Exodus 13
Genesis « Exodus 12 ‹ Exodus 13 › Exodus 14 » Leviticus
ԱՆԴՐԱՆԻԿՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Սրբացո՛ւր ինծի ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացող, թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն. ան իմս է»։
ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐՔԻ ՏՕՆԸ
3Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ. «Յիշեցէ՛ք այս օրը, երբ Եգիպտոսէն՝ 1ստրկութեան տունէն՝ ելաք, որովհետեւ Տէրը ուժեղ ձեռքով ձեզ ասկէ հանեց. խմորեալ հաց մի՛ ուտէք։
4Դուք այսօր դուրս ելաք, Ապիպ ամսուան մէջ։
5Երբ Տէրը քեզ տանի Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամորհացիներուն, Խեւացիներուն եւ Յեբուսացիներուն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ երդում ըրաւ՝ քեզի տալու — կաթ ու մեղր հոսեցնող երկիրը —, ա՛յս ամսուան մէջ կատարէ այս պաշտօնը։
6Եօ՛թը օր բաղարջ կեր, եւ եօթներորդ օրը տօն ըլլայ Տէրոջ։
7Այդ եօթը օրերուն մէջ բաղարջ թող ուտուի, ու քովդ խմորեալ հաց թող չտեսնուի, ո՛չ ալ քովդ թթխմոր թող տեսնուի ամբողջ հողամասիդ մէջ։
8Այն օրը պատմէ՛ քու որդիիդ՝ ըսելով. “Ասիկա յիշելու համար է ի՛նչ որ Տէրը ըրաւ ինծի՝ երբ Եգիպտոսէն ելայ”։
9Ասիկա քեզի իբր նշան պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ եւ իբր յիշատակ աչքերուդ մէջտեղ, որպէսզի Տէրոջ օրէնքը քու բերանիդ մէջ ըլլայ. որովհետեւ Տէրը ուժեղ ձեռքով քեզ Եգիպտոսէն հանեց։
10Ուստի պահէ՛ այս կանոնը 2ամէն տարի՝՝, իր սահմանուած ատենին»։
ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ
11«Երբ Տէրը քեզ տանի Քանանացիներուն երկիրը,— ինչպէս քեզի ու քու հայրերուդ երդում ըրաւ՝ որ զայն քեզի տայ,—
12Տէրոջ համար զատէ՛ ամէն արգանդ բացող, եւ քու ունեցած անասունիդ ամէն առջինեկ արուն Տէրոջ ըլլայ։
13Իշու ամէն առջինեկը գառո՛վ մը փրկէ. եթէ չփրկես, անոր ծոծրա՛կը կոտրէ։ Քու որդիներուդ մէջ՝ մարդոց ամէն անդրանիկը 3փրկէ՛։
14Երբ քու որդիդ 4վաղը քեզի հարցնէ. “Ի՞նչ է այս”, անոր ըսէ. “Տէրը մեզ Եգիպտոսէն՝ ստրկութեան տունէն՝ ուժեղ ձեռքով հանեց։
15Երբ Փարաւոն խստացաւ ու չուզեց մեզ արձակել, Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռցուց ամէն անդրանիկ, մարդու անդրանիկէն մինչեւ անասունի առջինեկը. ուստի ես ամէն արգանդ բացող արուն Տէրոջ կը զոհեմ, իսկ իմ որդիներուս ամէն անդրանիկը կը փրկեմ”։
16Ասիկա իբր նշան պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ եւ իբր ճակատանոց աչքերուդ մէջտեղ, որովհետեւ Տէրը ուժեղ ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց»։
ԱՄՊԻ ՍԻՒՆԸ ԵՒ ԿՐԱԿԻ ՍԻՒՆԸ
17Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներու երկրին ճամբայէն չառաջնորդեց, թէպէտ այդ ճամբան մօտ էր, քանի որ Աստուած ըսաւ. «Ժողովուրդը թող չհրաժարի՝ երբ պատերազմը տեսնէ, ու Եգիպտոս վերադառնայ»։
18Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն դառնալ տուաւ, ու Իսրայէլի որդիները 5գունդ-գունդ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացան։
19Մովսէս Յովսէփի ոսկորները իրեն հետ առաւ, որովհետեւ ան Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուեր էր՝ ըսելով. «Աստուած անշո՛ւշտ ձեզի պիտի այցելէ. ուստի իմ ոսկորներս ձեզի հետ հանեցէ՛ք ասկէ»։
20Սոկքովթէ մեկնեցան եւ Ոթոմի մէջ՝ անապատին ծայրը բանակեցան։
21Տէրը անոնց առջեւէն կ’երթար, ցերեկը ամպի սիւնով՝ ճամբան զանոնք առաջնորդելու համար, իսկ գիշերը կրակի սիւնով՝ զանոնք լուսաւորելու համար, որպէսզի ցերեկ ու գիշեր երթան։
22Ցերեկը ամպի սիւնը չհեռացուց ժողովուրդին առջեւէն, ո՛չ ալ գիշերը՝ կրակի սիւնը։