Loading...

Exodus 16

Genesis  «  Exodus 15  ‹  Exodus 16  ›  Exodus 17  »  Leviticus


ՄԱՆԱՆԱՆ ԵՒ ԼՈՐԱՄԱՐԳԻՆԵՐԸ

1

Յետոյ Եղիմէ մեկնեցան, եւ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը հասաւ Սինի անապատը, որ Եղիմի ու Սինայի մէջտեղն է, իրենց Եգիպտոսի երկրէն ելքին երկրորդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը։

2

Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը՝ անապատին մէջ Մովսէսի եւ Ահարոնի դէմ տրտնջեց։

3

Իսրայէլի որդիները ըսին անոնց. «Երանի՜ թէ Տէրոջ ձեռքով մեռած ըլլայինք Եգիպտոսի մէջ, երբ միսի կաթսաներուն քով նստած էինք ու կուշտ հաց կ’ուտէինք. արդարեւ մեզ այս անապատը հանեցիք, որ այս ամբողջ համախմբումը անօթութենէ մեռցնէք»։

4

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ահա՛ ես ձեզի երկինքէն հաց պիտի տեղացնեմ, ու ժողովուրդը դուրս պիտի ելլէ եւ 1օրէ օր՝՝ ժողվէ ամէնօրեայ քանակը, որպէսզի փորձարկեմ զայն թէ իմ օրէնքիս համաձայն պիտի ընթանա՛յ՝ թէ ոչ։

5

Իսկ վեցերորդ օրը, երբ իրենց բերածը պատրաստեն, ան իրենց ամէն օրուան ժողվածին կրկինը պիտի ըլլայ»։

6

Մովսէս ու Ահարոն ըսին Իսրայէլի բոլոր որդիներուն. «Այս իրիկուն պիտի գիտնաք թէ Եհովա՛ն է ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանողը,

7

եւ առտուն պիտի տեսնէք Տէրոջ փառքը. որովհետեւ ինք լսեց Տէրոջ դէմ ձեր ըրած տրտունջը, ու մենք ո՞վ ենք՝ որ մեզի դէմ կը տրտնջէք»։

8

Մովսէս ըսաւ. «Երբ Տէրը ձեզի իրիկունը՝ ուտելու միս, եւ առտուն՝ կշտանալու չափ հաց տայ, պիտի գիտնաք թէ Տէրը լսած է իրեն դէմ ձեր ըրած տրտունջը։ Մենք ո՞վ ենք. ձեր տրտունջը մեզի դէմ չէ, հապա՝ Տէրոջ դէմ»։

9

Մովսէս Ահարոնի ըսաւ. «Իսրայէլի որդիներուն ամբո՛ղջ համայնքին ըսէ. “Մօտեցէ՛ք Տէրոջ առջեւ, որովհետեւ ձեր տրտունջը լսեց”»։

10

Երբ Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին կը խօսէր, անոնք դէպի անապատը նայեցան եւ ահա՛ Տէրոջ փառքը ամպին մէջ երեւցաւ։

11

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը լսեցի. խօսէ՛ անոնց եւ ըսէ՛.

12

“Իրիկուան դէմ միս պիտի ուտէք, ու առտուն՝ հացով պիտի կշտանաք, եւ պիտի գիտնաք թէ ե՛ս եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը”»։

13

Իրիկունը՝ լորամարգիներ բարձրացան ու բանակավայրը ծածկեցին, իսկ առտուն՝ ցօղ իջաւ բանակավայրին շուրջը։

14

Երբ իջած ցօղը վերցաւ, ահա՛ անապատին մակերեսին վրայ մանր, թեփաձեւ բան մը կար գետինին վրայ, եղեամի պէս մանր։

15

Երբ Իսրայէլի որդիները տեսան՝ իրարու ըսին. «2Ի՞նչ է այս՝՝», քանի որ ի՛նչ ըլլալը չէին գիտեր։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Ա՛յս է այն հացը, որ Տէրը ձեզի տուաւ՝ ուտելու։

16

Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց.— “Ժողվեցէ՛ք անկէ՝ իւրաքանչիւրդ իր կերածին չափ, մարդ գլուխ մէկական օմէր, ձեր անձերուն թիւին համեմատ. առէ՛ք իւրաքանչիւրդ իր վրանին մէջ եղողներուն համար”»։

17

Իսրայէլի որդիներն ալ այնպէս ըրին եւ ժողվեցին, ոմանք՝ շատ, ոմանք՝ քիչ։

18

Երբ օմէրով կը չափէին, շատ ունեցողինը չաւելցաւ ու քիչ ունեցողինը չպակսեցաւ. իւրաքանչիւրը իր կերածին չափ ժողվեց։

19

Մովսէս անոնց ըսաւ. «Ո՛չ մէկը անկէ թող 3պահէ մինչեւ առտու»։

20

Սակայն Մովսէսի մտիկ չըրին. հապա ոմանք թողուցին անկէ մինչեւ առտու, բայց որդնոտեցաւ եւ գարշահոտ եղաւ, ու Մովսէս զայրացաւ անոնց դէմ։

21

Ամէն առտու կը ժողվէին անկէ, իւրաքանչիւրը իր կերածին չափ. երբ արեւը տաքնար՝ կը հալէր։

22

Վեցերորդ օրը կրկնապատիկ հաց ժողվեցին, այսինքն՝ ամէն մէկուն համար երկու օմէր, եւ համայնքին բոլոր իշխանները եկան ու պատմեցին Մովսէսի։

23

Ան ալ իրենց ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ Տէրոջ ըսածը. “Վաղը հանգիստի օրն է, Տէրոջ սուրբ Շաբաթը։ Ուրեմն ինչ որ պիտի եփէք՝ եփեցէ՛ք, ինչ որ պիտի խաշէք՝ խաշեցէ՛ք. իսկ ինչ որ կ’աւելնայ՝ պահեստի՛ դրէք ձեզի համար, որ մինչեւ առտու պահուի”»։

24

Զայն մինչեւ առտու պահեստի դրին՝ ինչպէս Մովսէս պատուիրեր էր, եւ ո՛չ գարշահոտ եղաւ, ո՛չ ալ անոր մէջ որեւէ որդ եղաւ։

25

Մովսէս ըսաւ. « Ա՛յսօր կերէք զայն, որովհետեւ այսօր Տէրոջ Շաբաթն է. այսօր դաշտին մէջ անկէ պիտի չգտնէք։

26

Վեց օր պիտի ժողվէք զայն. բայց եօթներորդ օրը՝ որ Շաբաթ է՝ պիտի չըլլայ»։

27

Սակայն եօթներորդ օրը՝ ժողովուրդէն ոմանք դուրս ելան, որպէսզի ժողվեն. բայց չգտան։

28

Ուստի Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի մերժէք պահել իմ պատուիրաններս ու օրէնքներս։

29

Նայեցէ՛ք, քանի որ Տէրը Շաբաթը տուաւ ձեզի, հետեւաբար վեցերորդ օրը երկու օրուան հաց կու տայ ձեզի։ Իւրաքանչիւրդ իր տեղը թող կենայ. ո՛չ մէկը իր տեղէն դուրս ելլէ եօթներորդ օրը»։

30

Ուստի ժողովուրդը հանգստացաւ եօթներորդ օրը։

31

Իսրայէլի 4որդիները անոր անունը 5մանանայ կոչեցին. ան գինձի սերմի պէս էր, ճերմակ, եւ անոր համը՝ մեղրով շինուած գաթայի պէս։

32

Մովսէս ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց.— “Լեցուցէ՛ք անկէ օմէր մը՝ որ պահուի ձեր սերունդներուն համար. որպէսզի անոնք տեսնեն այն հացը՝ որ ձեզի կերցուցի անապատին մէջ, երբ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի”»։

33

Մովսէս Ահարոնի ըսաւ. «Սափո՛ր մը առ, անոր մէջ դի՛ր օմէր մը լեցուն մանանայ, եւ զայն Տէրո՛ջ առջեւ զետեղէ՝ ձեր սերունդներուն մէջ պահուելու համար»։

34

Ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեց, այնպէս Ահարոն Վկայութեան առջեւ զետեղեց զայն՝ որպէսզի պահուի։

35

Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի կերան մանանան, մինչեւ որ բնակուած երկիր հասան։ Մանանան կերան, մինչեւ որ Քանանի երկրին 6սահմանը հասան։

36

Օմէրը արդուին մէկ տասներորդն է։



1 Եբր.՝ ամէն օր
2 Եբր.՝ Ման հու (որմէ կու գայ մանանայ բառը)
3 Եբր.՝ թողու
4 Եբր.՝ տունը
5 Եբր.՝ ման
6 Եբր.՝ ծայրը