Loading...

Exodus 25

Genesis  «  Exodus 24  ‹  Exodus 25  ›  Exodus 26  »  Leviticus


ՍՈՒՐԲ ԽՈՐԱՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ելք. 35. 4-9)

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ինծի բարձրացնելիք ընծայ բերեն. իմ բարձրացնելիք ընծաս առէ՛ք ամէն մարդէ՝ որ յօժար սիրտով կու տայ։

3

Ահա՛ւասիկ այն բարձրացնելիք ընծան՝ որ անոնցմէ պիտի առնէք.— ոսկի, արծաթ եւ պղինձ,

4

1կապուտակ, 2ծիրանի ու 3կրկնակի կարմիր՝՝, բարակ քթան եւ այծի մազ,

5

կարմիր ներկուած խոյի մորթեր, իշղարի մորթեր ու սատիմի փայտեր,

6

լուսակալին համար իւղ, օծումի իւղին եւ անուշաբոյր խունկին համար բուրաւէտ համեմներ,

7

եղնգնաքարեր ու 4եփուտին եւ լանջապանակին վրայ ագուցանուելիք քարեր։

8

Ինծի սրբարա՛ն մը թող շինեն, որպէսզի իրենց մէջ բնակիմ։

9

Բոլոր քեզի ցոյց տուածներուս պէս, խորանին կերպարին եւ անոր բոլոր առարկաներուն կերպարին համաձայն, ճի՛շդ այդպէս շինեցէք»։


ՈՒԽՏԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԸ (Ելք. 37. 1-9)

10

«Սատիմի փայտէ տապանա՛կ մը թող շինեն. անոր երկայնքը երկուքուկէս կանգուն ըլլայ, լայնքը՝ մէկուկէս կանգուն, եւ բարձրութիւնը՝ մէկուկէս կանգուն։

11

Զայն զո՛ւտ ոսկիով պատէ. ներսէ՛ն ու դուրսէ՛ն պատէ զայն, եւ անոր շուրջը ոսկի շրջանա՛կ մը շինէ։

12

Անոր համար չո՛րս ոսկի օղակ ձուլէ ու անոր չո՛րս անկիւնները դիր զանոնք, որպէսզի անոր մէկ կողմը երկու օղակ ըլլայ, ու միւս կողմը՝ երկու օղակ։

13

Սատիմի փայտէ ձողե՛ր շինէ ու զանոնք ոսկիո՛վ պատէ։

14

Ձողերը տապանակին կողմերը եղող օղակներո՛ւն անցուր, որպէսզի տապանակը անոնցմով կրուի։

15

Ձողերը տապանակին օղակներուն մէջ թող մնան. անկէ թող չհանուին։

16

Եւ տապանակին մէջ դի՛ր այն Վկայութիւնը՝ որ քեզի պիտի տամ։

17

Զուտ ոսկիէ 5Քաւութի՛ւն մը շինէ. անոր երկայնքը երկուքուկէս կանգուն ըլլայ, եւ լայնքը՝ մէկուկէս կանգուն։

18

Ոսկիէ երկո՛ւ քերովբէ շինէ Քաւութեան երկու ծայրերուն վրայ. 6կռածո՛յ շինէ զանոնք։

19

Մէկ քերովբէն՝ մէ՛կ ծայրը շինէ, ու միւս քերովբէն՝ մի՛ւս ծայրը. քերովբէները Քաւութենէ՛ն առնուած շինեցէք, անոր երկու ծայրերը։

20

Քերովբէները իրենց թեւերը վերէն թող տարածեն, իրենց թեւերով Քաւութիւնը թող ծածկեն, եւ իրենց երեսները իրարու թող նային. քերովբէներուն երեսները դէպի Քաւութիւնը թող դարձած ըլլան։

21

Քաւութիւնը դի՛ր տապանակին վրայ, իսկ քեզի տալիք Վկայութիւնս՝ դի՛ր տապանակին մէջ։

22

Հո՛ն ես քեզի պիտի հանդիպիմ, ու Քաւութեան վրայէն, Վկայութեան տապանակին վրայ եղող երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, պիտի խօսիմ քեզի հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն համար քեզի տալիք բոլոր պատուիրաններուս մասին»։


ԱՍՏՈՒԾՈՑ ՄԱՏՈՒՑԱՆՈՒԱԾ ՀԱՑԻՆ ՍԵՂԱՆԸ (Ելք. 37. 10-16)

23

«Սատիմի փայտէ սեղա՛ն մը շինէ. անոր երկայնքը երկու կանգուն ըլլայ, լայնքը՝ մէկ կանգուն, ու բարձրութիւնը՝ մէկուկէս կանգուն։

24

Զայն զո՛ւտ ոսկիով պատէ, եւ անոր շուրջը ոսկի շրջանա՛կ մը շինէ։

25

Անոր շուրջը չորս մատնաչափ եզե՛րք մը շինէ, ու եզերքին շուրջը ոսկի շրջանա՛կ մը շինէ։

26

Անոր չո՛րս ոսկի օղակ շինէ, եւ անոր չորս անկիւնները՝ չո՛րս ոտքերուն քով դիր օղակները։

27

Օղակները եզերքին քով թող ըլլան, որպէսզի սեղանը կրելու ծառայող ձողերուն անցընելու 7տեղեր ըլլան։

28

Ձողերը սատիմի՛ փայտէ շինէ ու զանոնք ոսկիո՛վ պատէ. սեղանը անոնցմով պիտի կրուի։

29

Անոր ափսէնե՛ր, խնկամաննե՛ր, բաժակնե՛ր ու թասե՛ր շինէ, որպէսզի անոնցմով 8թափելիք նուէր ընծայուի՝՝. զանոնք զո՛ւտ ոսկիէ շինէ։

30

Սեղանին վրայ 9առաջադրութեան հացը շա՛րունակ իմ առջեւս դիր»։


ԱՇՏԱՆԱԿԸ (Ելք. 37. 17-24)

31

«Զուտ ոսկիէ աշտանա՛կ մը շինէ. կռածոյ թող շինուի աշտանակը։ Անոր բունը, ճիւղերը, սկահակները, գնդակներն ու ծաղիկները իրմէ առնուած թող ըլլան։

32

Անոր կողմերէն վեց ճիւղ թող ելլէ.— աշտանակին մէկ կողմէն՝ երեք ճիւղ, եւ աշտանակին միւս կողմէն՝ երեք ճիւղ։

33

Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով, եւ միւս ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով. աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը ա՛յսպէս թող ըլլան։

34

Աշտանակին վրայ չորս նշաձեւ սկահակ ըլլայ՝ իրենց գնդակներով եւ ծաղիկներով.

35

աշտանակէն 10ելած վեց ճիւղերէն երկու ճիւղի տակ՝ իրմէ ելած մէկ գնդակ ըլլայ, ուրիշ երկու ճիւղի տակ՝ իրմէ ելած մէկ գնդակ, եւ ուրիշ երկու ճիւղի տակ՝ իրմէ ելած մէկ գնդակ։

36

Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ առնուած թող ըլլան. ամբողջը՝ մէկ կտորէ, զուտ ոսկիէ, կռածոյ ըլլայ։

37

Անոր եօ՛թը ճրագ շինէ, որ երբ ճրագները վառուին՝ անոր առջե՛ւը լուսաւորեն։

38

Անոր ունելիները եւ անոր ճրագաբերանները զուտ ոսկիէ ըլլան։

39

Ան տաղանդ մը զուտ ոսկիով թող շինուի՝ այս բոլոր առարկաներով։

40

Նայէ՛, որ լեռը քեզի ցոյց տրուած կերպարին պէս շինես զանոնք»։



1 Այսինքն՝ կապուտակով ներկուած կերպաս
2 Այսինքն՝ ծիրանիով ներկուած կերպաս
3 Այսինքն՝ կրկնակի կարմիրով ներկուած կերպաս
4 Այսինքն՝ առանց թեզանիքի կարճ վերարկուին
5 Կամ՝ կափարիչ
6 Կամ՝ ճախարակեայ
7 Եբր.՝ տուներ
8 Եբր.՝ թափուի
9 Կամ՝ ներկայութեան
10 Եբր.՝ դուրս ելած