Loading...

Exodus 17

Genesis  «  Exodus 16  ‹  Exodus 17  ›  Exodus 18  »  Leviticus


ՋՈՒՐ՝ ԱՊԱՌԱԺԷՆ (Թիւ. 20. 1-13)

1

Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Սինի անապատէն մեկնեցաւ՝ իր իջեւաններուն համեմատ, Տէրոջ 1հրամանին համաձայն, ու Ռափիդիմի մէջ բանակեցաւ. բայց ժողովուրդին համար խմելու ջուր չկար։

2

Ուստի ժողովուրդը Մովսէսի հետ վիճեցաւ եւ ըսաւ. «Մեզի ջո՛ւր տուր՝ որ խմենք»։ Մովսէս անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք»։

3

Ժողովուրդը հոն 2ծարաւցաւ. ու ժողովուրդը Մովսէսի դէմ տրտնջեց՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն բարձրացուցիր, որ մեզ եւ մեր որդիները ու մեր խաշինքը ծարաւէն մեռցնես»։

4

Մովսէս Տէրոջ աղաղակեց. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. 3քիչ մնաց՝՝ որ զիս քարկոծեն»։

5

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ժողովուրդին առջե՛ւը անցիր, եւ ա՛ռ քեզի հետ Իսրայէլի երէցներէն. ձե՛ռքդ առ նաեւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ու գնա՛։

6

Ահա՛ քու առջեւդ պիտի կայնիմ հո՛ն՝ վէմին վրայ, Քորեբի մէջ։ Զա՛րկ վէմին, եւ անկէ ջուր պիտի ելլէ ու ժողովուրդը պիտի խմէ»։ Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի երէցներուն 4առջեւ,

7

եւ այդ տեղին անունը 5Մասսա ու Մերիպա՝՝ կոչեց. որովհետեւ Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան, եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է՝ թէ ոչ»։


ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԱՂԷԿԻ ԴԷՄ

8

Այն ատեն Ամաղէկ եկաւ ու Ռափիդիմի մէջ Իսրայէլի դէմ պատերազմեցաւ։

9

Մովսէս Յեսուի ըսաւ. «Մեզի մարդի՛կ ընտրէ եւ 6գնա՛ Ամաղէկի դէմ պատերազմելու. վաղը ես բլուրին գագաթը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով»։

10

Յեսու Մովսէսի ըսածին համաձայն ըրաւ, ու Ամաղէկի դէմ պատերազմեցաւ, իսկ Մովսէս, Ահարոն եւ Ովր բլուրին գագաթը բարձրացան։

11

Երբ Մովսէս իր ձեռքերը կը վերցնէր, Իսրայէ՛լ կը յաղթէր. երբ իր ձեռքերը կ’իջեցնէր, Ամաղէ՛կ կը յաղթէր։

12

Սակայն Մովսէսի ձեռքերը ծանրացան. ուստի քար մը առին եւ անոր տակ դրին, ու ինք անոր վրայ նստաւ. իսկ Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը՝ միւս կողմէն, անոր ձեռքերը վեր բռնեցին, եւ մինչեւ արեւին մայր մտնելը՝ անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։

13

Հետեւաբար Յեսու սուրի բերանէ անցընելով յաղթահարեց Ամաղէկն ու անոր ժողովուրդը։

14

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ասիկա գրէ՛ յիշատակի համար գիրքի մը մէջ, եւ Յեսուի 7իմացո՛ւր թէ Ամաղէկի յիշատակը երկինքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ»։

15

Մովսէս զոհասեղան մը կառուցանեց ու անոր անունը 8Եհովա-Նիսի կոչեց,

16

եւ ըսաւ. «9Քանի որ 10Տէրը երդում ըրաւ՝ ըսելով՝՝. “Տէրը սերունդէ սերունդ պիտի պատերազմի Ամաղէկի դէմ”»։



1 Եբր.՝ բերանին
2 Եբր.՝ ջուրի համար ծարաւցաւ
3 Եբր.՝ դարձեալ քիչ մը
4 Եբր.՝ աչքերուն
5 Այսինքն՝ փորձութիւն ու վիճաբանութիւն
6 Եբր.՝ դո՛ւրս ելիր
7 Եբր.՝ ականջներուն մէջ դի՛ր
8 Այսինքն՝ Տէրը իմ դրօշակս է
9 Եբր.՝ Քանի որ Տէրը իր աթոռին վրայ ձեռք վերցնելով երդում ըրաւ, կամ՝ Որովհետեւ ձեռք վերցուց Տէրոջ աթոռին դէմ,
10 Եբր.՝ Եահը