Loading...

Exodus 11

Genesis  «  Exodus 10  ‹  Exodus 11  ›  Exodus 12  »  Leviticus


Անդրանիկներու մահ

1

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Փարաւոնի վրայ ու Եգիպտոսի վրայ հարուած մըն ալ պիտի բերեմ. անկէ ետք ձեզ ասկէ պիտի արձակէ, ու երբ ձեզ արձակէ, ձեզ ասկէ ամբո՛ղջովին պիտի վռնտէ։

2

Այժմ խօսէ՛ ժողովուրդին ականջներուն, որպէսզի ամէն մարդ իր բարեկամէն եւ ամէն կին իր բարեկամուհիէն արծաթէ իրեր ու ոսկիէ իրեր խնդրէ»։

3

Տէրը շնորհք գտնել տուաւ ժողովուրդին՝ Եգիպտացիներուն 1առջեւ։ Մովսէս ալ յոյժ մեծ մարդ մըն էր Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ Փարաւոնի ծառաներուն առջեւ եւ ժողովուրդին առջեւ։

4

Մովսէս ըսաւ. «Տէրը սա՛ կը յայտարարէ. “Ես կէս գիշերին դուրս պիտի ելլեմ՝ Եգիպտոսի մէջտեղը,

5

ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ պիտի մեռնի, իր գահին վրայ բազմող Փարաւոնի անդրանիկէն մինչեւ ջաղացքին ետեւը եղող ստրկուհիին անդրանիկը, եւ անասուններուն բոլոր առջինեկները։

6

Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ո՛չ եղեր է, ո՛չ ալ բնաւ պիտի ըլլայ։

7

Բայց Իսրայէլի որդիներուն մօտ, ո՛չ մէկ շուն պիտի շարժէ իր լեզուն՝ մարդու կամ անասունի դէմ. որպէսզի գիտնաք թէ Տէրը կը զատորոշէ Եգիպտացիներն ու Իսրայէլը։

8

Այս բոլոր ծառաներդ իմ քովս պիտի իջնեն եւ ինծի երկրպագեն՝ ըսելով. “Դուն ու 2քեզի հետեւող՝՝ ամբողջ ժողովուրդը դո՛ւրս ելէք”։ Անկէ ետք՝ դուրս պիտի ելլեմ»։ Եւ Մովսէս բորբոքած բարկութեամբ Փարաւոնի քովէն դուրս ելաւ։

9

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ, որպէսզի իմ հրաշքներս բազմապատկեմ Եգիպտոսի երկրին մէջ»։

10

Մովսէս եւ Ահարոն այս բոլոր հրաշքները գործեցին Փարաւոնի առջեւ. բայց Տէրը կարծրացուց Փարաւոնի սիրտը, ու չարձակեց Իսրայէլի որդիները իր երկրէն։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ քու ոտքիդ