Exodus 10
Genesis « Exodus 9 ‹ Exodus 10 › Exodus 11 » Leviticus
Մարախներ
1Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Մտիր՛ Փարաւոնի քով, որովհետեւ ես անոր սիրտը եւ անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէսզի այս նշաններս 1ցոյց տամ՝՝ անոնց մէջ.
2եւ որպէսզի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ, եւ իմ նշաններս՝ որ անոնց մէջ ըրի, որպէսզի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Տէրը»։
3Մովսէս ու Ահարոն մտան Փարաւոնի քով եւ ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Մինչեւ ե՞րբ պիտի մերժես խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի զիս պաշտէ։
4Արդարեւ եթէ մերժես իմ ժողովուրդս արձակել, ահա՛ վաղը քու հողամասիդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ։
5Անոնք երկրին 2մակերեսը պիտի ծածկեն, այնպէս որ ո՛չ մէկը պիտի կարենայ տեսնել երկիրը. պիտի ուտեն ազատած մնացորդը, որ կարկուտէն ձեզի մնացած է. պիտի ուտեն նաեւ դաշտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը։
6Պիտի լեցուին քու տուներդ, քու բոլոր ծառաներուդ տուները եւ բոլոր Եգիպտացիներուն տուները, ինչ որ ո՛չ քու հայրերդ, ո՛չ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրագունդի վրայ եղած օրէն մինչեւ այսօր”»։ Ու Մովսէս դարձաւ եւ Փարաւոնի քովէն դուրս ելաւ։
7Փարաւոնի ծառաները ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ՛ մարդիկը, որ իրենց Աստուածը՝ Եհովան պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր թէ Եգիպտոս կործանեցաւ»։
8Ուստի Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնի վերադարձուցին, եւ ան իրենց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք ձեր Աստուածը՝ Եհովան. բայց 3որո՞նք պիտի երթան»։
9Մովսէս ըսաւ. «Մեր երիտասարդներով ու մեր ծերերով պիտի երթանք, մեր որդիներով ու մեր աղջիկներով. մեր ոչխարներով ու մեր արջառներով պիտի երթանք, որովհետեւ տօն պիտի կատարենք Տէրոջ»։
10Փարաւոն ըսաւ. «Տէրը այնպէս ձեզի հետ ըլլայ, ինչպէս ես ձեզ եւ ձեր մանուկները կ’արձակեմ։ 4Զգուշացէ՛ք, քանի որ չարիք կայ ձեր առջեւ։
11Ո՛չ այդպէս. այժմ դո՛ւք՝ 5այր մարդի՛կդ՝՝ գացէք ու Տէրը պաշտեցէք, որովհետեւ դուք ատիկա կ’ուզէիք»։ Եւ Փարաւոնի 6առջեւէն վռնտուեցան։
12Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Երկարէ՛ ձեռքդ Եգիպտոսի երկրին վրայ՝ մարախներուն համար, որպէսզի Եգիպտոսի երկրին վրայ ելլեն եւ ուտեն երկրին ամբողջ բոյսը, կարկուտէն ամբողջ մնացածը»։
13Մովսէս իր գաւազանը երկարեց Եգիպտոսի երկրին վրայ, ու Տէրը այդ ամբողջ օրը եւ ամբողջ գիշերը երկրի վրայ արեւելեան հով փչել տուաւ։ Երբ առտու եղաւ, արեւելեան հովը մարախները բերաւ։
14Մարախները Եգիպտոսի ամբողջ երկրին վրայ բարձրացան, ու Եգիպտոսի ամբողջ հողամասին վրայ 7իջան։ Յոյժ շատ էին. անոնցմէ առաջ այդպիսի մարախ եղած չէր, ո՛չ ալ անոնցմէ ետք այդպէս պիտի ըլլայ։
15Ամբողջ երկրին մակերեսը ծածկեցին, ու երկիրը խաւարեցաւ։ Երկրին ամբողջ բոյսը եւ կարկուտէն մնացած ծառերուն բոլոր պտուղները կերան։ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ եղող ծառերուն վրայ եւ դաշտին բոյսերուն վրայ ո՛չ մէկ կանաչութիւն մնաց։
16Ուստի Փարաւոն շտապելով Մովսէսն ու Ահարոնը կանչեց եւ ըսաւ. «Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի։
17Հիմա կ’աղերսե՛մ, միայն ա՛յս անգամ ներեցէք յանցանքս, եւ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն թախանձեցէ՛ք, որ միայն այս մահը հեռացնէ ինձմէ»։
18Ան Փարաւոնի քովէն դուրս ելաւ ու Տէրոջ թախանձեց։
19Տէրն ալ շատ ուժգին արեւմտեան հով մը 8ղրկեց, որ մարախները վերցուց եւ Կարմիր ծովը քշեց զանոնք. Եգիպտոսի ամբողջ հողամասին վրայ ո՛չ մէկ մարախ մնաց։
20Բայց Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը, ու ան Իսրայէլի որդիները չարձակեց։
Շօշափելի խաւար
21Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Երկարէ՛ ձեռքդ դէպի երկինք, որպէսզի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, խաւար մը՝ որ կը շօշափուի»։
22Մովսէս իր ձեռքը երկարեց դէպի երկինք, ու Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր։
23Զիրար չէին տեսներ, եւ ո՛չ մէկը իր տեղէն կանգնեցաւ երեք օր. բայց Իսրայէլի բոլոր որդիները լոյս ունէին իրենց բնակութիւններուն մէջ։
24Փարաւոն Մովսէսը կանչեց եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր ոչխարներն ու արջառները մնան. ձեր մանուկներն ալ ձեզի հետ թող երթան»։
25Մովսէս ըսաւ. «Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր եւ ողջակէզներ ալ տաս, որպէսզի Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն մատուցանենք։
26Մեր խաշինքն ալ մեզի հետ պիտի երթայ՝ անկէ կճղակ մը չմնալով, որովհետեւ անկէ՛ պէտք է առնենք, Տէրը՝ մեր Աստուածը պաշտելու համար. չենք գիտեր թէ ինչո՛վ պիտի պաշտենք Տէրը, մինչեւ որ հոն չերթանք»։
27Սակայն Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը, եւ ան չուզեց զանոնք արձակել։
28Փարաւոն անոր ըսաւ. «Գնա՛ քովէս. զգուշացի՛ր դուն քեզի, ա՛լ իմ երեսս մի՛ տեսներ. որովհետեւ այն օրը՝ երբ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս»։
29Մովսէս ըսաւ. «Ինչպէս ըսիր, անգա՛մ մըն ալ քու երեսդ վերստին պիտի չտեսնեմ»։