէ։

2

Արդարեւ եթէ մերժես զանոնք արձակել ու տակաւին ամուր բռնես զանոնք,

3

ահա՛ Տէրոջ ձեռքը դաշտին մէջ եղող քու խաշինքիդ վրայ ըլլալով՝ ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն մէջ յոյժ սաստիկ ժանտախտ պիտի ըլլայ։

4

Տէրը Իսրայէլի խաշինքն ու Եգիպտոսի խաշինքը պիտի զատորոշէ, եւ Իսրայէլի որդիներուն անասուններէն ո՛չ մէկը պիտի մեռնի"”»։

5

Տէրը ժամանակ որոշեց՝ ըսելով. «Տէրը վաղը պիտի ընէ այս բանը երկրին մէջ»։

6

Ու հետեւեալ օրը Տէրը ըրաւ այս բանը. Եգիպտացիներուն ամբողջ խաշինքը մեռաւ, բայց Իսրայէլի որդիներուն խաշինքէն ո՛չ մէկ անասուն մեռաւ։

7

Փարաւոն մարդ ղրկեց, եւ ահա՛ Իսրայէլի խաշինքէն ո՛չ մէկ անասուն մեռած էր։ Սակայն Փարաւոնի սիրտը խստացաւ ու ժողովուրդը չարձակեց։


Ուռեցքներ

8

Տէրը Մովսէսի եւ Ահարոնի ըսաւ. «Առէ՛ք ձեզի երկու բուռ հնոցի մոխիր, ու Մովսէս դէպի երկինք թող ցանէ զայն՝ Փարաւոնի 1առջեւ։

9

Ան փոշի պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին վրայ, ու մարդոց եւ անասուններուն վրայ խաղաւարտներ 2հանող պալարներ պիտի ըլլան Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ»։

10

Ուստի հնոցի մոխիրը առին, Փարաւոնի առջեւ կայնեցան, ու Մովսէս դէպի երկինք ցանեց զայն. մարդոց եւ անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող պալարներ եղան։

11

Մոգերը պալարներուն պատճառով չկրցան կայնիլ Մովսէսի առջեւ. որովհետեւ պալարները մոգերուն վրայ ալ ու բոլոր Եգիպտացիներուն վրայ եղան։

12

Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը, եւ անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի ըսեր էր։


Կարկուտ

13

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Առտուն՝ կանո՛ւխ ելիր, Փարաւոնի՛ ներկայացիր եւ անոր ըսէ՛. “Տէրը՝ Եբրայեցիներուն Աստուածը՝ սա՛ կը յայտարարէ. "Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի զիս պաշտէ.

14

քանի որ այս անգամ իմ բոլոր պատուհասներս պիտի ղրկեմ քու 3վրադ, եւ ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ վրայ, որպէսզի գիտնաս թէ ինծի նման ո՛չ մէկը կայ ամբողջ երկրի վրայ։

15

Արդարեւ հիմա ձեռքս պիտի երկարեմ՝ որպէսզի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ, ու երկրի վրայէն պիտի անհետանաս։

16

Քեզ 4նշանակեցի, որպէսզի իմ կարողութիւնս քեզմով ցոյց տամ, եւ ամբողջ երկրի վրայ իմ անունս հռչակուի։

17

Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէ՞մ կը կենաս, որ չարձակես զայն։

18

Ահա՛ վաղը՝ այս ատեն՝ յոյժ սաստիկ կարկուտ պիտի տեղացնեմ, որուն պէս Եգիպտոսի մէջ եղած չէ՝ անոր հիմնուած օրէն մինչեւ հիմա։

19

Հիմա մար՛դ ղրկէ եւ 5հաւաքէ՛ քու խաշինքդ, նաեւ ինչ որ ունիս դաշտին մէջ. որովհետեւ բոլոր անոնք՝ մարդ թէ անասուն՝ որ դաշտին մէջ գտնուին ու տուները հաւաքուած չըլլան, անոնց վրայ կարկուտը պիտի իջնէ, եւ պիտի մեռնին"”»։

20

Փարաւոնի ծառաներէն ա՛ն՝ որ Տէրոջ խօսքէն կը վախնար, իր ծառաներն ու խաշինքը տուներու մէջ 6հաւաքեց։

21

Սակայն ո՛վ որ Տէրոջ 7խօսքին ուշադրութիւն չդարձուց՝՝, իր ծառաներն ու խաշինքը դաշտին մէջ թողուց։

22

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Երկարէ՛ ձեռքդ դէպի երկինք, որ կարկուտ ըլլայ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ՝ մարդոց եւ անասուններուն վրայ, ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող դաշտերուն ամբողջ բոյսին վրայ»։

23

Երբ Մովսէս իր գաւազանը երկարեց դէպի երկինք, Տէրը 8որոտում եւ կարկուտ 9ղրկեց, ու կրակը երկրի վրայ կը շրջէր։ Տէրը Եգիպտոսի երկրին վրայ կարկուտ տեղացուց.

24

յոյժ սաստիկ էր կարկուտը, եւ կարկուտին խառնուած կրակը, այնպէս որ անոր նմանը եղած չէր Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ՝ ազգ ըլլալէն ի վեր։

25

Կարկուտը Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ զարկաւ դաշտը եղող ամէն ինչ, մարդէ մինչեւ անասուն. կարկուտը դաշտին ամբողջ բոյսը զարկաւ, ու դաշտին բոլոր ծառերը կոտրեց։

26

Միայն Գեսէմի երկրին մէջ, ուր Իսրայէլի որդիները կը բնակէին, կարկուտ չեղաւ։

27

Փարաւոն մարդ ղրկեց, Մովսէսն ու Ահարոնը կանչեց, եւ անոնց ըսաւ. «Այս անգամ մեղանչեցի. Եհովան արդար է, ու ես եւ իմ ժողովուրդս 10յանցաւոր ենք։

28

Թախանձեցէ՛ք Տէրոջ՝ որ Աստուծոյ որոտումներն ու կարկուտը 11դադրին, եւ ձեզ պիտի արձակեմ ու ա՛լ պիտի չկենաք»։

29

Մովսէս անոր ըսաւ. «Երբ քաղաքէն դուրս ելլեմ՝ իմ ձեռքերս Տէրոջ պիտի 12երկարեմ, ու որոտումները պիտի դադրին եւ ա՛լ կարկուտ պիտի չըլլայ, որպէսզի գիտնաս թէ երկիրը Տէրոջն է։

30

Բայց ես գիտեմ թէ դուն ու քու ծառաներդ տակաւին Տէր Աստուծմէ չէք վախնար»։

31

Վուշը եւ գարին զարնուեցան, որովհետեւ գարին հասած էր, ու վուշը՝ ծաղկած.

32

բայց ցորենը եւ հաճարը չզարնուեցան, քանի որ ուշ կը բուսնին։

33

Մովսէս Փարաւոնի քովէն ու քաղաքէն դուրս ելաւ, եւ իր ձեռքերը Տէրոջ երկարեց։ Որոտումներն ու կարկուտը դադրեցան, եւ երկրի վրայ անձրեւ չտեղաց։

34

Երբ Փարաւոն անձրեւին, կարկուտին ու որոտումին դադրիլը տեսաւ, դարձեալ մեղանչեց. սիրտը խստացուց, նոյնպէս ալ իր ծառաները։

35

Այսպէս՝ Փարաւոնի սիրտը կարծրացաւ ու Իսրայէլի որդիները չարձակեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի 13միջոցով ըսեր էր։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ ծաղկեցնող
3 Եբր.՝ սրտիդ վրայ
4 Եբր.՝ կայնեցուցի
5 Եբր.՝ փախցո՛ւր
6 Եբր.՝ փախցուց
7 Եբր.՝ խօսքը սիրտին մէջ չդրաւ
8 Եբր.՝ ձայն
9 Եբր.՝ տուաւ
10 Եբր.՝ ամբարիշտ
11 Եբր.՝ բաւական ըլլան
12 Եբր.՝ տարածեմ
13 Եբր.՝ ձեռքով