Exodus 22
Genesis « Exodus 21 ‹ Exodus 22 › Exodus 23 » Leviticus
ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
1«Երբ մէկը եզ մը կամ ոչխար մը գողնայ, ու մորթէ կամ ծախէ զայն, մէկ եզին փոխարէն հինգ արջառ եւ մէկ ոչխարին փոխարէն չորս ոչխար պիտի հատուցանէ։
2Երբ գող մը տուն ծակելու ատեն գտնուի, զարնուի ու մեռնի, անոր համար արիւնի վրէժխնդրութիւն պիտի չըլլայ։
3Եթէ անոր վրայ արեւը ծագած էր, անոր համար արիւնի վրէժխնդրութիւն պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան կրնար լման հատուցանել. եթէ ոչինչ ունենար, իր գողցածին համար կրնար ծախուիլ։
4Եթէ գողցածը իր ձեռքը ողջ գտնուի, եզ ըլլայ թէ էշ կամ ոչխար, կրկինը պիտի հատուցանէ։
5Երբ մէկը արտի մը կամ այգիի մը 1վնաս տայ՝՝, արձակելով իր անասունը որ ուրիշի մը արտին մէջ արածի, իր արտին լաւագոյն բերքէն եւ այգիին լաւագոյն բերքէն պիտի հատուցանէ։
6Եթէ կրակ 2ցայտէ, ցանկապատին փուշերուն փակչի, ու ցորենի խուրձերը, կամ հասուն ցորենը, եւ կամ արտը սպառին, կրակը վառողը այրածին արժէքը լման պիտի հատուցանէ։
7Երբ մէկը իր ընկերին դրամ կամ առարկայ յանձնէ՝ պահելու համար, եւ այդ մարդուն տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի՝ կրկի՛նը թող հատուցանէ։
8Եթէ գողը չգտնուի, տան տէրը պիտի ներկայանայ դատաւորներուն, ստուգելու համար թէ իր ձեռքը դպցուցա՛ծ է իր ընկերին ստացուածքին։
9Ամէն տեսակ յանցանքի համար, եզի, իշու, ոչխարի կամ հանդերձի համար, կամ ամէն տեսակ կորսուած բանի համար՝ որ մէկը կը հաստատէ թէ իրն է, երկու կողմերուն խնդիրը դատաւորներուն առջեւ պիտի տարուի. ո՛վ որ դատաւորները դատապարտեն, անիկա կրկինը պիտի հատուցանէ իր ընկերին։
10Երբ մէկը իր ընկերին էշ մը, եզ մը, ոչխար մը, կամ որեւէ անասուն յանձնէ՝ պահելու համար, եւ ան մեռնի, կամ վիրաւորուի, կամ 3թշնամին առնէ տանի՝՝ ու տեսնող մը չըլլայ,
11երկուքին միջեւ Տէրոջ անունով երդումը պիտի հաստատէ թէ իր ընկերին ստացուածքին ձեռք դպցուցած չէ. անոր տէրը պիտի ընդունի երդումը, եւ ինք պիտի չհատուցանէ։
12Բայց եթէ իրապէս իր քովէն գողցուած է, ինք անոր տիրոջ պիտի հատուցանէ։
13Եթէ գազանէ բզքտուած է, թող բերէ զայն՝ իբր վկայութիւն, որ բզքտուածին արժէքը չհատուցանէ։
14Երբ մէկը իր ընկերէն անասուն մը փոխ առնէ ու ան վիրաւորուի կամ մեռնի մինչ անոր տէրը անոր հետ չէ, ինք անշո՛ւշտ պիտի հատուցանէ.
15բայց եթէ անոր տէրը անոր հետ էր, պիտի չհատուցանէ։ Եթէ վարձուած էր, վարձքին տեղ թող սեպուի»։
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
16«Երբ մէկը չնշանուած կոյս մը հրապուրէ ու անոր հետ պառկի, անշո՛ւշտ անոր օժիտը տալով զայն իրեն կին պիտի ընէ։
17Եթէ աղջիկին հայրը բոլորովին մերժէ տալ, ան կոյսերու օժիտին չափ դրամ պիտի 4տայ։
18Կախարդուհին ողջ մի՛ պահեր։
19Ո՛վ որ անասունի հետ պառկի, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։
20Միմիայն Տէրոջմէն զատ ուրիշ աստուածներու զոհողը բոլորովին պիտի անճիտուի։
21Գաղթականը մի՛ կեղեքեր եւ զայն մի՛ տանջեր. որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ պանդուխտ էիք։
22Ո՛չ մէկ այրի կամ որբ տառապեցուցէք։
23Եթէ զանոնք տառապեցնէք որեւէ կերպով, եւ անոնք ինծի աղաղակեն, անշո՛ւշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը.
24իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի, ձեզ սուրով պիտի մեռցնեմ, ու ձեր կիները՝ այրի, ու ձեր որդիները՝ որբ պիտի ըլլան։
25Երբ իմ ժողովուրդէս քու քովդ եղող դժբախտի մը դրամ փոխ տաս, վաշխառուի մը պէս մի՛ ըլլար անոր, ու վաշխ մի՛ դներ անոր վրայ։
26Եթէ քու ընկերիդ հանդերձը գրաւ առնես, արեւը մայր չմտած իրեն վերադարձուր.
27որովհետեւ ա՛յդ է միայն անոր ծածկոցը, իր մորթին հանդերձն է ատիկա. ինչո՞վ պիտի պառկի։ Եթէ ինծի աղաղակէ՝ մտիկ պիտի ընեմ, քանի որ ես ողորմած եմ։
28Դատաւորներուն մի՛ հայհոյեր, եւ քու ժողովուրդիդ իշխանը մի՛ անիծեր։
29Քու արմտիքներուդ ու հեղուկներուդ 5արդիւնքը մի՛ ուշացներ ինծի մատուցանել. քու որդիներուդ անդրանիկները ինծի պիտի տաս։
30Քու եզիդ ու ոչխարիդ ալ սա՛պէս ըրէ.— եօթը օր իր մօր հետ պիտի ըլլայ, եւ ութերորդ օրը զայն ինծի պիտի տաս։
31Դուք ինծի սուրբ մարդիկ պիտի ըլլաք. դաշտին մէջ գազաններէն բզքտուածին միսը մի՛ ուտէք, այլ՝ շուներո՛ւն նետեցէք»։