Loading...

Exodus 12

Genesis  «  Exodus 11  ‹  Exodus 12  ›  Exodus 13  »  Leviticus


ԶԱՏԻԿԸ

1

Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ ըսելով.

2

«Այս ամիսը ձեզի համար ամիսներուն սկիզբը ըլլայ։ Ձեզի համար՝ տարուան ամիսներուն առաջինը ըլլայ։

3

Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի ամբողջ համայնքին՝ ըսելով. “Այս ամսուան տասներորդ օրը՝ իւրաքանչիւրը իրեն գառ մը թող առնէ 1նահապետութեան համեմատ, այսինքն մէկ տան՝ մէկ գառ։

4

Եթէ մէկ ընտանիքը փոքրաթիւ է մէկ գառի համար, ինք եւ իր տան ամենամօտ դրացին թող առնեն զայն՝ անձերուն համրանքին համեմատ. գառին համար՝ հաշուեցէ՛ք իւրաքանչիւրին կերածին համեմատ։

5

Ձեր գառը անարատ, արու, մէկ տարեկան թող ըլլայ։ Ոչխարներէ՛ն կամ այծերէ՛ն առէք զայն։

6

Պահեցէ՛ք զայն մինչեւ այս ամսուան տասնչորրորդ օրը. ապա Իսրայէլի համախմբուած ամբողջ համայնքը թող մորթէ զայն 2իրիկուան դէմ՝՝։

7

Անոր արիւնէն թող առնեն ու քսեն երկու դրանդիներուն եւ վերի սեմին վրայ այն տուներուն՝ ուր զայն պիտի ուտեն։

8

Միսը այդ գիշերը թող ուտեն. զայն կրակի վրայ խորոված՝ բաղարջով ու լեղի խոտերով ուտեն։

9

Անկէ՝ հում կամ ջուրի մէջ եփած մի՛ ուտէք, հապա՝ կրակի վրայ խորոված, անոր գլուխն ու թաթերը, փորոտիքով միասին։

10

Անկէ ոչի՛նչ թողուցէք մինչեւ առտու. անկէ ինչ որ առտուն մնայ, կրակո՛վ այրեցէք։

11

Սա՛պէս կերէք զայն.— ձեր մէջքը գօտեւորուած, կօշիկները՝ ձեր ոտքերը, եւ գաւազանը՝ ձեր ձեռքը ըլլալով. զայն աճապարանքո՛վ կերէք։

12

Ասիկա Տէրոջ 3Զատիկն է։ Այդ գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ, ու Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի զարնեմ ամէն անդրանիկ, մարդէ մինչեւ անասուն։ Եգիպտոսի բոլոր 4աստուածներուն դէմ 5դատավճիռ պիտի արձակեմ՝՝. ե՛ս եմ Տէրը։

13

Արիւնը ձեր գտնուած տուներուն վրայ նշանի համար պիտի ըլլայ. արիւնը տեսնելով՝ ձեր վրայէն պիտի անցնիմ, եւ հարուածը ձեր վրայ պիտի չգայ՝ ձեզ կոտորելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ։

14

Այդ օրը ձեզի իբր յիշատակ թող ըլլայ, ու տօնեցէ՛ք զայն Տէրոջ համար. յաւիտենակա՛ն կանոնով մը տօնեցէք զայն ձեր սերունդներուն մէջ”»։


ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐՔԻ ՏՕՆԸ

15

«“Եօ՛թը օր բաղարջ կերէք. առաջին օրն իսկ ձեր տուներէն դո՛ւրս 6հանեցէք թթխմորը, որովհետեւ առաջին օրէն մինչեւ եօթներորդ օրը՝ ո՛վ որ խմորեալ հաց ուտէ, այդ անձը Իսրայէլէն պիտի բնաջնջուի։

16

Առաջին օրը սո՛ւրբ ժողով մը գումարեցէք, եօթներորդ օրն ալ ձեզի սո՛ւրբ ժողով մը գումարեցէք։ Այն օրերը ո՛չ մէկ գործ ըրէք, բացի ամէն 7մէկուն ուտելիքէն. զա՛յն միայն պատրաստեցէք։

17

Կատարեցէ՛ք 8Բաղարջակերքի տօնը, քանի որ այդ նոյն օրը ձեր զօրաբաժինները Եգիպտոսի երկրէն հանեցի. ուստի յաւիտենական կանոնով մը տօնեցէ՛ք այդ օրը ձեր սերունդներուն մէջ։

18

Առաջին ամսուան տասնչորրորդ օրուան իրիկունէն մինչեւ ամսուան քսանմէկերորդ օրուան իրիկունը՝ բաղա՛րջ կերէք։

19

Եօթը օր ձեր տուներուն մէջ թթխմոր թող չգտնուի. որովհետեւ ո՛վ որ խմորեալ հաց ուտէ, այդ անձը Իսրայէլի համայնքէն պիտի բնաջնջուի, գաղթական ըլլայ թէ բնիկ։

20

Խմորեալ ոչի՛նչ կերէք. բաղա՛րջ կերէք ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ”»։


ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՏԻԿԸ

21

Մովսէս Իսրայէլի բոլոր երէցները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «9Գացէ՛ք, առէ՛ք ձեզի մէկական ոչխար՝ ձեր գերդաստաններուն համեմատ, ու մորթեցէ՛ք զատիկը։

22

Առէ՛ք զոպայի փունջ մը, թաթխեցէ՛ք զայն կոնքին մէջ եղող արիւնին մէջ, եւ կոնքին մէջ եղող արիւնէն քսեցէ՛ք դրան վերի սեմին ու երկու դրանդիներուն վրայ։ Մինչեւ առտու՝ ձեզմէ ո՛չ մէկը իր տան դռնէն դուրս ելլէ,

23

քանի որ Տէրը պիտի անցնի՝ Եգիպտացիները զարնելու համար։ Երբ դրան վերի սեմին ու երկու դրանդիներուն վրայ արիւնը տեսնէ, Տէրը այդ դրան վրայէն պիտի անցնի եւ պիտի չթոյլատրէ որ բնաջնջողը ձեր տուները մտնէ՝ ձեզ զարնելու համար։

24

Այս բանը պահեցէ՛ք իբր յաւիտենական կանոն՝ քեզի ու քու որդիներուդ։

25

Երբ երթաք այն երկիրը, որ Տէրը ձեզի պիտի տայ՝ իր խոստումին համաձայն, կատարեցէ՛ք այս պաշտօնը։

26

Երբ ձեր որդիները ձեզի ըսեն. “Ի՞նչ է այս ձեր կատարած պաշտօնը”,

27

ըսէ՛ք. “Ասիկա Տէրոջ Զատիկին զոհն է։ Ան Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ՝ երբ Եգիպտացիները զարկաւ, եւ մեր տուները ազատեց”»։ Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագեց։

28

Իսրայէլի որդիները գացին եւ այնպէս ըրին. Տէրոջ Մովսէսի ու Ահարոնի պատուիրածին համաձայն ըրին։


ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒ ՄԱՀԸ

29

Կէս գիշերին՝ Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ զարկաւ, իր գահին վրայ բազմող Փարաւոնի անդրանիկէն մինչեւ բանտին մէջ եղող գերիին անդրանիկը, եւ ամէն անասունի առջինեկը։

30

Փարաւոն գիշերուան մէջ ելաւ, ինք ու իր բոլոր ծառաները եւ բոլոր Եգիպտացիները. Եգիպտոսի մէջ մեծ աղաղակ մը եղաւ, քանի որ տո՛ւն մը չկար՝ ուր մեռել չըլլար։

31

Գիշերուան մէջ Մովսէսն ու Ահարոնը կանչեց եւ ըսաւ. «Կանգնեցէ՛ք, դո՛ւրս ելէք իմ ժողովուրդիս մէջէն, թէ՛ դո՛ւք եւ թէ Իսրայէլի որդիները։ Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան՝ ինչպէս ըսիք։

32

Նաեւ առէ՛ք ձեր ոչխարներն ու արջառները, ինչպէս ըսիք, եւ գացէ՛ք, ու զի՛ս ալ օրհնեցէք»։

33

Եգիպտացիները բռնադատեցին ժողովուրդը՝ որպէսզի շուտով այդ երկրէն դուրս ղրկեն զանոնք, քանի որ կ’ըսէին. «Բոլորս ալ պիտի մեռնինք»։

34

Ուստի ժողովուրդը առաւ իր խմորի զանգուածը՝ խմորուելէն առաջ, եւ իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին իրենց տաշտերը, որ իրենց հանդերձներուն մէջ փաթթուած էին։

35

Իսրայէլի որդիները Մովսէսի խօսքին համաձայն ըրին, ու Եգիպտացիներէն արծաթէ իրեր, ոսկիէ իրեր եւ հանդերձներ խնդրեցին։

36

Տէրը ժողովուրդին շնորհք գտնել տուաւ Եգիպտացիներուն 10առջեւ, այնպէս որ իրենց խնդրածը տուին, եւ իրենք կողոպտեցին Եգիպտացիները։


ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ

37

Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէ մեկնեցան դէպի Սոկքովթ։ Մանուկներէն զատ՝ վեց հարիւր հազարի չափ հետեւակ 11այր մարդիկ՝՝ էին։

38

Անոնց հետ խառն բազմութիւն մըն ալ բարձրացաւ, նաեւ ոչխարներ եւ արջառներ — յոյժ մեծ խաշինք։

39

Եգիպտոսէն իրենց հանած խմորի զանգուածէն անխմոր շօթեր եփեցին, քանի որ խմորեալ չէր։ Արդարեւ Եգիպտոսէն վռնտուեցան, ու չէին կրնար տնտնալ. իրենց պաշար ալ պատրաստած չէին։

40

Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն բնակած ժամանակը՝ չորս հարիւր երեսուն տարի էր։

41

Չորս հարիւր երեսուն տարիներու վախճանին, այդ նոյն օրը Տէրոջ բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն դուրս ելան։

42

Ասիկա յիշատակուելու գիշեր մըն է Տէրոջ համար, որովհետեւ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց։ Ա՛յս է Տէրոջ այն գիշերը, որ յիշատակուելու է Իսրայէլի բոլոր որդիներէն՝ իրենց սերունդներուն մէջ։


ԶԱՏԻԿԻ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

43

Տէրը Մովսէսի եւ Ահարոնի ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ զատիկին կանոնը։ Ո՛չ մէկ օտարազգի անկէ պիտի ուտէ.

44

բայց ամէն մարդու ստրուկը՝ որ դրամով գնուած է, երբ զայն թլփատես՝ անկէ թող ուտէ։

45

Հիւրն ու վարձկանը անկէ պիտի չուտեն։

46

Ան մէկ տան մէջ պիտի ուտուի. տունէն դուրս պիտի չհանես այդ միսէն, ո՛չ ալ անոր մէկ ոսկորը պիտի կոտրէք։

47

Իսրայէլի ամբողջ համայնքը թող կատարէ զայն։

48

Երբ գաղթական մը քովդ պանդխտանայ եւ ուզէ Տէրոջ Զատիկ կատարել, անոր բոլոր արուները թող թլփատուին. ա՛յն ատեն թող մօտենայ ու զայն կատարէ — եւ ինք բնիկին պէս պիտի ըլլայ —, քանի որ ո՛չ մէկ անթլփատ անկէ պիտի ուտէ։

49

Մէ՛կ օրէնք պիտի ըլլայ բնիկին ու ձեր մէջ պանդխտացած գաղթականին համար»։

50

Իսրայէլի բոլոր որդիները այնպէս ըրին. Տէրոջ Մովսէսի եւ Ահարոնի պատուիրածին համաձայն ըրին։

51

Այդ նոյն օրը Տէրը Եգիպտոսի երկրէն հանեց Իսրայէլի որդիները՝ իրենց զօրաբաժիններով։



1 Այսինքն՝ հայրերու տան
2 Եբր.՝ երկու իրիկուններուն մէջտեղ
3 Եբր.՝ փեսախ, այսինքն՝ անցնիլ
4 Կամ՝ իշխաններուն
5 Եբր.՝ դատաստան պիտի կիրարկեմ
6 Եբր.՝ դադրեցուցէք
7 Եբր.՝ անձի
8 Եբր.՝ Բաղարջներու
9 Եբր.՝ Քաշուեցէ՛ք
10 Եբր.՝ աչքերուն
11 Եբր.՝ զօրաւոր մարդիկ