Exodus 26
Genesis « Exodus 25 ‹ Exodus 26 › Exodus 27 » Leviticus
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԸ (Ելք. 36. 8-38)
1«Խորանը շինէ՛ տասը վարագոյրով՝ մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանիէ ու կրկնակի կարմիրէ. շինէ՛ զանոնք՝ հնարագիտութեամբ գործուած քերովբէներով միասին։
2Մէկ վարագոյրին երկայնքը քսանութ կանգուն ըլլայ, եւ մէկ վարագոյրին լայնքը՝ չորս կանգուն։ Բոլոր վարագոյրները մէկ չափ թող ունենան։
3Հինգ վարագոյր իրարու թող կցուի, ու միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու թող կցուի։
4Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակնե՛ր շինէ. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նո՛յնպէս շինէ։
5Մէկ վարագոյրին վրայ յիսո՛ւն օղակ շինէ, եւ միւս կցուածքին վրայ եղող վարագոյրին ծայրն ալ յիսո՛ւն օղակ շինէ. օղակները դէմ դիմաց թող ըլլան։
6Յիսո՛ւն ոսկի ճարմանդ շինէ ու վարագոյրները ճարմանդներո՛վ կոճկէ, որպէսզի միակտուր խորան ըլլայ։
7Այծի մազէ վարագոյրնե՛ր շինէ՝ որ վրան մը ըլլայ խորանին վրայ. տասնմէ՛կ վարագոյր շինէ։
8Մէկ վարագոյրին երկայնքը երեսուն կանգուն ըլլայ, եւ մէկ վարագոյրին լայնքը՝ չորս կանգուն. տասնմէկ վարագոյրները մէ՛կ չափով ըլլան։
9Հինգ վարագոյր զա՛տ կցէ, ու վեց վարագոյր՝ զատ. վեցերորդ վարագոյրը վրանին առջեւի կողմը երկուքի՛ ծալէ։
10Կցուածքին ծայրը եղող մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ յիսո՛ւն օղակ շինէ, եւ միւս կցուածքին ծայրը եղող վարագոյրին եզերքին վրայ՝ յիսուն օղակ։
11Յիսո՛ւն պղինձէ ճարմանդ շինէ, ճարմանդները օղակներո՛ւն անցուր ու վրա՛նը կոճկէ, որպէսզի միակտուր ըլլայ։
12Վրանին վարագոյրներէն աւելորդ մնացածը, այսինքն վարագոյրին աւելցած կէսը, խորանին ետեւը 1կախուած թող մնայ։
13Վրանին վարագոյրներուն երկայնքէն աւելցածը, մէկ կանգուն՝ մէկ կողմէն, եւ մէկ կանգուն՝ միւս կողմէն, կախուած թող մնայ խորանին կողմերը, զայն մէկ կողմէն ու միւս կողմէն ծածկելու համար։
14Վրանին համար ծա՛ծք մը շինէ՝ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ, եւ ծածք մըն ալ անոր վրայ՝ իշղարի մորթերէ։
15Խորանին համար կանգնած մնացող տախտակնե՛ր շինէ՝ սատիմի փայտէ։
16Մէկ տախտակին երկայնքը տասը կանգուն ըլլայ, ու մէկ տախտակին լայնքը՝ մէկուկէս կանգուն։
17Ամէն մէկ տախտակ երկու ագուցիկ ծայր թող ունենայ՝ իրարու առընթեր. խորանին բոլոր տախտակները ա՛յսպէս ըրէ։
18Շինէ՛ խորանին տախտակները.— դէպի հարաւ՝ հարաւային կողմը քսան տախտակ շինէ,
19ու քսան տախտակներուն տակ՝ քառասո՛ւն արծաթէ խարիսխ։ Մէկ տախտակի տակ՝ իր երկու ագուցիկ ծայրերը անցընելու համար երկու խարիսխ թող ըլլայ, եւ ուրիշ տախտակի մը տակ՝ իր երկու ագուցիկ ծայրերը անցընելու համար՝ երկու խարիսխ։
20Խորանին միւս կողմին համար՝ հիւսիսային կողմը քսա՛ն տախտակ շինէ,
21ու անոնց քառասուն արծաթէ խարիսխները.— մէկ տախտակի տակ՝ երկու խարիսխ, եւ ուրիշ տախտակի մը տակ՝ երկու խարիսխ։
22Խորանին ետեւի կողմին համար՝ դէպի արեւմուտք վե՛ց տախտակ շինէ,
23ու խորանին անկիւններուն համար՝ ետեւի կողմը երկո՛ւ տախտակ շինէ։
24Ներքեւէն կրկնակ թող ըլլան, իսկ գագաթէն օղակով մը միացած. երկուքն ալ ա՛յսպէս թող ըլլան, երկու անկիւններուն համար թող ըլլան։
25Այսպէս՝ անոնք ութ տախտակ պիտի ըլլան, ու անոնց արծաթէ խարիսխները՝ տասնվեց խարիսխ.— մէկ տախտակի տակ՝ երկու խարիսխ ըլլայ, եւ ուրիշ տախտակի մը տակ՝ երկու խարիսխ։
26Սատիմի փայտէ նիգե՛ր շինէ. խորանին մէկ կողմի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ ըլլայ,
27խորանին միւս կողմի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ, ու դէպի արեւմուտք՝ խորանին ետեւի կողմի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ։
28Մէջտեղի նիգը, այսինքն տախտակներուն մէջտեղ եղողը, մէկ ծայրէն միւս ծայրը թող անցնի։
29Տախտակները ոսկիո՛վ պատէ, եւ անոնց օղակները՝ այսինքն նիգերուն անցընելու տեղերը՝ ոսկիէ՛ շինէ։ Նիգերն ալ ոսկիո՛վ պատէ։
30Խորանը կանգնեցո՛ւր այն ձեւին համաձայն, որ լերան վրայ քեզի ցոյց տրուեցաւ։
31Վարագո՛յր մը շինէ՝ կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ. հնարագիտութեամբ գործուած քերովբէներով միասին թող շինուի։
32Զայն դի՛ր սատիմի փայտէ չորս ոսկեպատ սիւնի վրայ. անոնց 2ճանկերը ոսկիէ ըլլան, ու չորս արծաթէ խարիսխի վրայ թող դրուին։
33Վարագոյրը ճարմանդներէ՛ն վար կախէ, եւ հո՛ն բեր՝ վարագոյրին ներսը՝ Վկայութեան տապանակը։ Վարագոյրը ձեզի համար Սրբութիւնը պիտի զատէ Սրբութիւններու սրբութենէն։
34Եւ Քաւութիւնը դի՛ր Վկայութեան տապանակին վրայ, Սրբութիւններու սրբութեան մէջ։
35Վարագոյրէն դո՛ւրս դիր սեղանը, ու սեղանին դիմաց՝ խորանին հարաւային կողմը՝ աշտանակը. սեղանը դի՛ր հիւսիսային կողմը։
36Վրանին մուտքին համար ասեղնագործ վարագո՛յր մը շինէ՝ կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ։
37Դրան վարագոյրին համար սատիմի փայտէ հի՛նգ սիւն շինէ ու զանոնք ոսկիո՛վ պատէ. անոնց ճանկերը ոսկիէ ըլլան, եւ անոնց համար պղինձէ հի՛նգ խարիսխ ձուլէ»։