Loading...

Exodus 14

Genesis  «  Exodus 13  ‹  Exodus 14  ›  Exodus 15  »  Leviticus


ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ դառնան ու Փիայիրոթի առջեւ՝ Մագդողի եւ ծովուն մէջտեղ բանակին. Բահաղ-Սեփոնի առջեւ, անոր դիմացը՝ ծովուն քով բանակեցէք։

3

Փարաւոն Իսրայէլի որդիներուն համար պիտի ըսէ. “Երկրին մէջ 1մոլորած են, անապատը զանոնք շրջափակած է”։

4

Փարաւոնի սիրտը պիտի կարծրացնեմ, ու զանոնք պիտի հետապնդէ. իսկ ես Փարաւոնի վրայ եւ անոր բոլոր 2զօրագունդերուն վրայ պիտի փառաւորուիմ, ու Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։ Անոնք ալ այդպէս ըրին։

5

Եգիպտոսի թագաւորին պատմուեցաւ թէ ժողովուրդը փախաւ։ Փարաւոնի եւ անոր ծառաներուն սիրտը փոխուեցաւ ժողովուրդին հանդէպ, ու ըսին. «Մենք ինչո՞ւ ըրինք այս բանը, եւ արձակեցինք Իսրայէլը՝ որ մեզի չծառայէ»։

6

Ուստի Փարաւոն իր կառքը լծեց եւ իր ժողովուրդը իրեն հետ առաւ։

7

Վեց հարիւր ընտիր կառքեր առաւ, նաեւ Եգիպտոսի բոլոր կառքերը, ու զօրավարներ՝ անոնցմէ ամէն մէկուն մէջ։

8

Տէրը Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին սիրտը կարծրացուց, եւ ան Իսրայէլի որդիները հետապնդեց։ Իսրայէլի որդիները բարձրացած ձեռքով դուրս ելան,

9

բայց Եգիպտացիները,— Փարաւոնի բոլոր ձիերը եւ կառքերը, անոր ձիաւորներն ու զօրագունդերը,— զանոնք հետապնդեցին եւ հասան անոնց՝ երբ բանակած էին ծովուն մօտ՝ Փիայիրոթի քով, Բահաղ-Սեփոնի առջեւ։

10

Երբ Փարաւոն մօտեցաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին, եւ ահա՛ Եգիպտացիները իրենց ետեւէն կու գային։ Չափազանց վախնալով՝ Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջ,

11

եւ ըսին Մովսէսի. «Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր. այս ի՞նչ է որ մեզի ըրիր՝ մեզ Եգիպտոսէն հանելով։

12

Այս չէ՞ր այն խօսքը, որ քեզի ըսինք Եգիպտոսի մէջ. “Թո՛ղ մեզ, որ Եգիպտացիներուն ծառայենք. քանի որ աւելի լաւ է մեզի Եգիպտացիներուն ծառայել, քան անապատին մէջ մեռնիլ”»։

13

Իսկ Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ. «Մի՛ վախնա՛ք, կայնեցէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջ փրկութիւնը՝ որ այսօր պիտի իրագործէ ձեզի համար. որովհետեւ այսօր ձեր տեսած Եգիպտացիները՝ ա՛լ երբեք վերստին պիտի չտեսնէք։

14

Տէ՛րը պիտի պատերազմի ձեզի համար. դուք լռեցէ՛ք»։

15

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ինչո՞ւ ինծի կ’աղաղակես. ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն՝ որ մեկնին։

16

Եւ դուն վերցո՛ւր գաւազանդ, երկարէ՛ ձեռքդ ծովուն վրայ ու ճեղքէ՛ զայն, որպէսզի Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջտեղը՝ ցամաքի վրայէն երթան։

17

Ահա՛ Եգիպտացիներուն սիրտը պիտի կարծրացնեմ, եւ անոնց ետեւէն պիտի մտնեն, ու ես պիտի փառաւորուիմ Փարաւոնի եւ անոր բոլոր զօրագունդերուն վրայ, անոր կառքերուն ու ձիաւորներուն վրայ։

18

Երբ փառաւորուիմ Փարաւոնի, անոր կառքերուն եւ ձիաւորներուն վրայ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը»։

19

Աստուծոյ հրեշտակը, որ Իսրայէլի բանակին առջեւէն կ’երթար, մեկնեցաւ եւ անոնց ետեւը գնաց։ Ամպի սիւնն ալ անոնց առջեւէն մեկնեցաւ ու անոնց ետեւը կայնեցաւ.

20

Եգիպտացիներու բանակին եւ Իսրայէլի բանակին մէջտեղ եկաւ, ուստի ամպ ու խաւար եղաւ Եգիպտացիներուն, բայց գիշերը կը լուսաւորէր Իսրայելացիները. ամբողջ գիշերը իրարու չմօտեցան։

21

Մովսէս իր ձեռքը երկարեց ծովուն վրայ, ու Տէրը՝ արեւելեան սաստիկ հովով մը՝ ծովը 3ետ մղեց՝՝ ամբողջ գիշերը. ծովը ցամքեցաւ, ջուրերը ճեղքուեցան,

22

եւ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջտեղը՝ ցամաքի վրայէն գացին։ Ջուրերը անոնց պարիսպ եղան՝ իրենց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն։

23

Եգիպտացիները զանոնք հետապնդեցին, եւ Փարաւոնի բոլոր ձիերը, կառքերն ու ձիաւորները անոնց ետեւէն մտան մինչեւ ծովուն մէջտեղը։

24

Առտուան պահուն Տէրը Եգիպտացիներու բանակին նայեցաւ կրակի եւ ամպի սիւնէն, ու Եգիպտացիներուն բանակը խուճապի մատնեց։

25

Անոնց կառքերուն անիւները հանեց, որպէսզի զանոնք դժուարութեամբ վարեն։ Ուստի Եգիպտացիները ըսին. «Փախչի՛նք Իսրայէլի առջեւէն, որովհետեւ ահա՛ Եհովա՛ն Եգիպտացիներուն դէմ կը պատերազմի՝ անոնց համար»։

26

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Երկարէ՛ ձեռքդ ծովուն վրայ, որպէսզի ջուրերը Եգիպտացիներուն վրայ, անոնց կառքերուն ու ձիաւորներուն վրայ վերադառնան»։

27

Մովսէս իր ձեռքը երկարեց ծովուն վրայ, եւ առտուան դէմ ծովը իր 4տեղը վերադարձաւ։ Եգիպտացիները անոր առջեւէն փախան, ու Տէրը թօթուեց Եգիպտացիները ծովուն մէջտեղը։

28

Ջուրերը վերադարձան եւ ծածկեցին Փարաւոնի կառքերը, ձիաւորներն ու բոլոր զօրագունդերը՝ որ անոնց ետեւէն ծովուն մէջ մտած էին. անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։

29

Բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջտեղը՝ ցամաքի վրայէն գացին, եւ ջուրերը անոնց պարիսպ եղան՝ իրենց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն։

30

Տէրը այդ օրը ազատեց Իսրայէլը Եգիպտացիներուն ձեռքէն։ Իսրայէլ մեռած տեսաւ Եգիպտացիները՝ ծովուն եզերքը։

31

Իսրայէլ տեսաւ այն մեծ 5գործը՝ որ Տէրը ըրաւ Եգիպտացիներուն վրայ։ Ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն, ու հաւատաց Տէրոջ եւ անոր ծառային՝ Մովսէսի։



1 Կամ՝ շփոթած
2 Եբր.՝ զինեալ ոյժերուն
3 Եբր.՝ տարաւ
4 Եբր.՝ տոկունութեան
5 Եբր.՝ ձեռքը