Exodus 15
Genesis « Exodus 14 ‹ Exodus 15 › Exodus 16 » Leviticus
ՄՈՎՍԷՍԻ ԵՐԳԸ
1Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները սա՛ երգը երգեցին Տէրոջ՝ ըսելով. «Պիտի երգեմ Տէրոջ, քանի որ մեծապէս բարձրացաւ. Ձին եւ անոր հեծեալը ծովը նետեց։
21Տէ՛րն է իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս, Եւ իմ փրկութիւնս եղաւ. Ա՛ն է իմ Աստուածս, ու պիտի փառաւորեմ զայն. Իմ հօրս Աստուածն է, եւ պիտի բարձրացնեմ զայն։
3Տէրը հզօր պատերազմիկ է. Անոր անունը Եհովա է։
4Փարաւոնի կառքերն ու անոր զօրագունդերը ծովը նետեց, Եւ անոր ընտիր զօրավարները Կարմիր ծովուն մէջ մխրճուեցան։
5Անդունդները ծածկեցին զանոնք. Քարի պէս խորունկը իջան։
6Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, վեհափառ է ոյժով. Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, ջախջախեց թշնամին։
7Քու մեծափառութեանդ ճոխութեամբ տապալեցիր քեզի դէմ կանգնողները, Քու բորբոքումդ ղրկեցիր, ու զանոնք խոզանի պէս սպառեց։
8Քու ռունգերուդ 2շունչով՝ ջուրերը դիզուեցան, 3Յորձանքները կարկառի պէս կայնեցան, Ծովուն սիրտին մէջ անդունդները սառեցան։
9Թշնամին կ’ըսէր. “Պիտի հետապնդեմ, պիտի հասնիմ, Աւարը պիտի բաժնեմ, Իմ անձս անոնցմէ պիտի կշտանայ. Իմ սուրս պիտի քաշեմ, Իմ ձեռքս զանոնք պիտի վտարէ”։
10Քու հովդ փչեցիր, ծովը զանոնք ծածկեց. 4Զօրաւոր ջուրերուն մէջ կապարի պէս ընկղմեցան։
11Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի նման ո՞վ կայ։ 5Սրբութեան մէջ վեհափառ, գովաբանութեան մէջ ահեղ, Սքանչելիքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման։
12Քու աջ ձեռքդ երկարեցիր, Երկիրը զանոնք կլլեց։
13Քու կարեկցութեամբդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդը՝ որ դուն փրկեցիր. Քու զօրութեամբդ տարիր զայն քու սուրբ բնակութիւնդ։
14Ժողովուրդները պիտի լսեն ու սասանին. Սարսափը պիտի համակէ 6Փղշտացիներու երկրին՝՝ բնակիչները։
15Այն ատեն Եդովմի պետերը պիտի սոսկան, Դողը պիտի համակէ Մովաբի զօրաւորները. Քանանի բոլոր բնակիչները պիտի հալին։
16Անոնց վրայ ահ ու երկիւղ պիտի իյնան. Քու բազուկիդ մեծութենէն՝ քարի պէս լուռ պիտի կենան, Մինչեւ որ քու ժողովուրդդ անցնի, ո՛վ Տէր, Մինչեւ որ անցնի այս ժողովուրդը՝ որ դուն ստացար։
17Պիտի բերես զանոնք եւ քու ժառանգութեանդ լեռը պիտի տնկես զանոնք, Ո՛վ Տէր, այն վայրը՝ որ քու բնակութեանդ համար պատրաստեցիր, Ո՛վ Տէր, այն սրբարանին մէջ՝ որ քու ձեռքերդ հաստատեցին։
18Տէրը պիտի թագաւորէ 7դարէ դար՝՝»։
19Արդարեւ Փարաւոնի ձիերը ծովը մտան՝ իր կառքերով ու ձիաւորներով, եւ Տէրը ծովուն ջուրերը անոնց վրայ վերադարձուց. բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջտեղէն ցամաքով գացին։
ՄԱՐԻԱՄԻ ԵՐԳԸ
20Ահարոնի քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին՝ թմբուկը իր ձեռքը առաւ, եւ բոլոր կիները անոր ետեւէն դուրս ելան՝ թմբուկներով ու պարերով։
21Մարիամ պատասխանեց անոնց. «Երգեցէ՛ք Տէրոջ, քանի որ մեծապէս բարձրացաւ. Ձին եւ անոր հեծեալը ծովը նետեց»։
ԴԱՌՆ ՋՈՒՐԵՐԸ
22Մովսէս Կարմիր ծովէն ճամբայ հանեց Իսրայէլը, ու դուրս ելան դէպի Սուրի անապատը։ Երեք օրուան ճամբայ գացին անապատին մէջ, բայց ջուր չգտան։
23Երբ Մարա հասան, չէին կրնար խմել Մարայի ջուրերէն, որովհետեւ դառն էին. ուստի անոր անունը 8Մարա կոչուեցաւ։
24Ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսի դէմ՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի խմենք»։
25Ան ալ Տէրոջ աղաղակեց, եւ Տէրը անոր փայտ մը ցուցուց. երբ զայն ջուրերուն մէջ նետեց՝ ջուրերը 9անուշցան։ Հոն կանոն ու 10դատավճիռ դրաւ անոնց, եւ հոն փորձարկեց զանոնք։
26Ան ըսաւ. «Եթէ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընես, ինչ որ անոր 11առջեւ ուղիղ է՝ ընես, անոր պատուիրանները ունկնդրես եւ անոր բոլոր կանոնները պահես, այն հիւանդութիւններէն ո՛չ մէկը քու վրադ պիտի բերեմ, որ Եգիպտացիներուն վրայ բերի. որովհետեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ որ քեզ կը բուժեմ»։
27Յետոյ հասան Եղիմ, ուր տասներկու ջուրի աղբիւր ու եօթանասուն արմաւենի կար։ Հո՛ն բանակեցան՝ ջուրերուն քով։