Exodus 20
Genesis « Exodus 19 ‹ Exodus 20 › Exodus 21 » Leviticus
ՏԱՍԸ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ
1Աստուած սա՛ բոլոր խօսքերը հաղորդեց՝ ըսելով.—
2«Ե՛ս եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն՝ ստրկութեան տունէն՝ հանեցի։
3Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ մի՛ ունենար։
4Ո՛չ մէկ 1կուռք շինէ դուն քեզի, ո՛չ ալ որեւէ կերպարանք բանի մը որ վերը՝ երկինքի մէջ է, վարը՝ երկրի վրայ է, կամ ջուրերուն մէջ է՝ երկրի տակ։
5Անոնց մի՛ երկրպագեր ու զանոնք մի՛ պաշտեր, որովհետեւ ես՝ 2Տէրս, քու Աստուածդ, նախանձախնդիր Աստուած եմ. կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն — մինչեւ երրորդ ու չորրորդ սերունդը անոնց՝ որ կ’ատեն զիս —,
6եւ կարեկցութեամբ կը վարուիմ մինչեւ հազար սերունդ անոնց հետ՝ որ կը սիրեն զիս ու կը պահեն իմ պատուիրաններս։
73Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ անունը ընդունայն բերանդ մի՛ առներ. որովհետեւ Տէրը իր անունը ընդունայն բերանը առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։
8Յիշէ՛ Հանգստութեան օրը՝ զայն սրբացնելու համար։
9Վե՛ց օր աշխատէ եւ ամբո՛ղջ գործդ ըրէ.
10բայց եօթներորդ օրը Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ Հանգստութեան օրն է. այդ օրը ո՛չ մէկ գործ ըրէ, ո՛չ դուն, ո՛չ որդիդ, ո՛չ աղջիկդ, ո՛չ ծառադ, ո՛չ աղախինդ, ո՛չ անասունդ, ո՛չ ալ 4քաղաքիդ մէջ եղող գաղթականդ։
11Արդարեւ Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը եւ բոլոր անոր մէջ եղողները, ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ. ուստի Տէրը օրհնեց Հանգստութեան օրը եւ սրբացուց զայն։
12Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, որպէսզի օրերդ երկար ըլլան այն հողին վրայ՝ որ Տէրը, քու Աստուածդ, քեզի կու տայ։
13Սպանութիւն մի՛ ըներ։
14Շնութիւն մի՛ ըներ։
15Գողութիւն մի՛ ըներ։
165Սուտ վկայութիւն մի՛ տար քու ընկերիդ դէմ։
17Քու ընկերիդ տան մի՛ ցանկար. ընկերիդ կնոջ, կամ անոր ծառային, կամ աղախինին, կամ եզին, կամ իշուն, կամ ընկերիդ որեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎԱԽԸ (Բ. Օր. 5. 22-33)
18Ամբողջ ժողովուրդը կը նկատէր 6որոտումները, շանթերը, շեփորին ձայնը եւ մխացող լեռը։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ, ցնցուեցաւ ու հեռու կայնեցաւ։
19Եւ ըսին Մովսէսի. «Դո՛ւն խօսէ մեզի հետ, ու մտիկ ընենք. բայց Աստուած թող չխօսի մեզի հետ, որպէսզի չմեռնինք»։
20Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ. «Մի՛ վախնաք. որովհետեւ Աստուած եկաւ ձեզ փորձարկելու, որպէսզի անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ ու չմեղանչէք»։
21Ժողովուրդը հեռու կայնեցաւ, իսկ Մովսէս մօտեցաւ այն մառախուղին՝ ուր Աստուած էր։
ՕՐԷՆՔՆԵՐ ԽՈՐԱՆԻՆ ՄԱՍԻՆ
22Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Սա՛ ըսէ Իսրայէլի որդիներուն. “Դուք տեսաք թէ ձեզի հետ երկինքէն խօսեցայ.
23Ինծի հետ պաշտելու համար՝ արծաթէ աստուածներ մի՛ շինէք, ո՛չ ալ ոսկիէ աստուածներ շինեցէք ձեզի։
24Ինծի հողէ՛ զոհասեղան մը շինէ, եւ անո՛ր վրայ զոհէ քու ողջակէզներդ ու խաղաղութեան զոհերդ, քու ոչխարներդ եւ արջառներդ. ամէն տեղ՝ ուր իմ անունս յիշել պիտի տամ, քեզի պիտի գամ ու քեզ պիտի օրհնեմ”։
25Եթէ ինծի քարէ զոհասեղան շինես, տաշուած քարէ մի՛ կառուցաներ. քանի որ եթէ անոր երկաթէ գործիք 7դպցնես, զայն կը պղծես։
26Եւ աստիճաններով մի՛ բարձրանար իմ զոհասեղանս, որպէսզի քու մերկութիւնդ չերեւնայ անոր վրայ»։