Loading...

Exodus 27

Genesis  «  Exodus 26  ‹  Exodus 27  ›  Exodus 28  »  Leviticus


ԽՈՐԱՆԸ (Ելք. 38. 1-7)

1

«Զոհասեղանը սատիմի՛ փայտէ շինէ, երկայնքը՝ հինգ կանգուն, ու լայնքը՝ հինգ կանգուն. զոհասեղանը քառակուսի թող ըլլայ, եւ անոր բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն ըլլայ։

2

Անոր եղջիւրները շինէ՛ անոր չորս անկիւններուն վրայ։ Անոր եղջիւրները իրմէ առնուած թող ըլլան. զայն պղինձո՛վ պատէ։

3

Շինէ՛ անոր անօթները՝ անոր մոխիրները հանելու համար, նաեւ անոր թիակները, կոնքերը, մսահաններն ու կրակարանները. անոր բոլոր գործիքները պղինձէ՛ շինէ։

4

Անոր պղինձէ ցանցակերպ կասկարա՛յ մը շինէ, ու ցանցին վրայ չո՛րս պղինձէ օղակ շինէ՝ անոր չորս անկիւններուն համար։

5

Զայն դի՛ր զոհասեղանին շրջապատին տակ՝ ներքեւը, որպէսզի ցանցը գրեթէ զոհասեղանին մէջտեղը ըլլայ։

6

Զոհասեղանին համար ձողե՛ր շինէ. ձողերը սատիմի փայտէ ըլլան, ու զանոնք պղինձո՛վ պատէ։

7

Անոր ձողերը օղակներուն թող անցուին, ու ձողերը զոհասեղանին երկու կողմերը թող ըլլան՝ զայն կրելու համար։

8

Զայն տախտակներո՛վ շինէ՝ մէջը դատարկ, լեռը քեզի ցոյց տրուածին պէս. ճի՛շդ այդպէս թող շինեն զայն»։


ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ (Ելք. 38. 9-20)

9

«Խորանին սրա՛հը շինէ.— դէպի հարաւ՝ հարաւային կողմին համար՝ սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ՛ շինէ, հարիւր կանգուն երկայնութեամբ՝ մէկ կողմին համար,

10

անոր քսան սիւներով եւ անոնց քսան պղինձէ խարիսխներով. սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ ըլլան։

11

Նոյնպէս հիւսիսային կողմին համար՝ սրահին երկայնքին՝ վարագոյրնե՛ր շինէ, հարիւր կանգուն երկայնութեամբ, անոր քսան սիւներով եւ անոնց քսան պղինձէ խարիսխներով. սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ ըլլան։

12

Արեւմտեան կողմը՝ սրահին լայնքին՝ վարագոյրնե՛ր շինէ, յիսուն կանգուն երկայնութեամբ, իրենց տասը սիւներով եւ անոնց տասը խարիսխներով։

13

Դէպի արեւելք՝ արեւելեան կողմը՝ սրահին լայնքը յիսուն կանգուն ըլլայ.

14

մէկ 1թեւին համար վարագոյրնե՛ր շինէ, տասնհինգ կանգուն երկայնութեամբ, իրենց երեք սիւներով եւ անոնց երեք խարիսխներով,

15

նաեւ վարագոյրներ՝ միւս թեւին համար, տասնհինգ կանգուն երկայնութեամբ, իրենց երեք սիւներով եւ անոնց երեք խարիսխներով։

16

Սրահին դրան համար ասեղնագո՛րծ վարագոյր մը շինէ՝ կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ, քսան կանգուն երկայնութեամբ, իր չորս սիւներով եւ անոնց չորս խարիսխներով։

17

Սրահին շրջակայ բոլոր սիւները ըլլան արծաթէ կապերով, անոնց ճանկերը՝ արծաթէ, իսկ խարիսխները՝ պղինձէ։

18

Սրահին երկայնքը՝ հարիւր կանգուն թող ըլլայ, լայնքը՝ ամէն տեղ յիսուն, ու բարձրութիւնը՝ հինգ կանգուն. վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ ըլլան, եւ իրենց խարիսխները՝ պղինձէ։

19

Խորանին բոլոր առարկաները՝ իր ամբողջ ծառայութեան համար, իր բոլոր ցիցերն ու սրահին բոլոր ցիցերը պղինձէ ըլլան»։


ՃՐԱԳԻՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ (Ղեւ. 24. 1-4)

20

«Նաեւ պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի 2ծեծուած զուտ ձէթ բերեն՝ լուսակալին համար, որպէսզի ճրագը շարունակ վառի։

21

Ահարոն եւ անոր որդիները թող զետեղեն զայն՝ Հանդիպումի վրանին մէջ, Վկայութեան առջեւի վարագոյրէն դուրս, որ վառի Տէրոջ առջեւ՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու։ Ասիկա յաւիտենական կանոն թող ըլլայ իրենց սերունդներուն մէջ՝ Իսրայէլի որդիներուն համար»։



1 Եբր.՝ ուսին
2 Այսինքն՝ ծեծուած ձիթապտուղէն ինքնիրմէ հոսած