Exodus 24
Genesis « Exodus 23 ‹ Exodus 24 › Exodus 25 » Leviticus
ՈՒԽՏԸ ԿԸ ԿՆՔՈՒԻ
1Եւ Մովսէսի ըսաւ. «Բարձրացի՛ր Տէրոջ քով, դո՛ւն, նաեւ Ահարոն, Նադաբ ու Աբիուդ, եւ Իսրայէլի երէցներէն եօթանասուն հոգի, ու հեռուէ՛ն երկրպագեցէք։
2Բայց միայն Մովսէս թող մօտենայ Տէրոջ, իսկ անոնք թող չմօտենան, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոր հետ բարձրանայ»։
3Մովսէս եկաւ եւ Տէրոջ բոլոր խօսքերն ու բոլոր կանոնները հաղորդեց ժողովուրդին։ Ամբողջ ժողովուրդը միաձայն պատասխանեց. «Տէրոջ ըսած բոլոր խօսքերը պիտի գործադրենք»։
4Մովսէս Տէրոջ բոլոր խօսքերը գրեց. ապա առտուն՝ կանուխ ելաւ, լերան ստորոտը զոհասեղան կառուցանեց, ու տասներկու արձան կանգնեցուց՝ Իսրայէլի տասներկու տոհմերուն համեմատ։
5Եւ Իսրայէլի որդիներէն երիտասարդներ ղրկեց, որոնք ողջակէզներ մատուցանեցին ու խաղաղութեան զոհերու համար զուարակներ զոհեցին Տէրոջ։
6Մովսէս արիւնին կէսը առաւ եւ կոնքերու մէջ դրաւ, իսկ արիւնին միւս կէսը զոհասեղանին վրայ սրսկեց։
7Յետոյ՝ ուխտին գիրքը առաւ ու ժողովուրդին 1առջեւ կարդաց. անոնք ալ ըսին. «Տէրոջ ամբողջ ըսածը պիտի գործադրենք եւ անոր պիտի հնազանդինք»։
8Մովսէս արիւնը առաւ, ժողովուրդին վրայ սրսկեց ու ըսաւ. «Ահա՛ այս բոլոր խօսքերուն համաձայն՝ Տէրոջ ձեզի հետ կնքած ուխտին արիւնը»։
9Այն ատեն Մովսէս եւ Ահարոն, Նադաբ ու Աբիուդ եւ Իսրայէլի երէցներէն եօթանասուն հոգի բարձրացան,
10ու Իսրայէլի Աստուածը տեսան. անոր ոտքերուն տակ կարծես շափիւղայէ սալայատակ մը կար, պայծառութեամբ՝ բուն երկինքին պէս։
11Իսրայէլի որդիներէն ընտրեալներուն վրայ իր ձեռքը չդրաւ. Աստուած դիտեցին, կերան ու խմեցին։
ՄՈՎՍԷՍ ՍԻՆԱ ԼԵՐԱՆ ՎՐԱՅ
12Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Լե՛ռը բարձրացիր իմ քովս, ու հո՛ն կեցիր։ Քեզի պիտի տամ քարէ տախտակները, եւ իմ գրած Օրէնքս ու պատուիրաններս, որպէսզի անոնց սորվեցնես»։
13Մովսէս եւ անոր սպասարկուն՝ Յեսու կանգնեցան, ու Մովսէս Աստուծոյ լեռը բարձրացաւ
14եւ երէցներուն ըսաւ. «Դուք այստեղ մեզի՛ սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզի դառնանք։ Ահա՛ Ահարոն ու Ովր ձեզի հետ են. եթէ 2մէկը խնդիր մը ունենայ՝ անո՛նց թող ներկայանայ»։
15Մովսէս լեռը բարձրացաւ, եւ ամպը պատեց լեռը։
16Տէրոջ փառքը Սինա լերան վրայ կեցաւ, ու ամպը պատեց զայն վեց օր։ Եօթներորդ օրը Տէրը ամպին մէջէն կանչեց Մովսէսը։
17Տէրոջ փառքին երեւոյթը լերան գագաթին վրայ՝ սպառող կրակի պէս էր Իսրայէլի որդիներուն առջեւ։
18Մովսէս ամպին մէջ մտաւ եւ լեռը բարձրացաւ. Մովսէս քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը կեցաւ։