Exodus 21
Genesis « Exodus 20 ‹ Exodus 21 › Exodus 22 » Leviticus
ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ ՍՏՐՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ (Բ. Օր. 15. 12-18)
1«Ահա՛ւասիկ այն կանոնները՝ որ անոնց պիտի ներկայացնես։
2Երբ եբրայեցի ծառայ մը գնես, ան վեց տարի ստրուկ պիտի ըլլայ, ու եօթներորդ տարին ազատ դուրս պիտի ելլէ, առանց վճարումի։
3Եթէ մինակ մտաւ, մինակ պիտի ելլէ. եթէ կին ունէր, կինն ալ իրեն հետ պիտի ելլէ։
4Եթէ իր տէ՛րը իրեն կին տուաւ եւ ան իրեն որդիներ կամ աղջիկներ ծնած է, կինն ու անոր զաւակները տիրոջ պիտի ըլլան, եւ ինք մինակ պիտի ելլէ։
5Իսկ եթէ ծառան յայտարարէ. “Ես կը սիրեմ իմ տէրս, կինս ու որդիներս, չեմ ուզեր դուրս ելլել եւ ազատ ըլլալ”,
6իր տէրը դատաւորներուն պիտի ներկայացնէ զինք, ու դրան կամ դրանդիներուն մօտեցնէ. իր տէրը հերիւնով պիտի ծակէ իր ականջը, եւ ինք միշտ ստրուկ պիտի ըլլայ անոր։
7Երբ մէկը իր աղջիկը ծախէ աղախին ըլլալու համար, ան դուրս պիտի չելլէ՝ ինչպէս ծառաները կ’ելլեն։
8Եթէ ան 1անհաճոյ ըլլայ իր տիրոջ՝ որ զայն իրեն նշաներ էր, զայն թող փրկել տայ. զայն օտար ժողովուրդի ծախելու իրաւասութիւն պիտի չունենայ, որովհետեւ անոր անհաւատարիմ եղաւ։
9Եթէ զայն իր որդիին նշանած է, աղջիկներու կանոնին համաձայն պիտի վարուի անոր հետ։
10Եթէ իրեն ուրիշ կին առնէ, անոր ուտելիքը, հանդերձն ու մերձաւորութիւնը պիտի չպակսեցնէ։
11Եթէ անոր չընէ այս երեք բաները, ան առանց վճարումի դուրս պիտի ելլէ, առանց դրամի»։
ՕՐԷՆՔՆԵՐ ՎԱՅՐԱԳ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
12«Մարդու մը զարնելով զայն մեռցնողը՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։
13Իսկ եթէ դարան չմտաւ, հապա զայն Աստուած մատնեց իր ձեռքը, քեզի տեղ մը պիտի որոշեմ, որպէսզի ինք հոն փախչի։
14Բայց եթէ մէկը յանդգնութեամբ իր ընկերին վրայ գայ եւ զայն խորամանկութեամբ սպաննէ, նոյնիսկ իմ զոհասեղանէ՛ս առ զայն՝ որպէսզի մեռնի։
15Իր հայրը կամ մայրը ծեծողը՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։
16Մարդ գողցողը, զայն ծախած ըլլայ թէ ան իր ձեռքը գտնուի, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։
17Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։
18Երբ մարդիկ իրարու հետ կռուին ու մէկը միւսին քարով կամ բռունցքով զարնէ եւ ան չմեռնի, հապա անկողին պառկի.
19եթէ դարձեալ ոտքի ելլէ ու իր ցուպով դուրսը քալէ, զարնողը անպարտ պիտի ըլլայ. միայն անոր 2կորսնցուցած ժամանակին արժէքը՝՝ պիտի հատուցանէ՝ մինչեւ որ բոլորովին բուժուի։
20Երբ մէկը գաւազանով իր ստրուկին կամ աղախինին զարնէ եւ ան իր ձեռքին տակ մեռնի, անշո՛ւշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի։
21Բայց եթէ օր մը կամ երկու օր 3ապրի, անկէ վրէժ պիտի չառնուի, քանի որ ան իր դրամն է։
22Երբ մարդիկ կռուին, եւ անոնցմէ մէկը յղի կնոջ մը զարնելով՝ անոր ծնանիլ տայ, թէեւ ուրիշ փորձանք մը չըլլայ՝ ան անշո՛ւշտ պիտի կրէ այդ կնոջ ամուսինին իր վրայ դրած տուգանքը, դատաւորներուն դատավճիռին համաձայն հատուցանելով։
23Բայց եթէ փորձանք մը ըլլայ, 4կեանքի տեղ կեանք՝՝ պիտի տաս,
24աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք,
25խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած։
26Երբ մէկը իր ստրուկին աչքին կամ աղախինին աչքին զարնէ եւ կուրցնէ, զայն ազատ պիտի արձակէ անոր աչքին փոխարէն։
27Ու եթէ իր ստրուկին ակռան կամ աղախինին ակռան փրցնէ, զայն ազատ պիտի արձակէ անոր ակռային փոխարէն»։
ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԻՐՈՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
28«Երբ եզ մը իր եղջիւրներով մարդու մը կամ կնոջ մը զարնէ ու մեռցնէ, եզը անշո՛ւշտ պիտի քարկոծուի եւ անոր միսը պիտի չուտուի. սակայն եզին տէրը անպարտ ըլլայ։
29Իսկ եթէ եզը 5առաջուընէ զարնող էր եւ անոր 6տէրը տեղեակ՝՝ էր, բայց զայն ներս պահած չէր, եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցուցեր է՝ եզը պիտի քարկոծուի, ու անոր տէրն ալ մեռցուի։
30Եթէ փրկանք մը պարտադրուի իրեն, իր անձին փրկութեան համար՝ պիտի վճարէ ինչ որ իրեն պարտադրուի։
31Որդիի մը թէ աղջիկի մը զարկած ըլլայ եզը, ա՛յս կանոնին համաձայն պիտի ըլլայ անոր։
32Եթէ եզը ստրուկի մը կամ աղախինի մը զարնէ, իր տէրը երեսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ անոնց տիրոջ, իսկ եզը պիտի քարկոծուի։
33Երբ մէկը հոր մը բանայ, կամ մէկը հոր մը փորէ եւ չծածկէ, ու հոն եզ մը կամ էշ մը իյնայ,
34հորին տէրը պիտի հատուցանէ եւ անոնց տիրոջ դրամ պիտի տայ. սակայն մեռածը իրը պիտի ըլլայ։
35Երբ մէկուն եզը իր ընկերին եզին զարնէ ու մեռցնէ, ողջ եզը պիտի ծախեն եւ անոր դրամը բաժնեն, ու մեռածն ալ բաժնեն։
36Իսկ եթէ գիտցուած էր թէ եզը առաջուընէ զարնող է, բայց անոր տէրը զայն ներս պահած չէ, անշո՛ւշտ պիտի հատուցանէ՝ եզի փոխարէն եզ. սակայն մեռածը իրը պիտի ըլլայ»։