Exodus 18
Genesis « Exodus 17 ‹ Exodus 18 › Exodus 19 » Leviticus
ՅՈԹՈՐ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՎՍԷՍԻ
1Մովսէսի աները, Մադիամի քուրմը՝ Յոթոր, լսեց ամէն ինչ որ Աստուած ըրեր էր Մովսէսի ու իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի, եւ թէ Տէրը Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը։
2Մովսէսի աները՝ Յոթոր, առաւ Մովսէսի կինը՝ Սեպփորան, անոր վերադառնալէն ետք,
3եւ անոր երկու որդիները՝ որոնց մէկուն անունը Գերսամ էր — որովհետեւ ինք ըսեր էր. “Օտար երկրի մէջ պանդուխտ եմ” —,
4եւ միւսին անունը 1Եղիազար էր — որովհետեւ ըսեր էր. “Իմ հօրս Աստուածը իմ օգնականս էր, ու զիս Փարաւոնի սուրէն ազատեց” —։
5Մովսէսի աները՝ Յոթոր, անոր որդիներուն եւ անոր կնոջ հետ եկաւ Մովսէսի՝ դէպի անապատը, ուր ան բանակած էր Աստուծոյ լերան քով,
6եւ իմացուց Մովսէսի. «Ես, քու աներդ՝ Յոթոր, քեզի կու գամ, նաեւ կինդ, եւ իր երկու որդիները իրեն հետ»։
7Մովսէս դուրս ելաւ՝ իր աները դիմաւորելու, երկրպագեց, համբուրեց զայն, իրարու 2որպիսութիւնը հարցուցին, ու վրանը մտան։
8Մովսէս իր աներոջ պատմեց ամէն ինչ որ Տէրը ըրեր էր Փարաւոնի ու Եգիպտացիներուն՝ Իսրայէլի համար, ճամբան իրենց պատահած ամբողջ տաժանքը, եւ Տէրոջ զիրենք ազատելը։
9Ուստի Յոթոր ուրախացաւ ամբողջ բարիքին համար՝ որ Տէրը ըրեր էր Իսրայէլի, փրկելով զայն Եգիպտացիներուն ձեռքէն։
10Եւ Յոթոր ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, որ ազատեց ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու Փարաւոնի ձեռքէն. որովհետեւ ազատեց իր ժողովուրդը Եգիպտացիներու ձեռքին տակէն։
11Հիմա գիտեմ թէ Եհովան բոլոր աստուածներէն մեծ է. որովհետեւ ինչ բանով որ կը հպարտանային, անոնցմէ վեր եղաւ»։
12Մովսէսի աները՝ Յոթոր՝ ողջակէզ ու զոհեր առաւ Աստուծոյ մատուցանելու, եւ Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր երէցները եկան՝ Մովսէսի աներոջ հետ 3ճաշելու Աստուծոյ առջեւ։
(Բ. Օր. 1. 9-18)
13Մովսէսի աները՝ Յոթոր՝ ողջակէզ ու զոհեր առաւ Աստուծոյ մատուցանելու, եւ Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր երէցները եկան՝ Մովսէսի աներոջ հետ 3ճաշելու Աստուծոյ առջեւ։
ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ
13Հետեւեալ օրը՝ Մովսէս նստաւ ժողովուրդը դատելու, ու ժողովուրդը առտուընէ մինչեւ իրիկուն Մովսէսի քով կայնեցաւ։
14Երբ Մովսէսի աները տեսաւ ինչ որ ան կ’ընէր ժողովուրդին, ըսաւ. «Ի՞նչ է այս բանը՝ որ կ’ընես ժողովուրդին. ինչո՞ւ մինակ կը նստիս, եւ ամբողջ ժողովուրդը քու քովդ կը կայնի առտուընէ մինչեւ իրիկուն»։
15Մովսէս իր աներոջ ըսաւ. «Քանի որ ժողովուրդը ինծի՛ կու գայ՝ Աստուծոյ խորհուրդ հարցնելու։
16Երբ անոնք խնդիր մը ունենան՝ ինծի կու գան, ու ե՛ս 4անոնց միջեւ կը դատեմ, եւ Աստուծոյ կանոններն ու օրէնքները անոնց կը գիտցնեմ»։
17Մովսէսի աները իրեն ըսաւ. «Քու ըրածդ լաւ բան չէ։
18Թէ՛ դուն պիտի մաշիս, թէ՛ ալ քեզի հետ եղող այս ժողովուրդը. որովհետեւ այս բանը շատ ծանր է քեզի համար, ու դուն առանձին չես կրնար ընել ասիկա։
19Հիմա մտի՛կ ըրէ խօսքս. քեզի խորհուրդ պիտի տամ, եւ Աստուած քեզի հետ թող ըլլայ։ Դո՛ւն գնա Աստուծոյ առջեւ՝ ժողովուրդին համար, որպէսզի խնդիրները դո՛ւն ներկայացնես Աստուծոյ։
20Սորվեցո՛ւր անոնց կանոններն ու օրէնքները, գիտցո՛ւր անոնց իրենց ընթանալիք ճամբան եւ ընելիք գործը։
21Բայց նաեւ ամբողջ ժողովուրդէն ընտրէ՛ կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր, ագահութիւնը ատող մարդիկ, եւ նշանակէ՛ անոնց վրայ իբր հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ.
22անո՛նք թող դատեն ժողովուրդը ամէն ատեն։ Բոլոր մեծ խնդիրները քեզի թող ներկայացնեն, իսկ բոլոր պզտիկ խնդիրները՝ իրե՛նք թող դատեն. այսպէս քեզի 5օգնելով՝ քու վրայէդ բեռը կը թեթեւցնեն։
23Եթէ այս բանը ընես, եւ Աստուած ալ քեզի ասիկա պատուիրէ, պիտի կարենաս դիմանալ, ու այս ամբողջ ժողովուրդն ալ խաղաղութեամբ իր տեղը պիտի հասնի»։
24Մովսէս աներոջ խօսքը մտիկ ըրաւ, եւ անոր բոլոր ըսածները ըրաւ։
25Մովսէս ամբողջ Իսրայէլէն կարող մարդիկ ընտրեց ու զանոնք ժողովուրդին վրայ կարգեց իբր գլխաւորներ, այսինքն՝ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ։
26Անո՛նք կը դատէին ժողովուրդը ամէն ատեն. դժուար խնդիրները Մովսէսի կը ներկայացնէին, բայց բոլոր պզտիկ խնդիրները իրե՛նք կը դատէին։
27Մովսէս իր աները ուղարկեց, եւ ան իր երկիրը գնաց։