Loading...

Exodus 19

Genesis  «  Exodus 18  ‹  Exodus 19  ›  Exodus 20  »  Leviticus


ԻՍՐԱՅԷԼ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՔՈՎ

1

Երրորդ ամսուան մէջ՝ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելէն ետք, նոյն օրը Սինայի անապատը հասան։

2

Արդարեւ Ռափիդիմէ մեկնեցան ու Սինայի անապատը գացին, եւ անապատին մէջ բանակեցան։ Իսրայէլ հոն՝ լերան դիմաց բանակեցաւ։

3

Մովսէս Աստուծոյ քով բարձրացաւ, ու Տէրը լեռնէն կանչեց զայն՝ ըսելով. «Սա՛պէս խօսէ Յակոբի տան, եւ հաղորդէ՛ Իսրայէլի որդիներուն.

4

“Դուք տեսաք ի՛նչ որ ըրի Եգիպտացիներուն, ի՛նչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ կրեցի ու քովս բերի։

5

Ուստի հիմա, եթէ իրապէս իմ խօսքս մտիկ ընէք եւ իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեփական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերուն մէջէն. որովհետեւ ամբողջ երկիրը իմս է։

6

Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն մը ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք։ Ասո՛նք են Իսրայէլի որդիներուն ըսելիք խօսքերս”»։

7

Մովսէս եկաւ, ժողովուրդին երէցները կանչեց եւ անոնց ներկայացուց Տէրոջ իրեն պատուիրած այս բոլոր խօսքերը։

8

Ամբողջ ժողովուրդը միաբերան պատասխանեց. «Տէրոջ բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Ու Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջ 1հաղորդեց։

9

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ահա՛ ես քեզի կու գամ թանձր ամպի մը մէջ, որպէսզի ժողովուրդը լսէ՝ երբ ես քեզի հետ խօսիմ, եւ միշտ քեզի հաւատայ»։ Ու Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջ հաղորդեց։

10

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Գնա՛ ժողովուրդին, սրբացո՛ւր զանոնք այսօր եւ վաղը, թող լուան իրենց հանդերձները ու

11

պատրաստ ըլլան երրորդ օրուան համար. քանի որ երրորդ օրը՝ Տէրը Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ ամբողջ ժողովուրդին աչքերուն առջեւ։

12

Իսկ դուն սահմա՛ն դիր ժողովուրդին շուրջը եւ ըսէ՛. “Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար, որ լեռը չբարձրանաք կամ անոր ծայրին չդպչիք։ Ո՛վ որ լերան դպչի, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի”։

13

Ո՛չ մէկ ձեռք անոր դպչի. որովհետեւ դպչողը անպատճառ պիտի քարկոծուի կամ նետով զարնուի. անասուն ըլլայ թէ մարդ՝ ողջ պիտի չմնայ։ Երբ 2շեփորին ձայնը երկար հնչուի, անոնք լեռը թող բարձրանան»։

14

Մովսէս լեռնէն իջաւ ժողովուրդին քով. ժողովուրդը սրբացուց, անոնք իրենց հանդերձները լուացին,

15

եւ ժողովուրդին ըսաւ. «Երրորդ օրուան համար պատրա՛ստ եղէք. ձեր կիներուն մի՛ մերձենաք»։

16

Երրորդ օրը՝ առտուն 3որոտումներ ու փայլատակումներ եղան. թանձր ամպ մը կար լերան վրայ, նաեւ շատ զօրաւոր շեփորի ձայն մը. ուստի բանակավայրին մէջ եղող ամբողջ ժողովուրդը սարսռաց։

17

Մովսէս բանակավայրէն դուրս հանեց ժողովուրդը՝ Աստուծոյ հանդիպելու, եւ անոնք լերան ստորոտը կայնեցան։

18

Սինա լեռը ամբո՛ղջովին կը մխար, որովհետեւ Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ. անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կը բարձրանար, ու ամբողջ լեռը չափազանց կը ցնցուէր։

19

Քանի շեփորին ձայնը շատ կը սաստկանար, Մովսէս խօսեցաւ եւ Աստուած ձայնով մը անոր պատասխանեց։

20

Տէրը Սինա լերան վրայ՝ լերան գագաթը իջաւ. Տէրը կանչեց Մովսէսը լերան գագաթը, ու Մովսէս բարձրացաւ։

21

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Իջի՛ր եւ պատուիրէ՛ ժողովուրդին, որ Տէրը տեսնելու համար սահմանէն չանցնին ու չկորսուին։

22

Տէրոջ մօտեցող քահանաներն ալ թող սրբացուին, որպէսզի Տէրը զանոնք չպատառէ»։

23

Մովսէս Տէրոջ ըսաւ. «Ժողովուրդը չի կրնար բարձրանալ Սինա լեռը, որովհետեւ դուն մեզի պատուիրեցիր. “Սահմա՛ն դիր լերան ու սրբացո՛ւր զայն”»։

24

Տէրը անոր ըսաւ. «Գնա՛, իջի՛ր, ապա բարձրացի՛ր Ահարոնի հետ. բայց քահանաներն ու ժողովուրդը Տէրոջ քով բարձրանալու համար սահմանէն չանցնին, որ զանոնք չպատառէ»։

25

Մովսէս ժողովուրդին քով իջաւ եւ այդպէս խօսեցաւ անոնց։



1 Եբր.՝ վերադարձուց
2 Եբր.՝ Յոբելեանի շեփորին
3 Եբր.՝ ձայներ