Exodus 28
Genesis « Exodus 27 ‹ Exodus 28 › Exodus 29 » Leviticus
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐԸ (Ելք. 39. 1-7)
1«Իսրայէլի որդիներուն մէջէն մօտեցո՛ւր քեզի եղբայրդ՝ Ահարոնը, եւ իրեն հետ իր որդիները, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարեն. Ահարոնը, ու Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարը եւ Իթամարը՝ Ահարոնի որդիները։
2Սուրբ հագուստնե՛ր շինէ եղբօրդ՝ Ահարոնի, փառքի ու շքեղութեան համար։
3Ըսէ՛ բոլոր 1միտքով իմաստուններուն՝ որոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնի հագուստներ շինեն՝ զայն սրբացնելու համար, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարէ։
4Ահա՛ւասիկ անոնց շինելիք հագուստները.— լանջապանակ, եփուտ, պարեգօտ, նկարազարդ պատմուճան, խոյր ու գօտի։ Սուրբ հագուստներ թող շինեն եղբօրդ՝ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարեն։
5Անոնք թող առնեն ոսկին, կապուտակը, ծիրանին, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը,
6եւ թող շինեն հնարագիտութեամբ գործուած եփուտը՝ ոսկի թելէ, կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիր ու մանուած բարակ քթանէ։
7Անոր երկու ծայրերը՝ անոր կցուած երկու ուսնոց թող ունենան, որպէսզի եփուտը միանայ։
8Եփուտին ժապաւէնը՝ որ անոր վրայ է, անոր շինուածքին պէս՝ նոյն նիւթերէն թող ըլլայ.— ոսկիէ, կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։
9Երկո՛ւ եղնգնաքար առ, եւ անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անուննե՛րը փորագրէ։
10Անոնց անուններէն վեցը՝ մէկ քարին վրայ փորագրէ՛, եւ մնացեալ վեց անունները՝ միւս քարին վրայ, անոնց ծնունդին համեմատ։
11Այդ երկու քարերուն վրայ փորագրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն անունները՝ ակնագործի բանուածքով, այսինքն կնիք փորագրելու պէս. զանոնք ագուցանէ՛ ոսկի ճանակներու մէջ։
12Երկու քարերը դի՛ր եփուտին ուսնոցներուն վրայ, որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան։ Ահարոն անոնց անունները իր երկու ուսերուն վրայ պիտի կրէ Տէրոջ առջեւ՝ յիշատակի համար։
13Նաեւ ոսկիէ ճանակնե՛ր շինէ,
14ու զուտ ոսկիէ երկու ոլորուած շղթայ. զանոնք հիւսէ՛, եւ հիւսուած շղթաները ճանակներո՛ւն անցուր»։
ԼԱՆՋԱՊԱՆԱԿԸ (Ելք. 39. 8-21)
15«Դատաստանի լանջապանակը հնարագիտութեամբ գործուած թող ըլլայ։ Շինէ՛ զայն եփուտին շինուածքին պէս՝ ոսկիէ, կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ։
16Քառակուսի թող ըլլայ ու երկուքի ծալուի։ Անոր երկայնքը մէկ թիզ ըլլայ, եւ անոր լայնքը՝ մէկ թիզ։
17Անոր վրայ 2ագուցանուելիք քարեր՝՝ ագուցանէ՛, չորս կարգ քար, սա՛ կարգով.— առաջին կարգը՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ.
18երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ եւ ադամանդ.
19երրորդ կարգը՝ արեւաքար, ակատ ու մեղեսիկ.
20չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար եւ յասպիս։ Ասոնք ոսկիի մէջ թող ագուցանուին, իրենց ագուցուածքներուն մէջ։
21Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս՝ տասներկու հատ թող ըլլան, անոնց անուններուն համեմատ. կնիքի նման թող փորագրուին, իւրաքանչիւրը իր անունով՝ տասներկու տոհմերուն համեմատ։
22Լանջապանակին վրայ՝ զուտ ոսկիէ ոլորուած եւ հիւսուած շղթանե՛ր շինէ։
23Լանջապանակին վրայ երկո՛ւ ոսկի օղակ շինէ, ու երկու օղակները դի՛ր լանջապանակին երկու ծայրերուն վրայ։
24Երկու հիւսուած ոսկի շղթաները անցո՛ւր լանջապանակին ծայրերը եղող երկու օղակներուն։
25Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը անցո՛ւր այդ երկու ճանակներուն, եւ զանոնք եփուտին ուսնոցներո՛ւն վրայ դիր, անոր առջեւի կողմը։
26Երկո՛ւ ոսկի օղակ ալ շինէ, ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին կցուած եզերքին երկո՛ւ ծայրերը դիր։
27Եւ ուրի՛շ երկու ոսկի օղակ շինէ, ու զանոնք եփուտին երկո՛ւ ուսնոցներուն ներքեւէն անցուր, անոր առջեւի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն։
28Լանջապանակը իր օղակներէն թող կապեն եփուտին օղակներուն՝ կապուտակէ շինուած երիզով, որպէսզի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ եւ լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի։
29Երբ Ահարոն սրբարանը մտնէ, իր սիրտին վրայ թող կրէ Իսրայէլի որդիներուն անունները՝ դատաստանի լանջապանակին վրայ փորագրուած, Տէրոջ առջեւ մշտատեւ յիշատակի համար։
30Դատաստանի լանջապանակին մէջ դի՛ր 3Ուրիմը եւ 4Թումիմը։ Անոնք Ահարոնի սիրտին վրայ թող ըլլան, երբ ան Տէրոջ առջեւ երթայ։ Ահարոն Տէրոջ առջեւ շարունակ իր սիրտին վրայ թող կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը»։
ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ (Ելք. 39. 22-31)
31«Եփուտին պարեգօտը ամբո՛ղջովին կապուտակէ շինէ։
32Անոր մէջտեղը գլուխ անցընելու բացուածք մը թող ըլլայ. բացուածքին շուրջը՝ զրահի բացուածքին պէս հիւսուած եզերք մը թող ունենայ, որպէսզի չպատռի։
33Իսկ անոր քղանցքին վրայ կապուտակէ, ծիրանիէ եւ կրկնակի կարմիրէ նուռե՛ր շինէ — անոր քղանցքին վրայ՝ բոլորաձեւ շարուած —, եւ անոնց մէջտեղը ոսկի զանգակնե՛ր դիր՝ բոլորաձեւ.
34պարեգօտին քղանցքին վրայ ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը, ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը ըլլան՝ բոլորաձեւ շարուած։
35Պաշտօն կատարելու համար ան Ահարոնի վրայ թող ըլլայ, եւ Տէրոջ առջեւ սրբարանը մտած ու ելած ատեն անոր ձայնը թող լսուի, որպէսզի չմեռնի։
36Զուտ ոսկիէ թիթե՛ղ մը շինէ, եւ անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս փորագրէ՛. 5“Տէրոջ սրբութիւնը” ՝՝։
37Նաեւ կապուտակէ երիզ մը անցուր անոր, որպէսզի խոյրին վրայ դրուի. խոյրին վրայ՝ անոր առջեւի կողմը թող ըլլայ։
38Ան Ահարոնի ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէսզի Ահարոն կրէ սուրբ բաներուն անօրէնութիւնը, երբ Իսրայէլի որդիները զանոնք սրբացնեն՝ իրենց բոլոր սուրբ պարգեւները մատուցանած ատեն։ Շարունակ իր ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէսզի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջ առջեւ։
39Պատմուճանը բարա՛կ քթանէ նկարակերտէ, ու խոյրը բարա՛կ քթանէ շինէ. գօտին ասեղնագո՛րծ շինէ։
40Ահարոնի որդիներուն պատմուճաննե՛ր շինէ, անոնց գօտինե՛ր շինէ, եւ փառքի ու շքեղութեան համար անոնց ապարօշնե՛ր շինէ։
41Զանոնք հագցո՛ւր քու եղբօրդ՝ Ահարոնի, եւ իրեն հետ՝ իր որդիներուն։ Զանոնք օծէ՛, 6զանոնք նուիրէ՛՝՝ ու զանոնք սրբացո՛ւր, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարեն։
42Անոնց կտաւէ անդրավարտիքնե՛ր շինէ՝ իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար. իրենց մէջքէն մինչեւ ազդրերը թող հասնին։
43Անոնք Ահարոնի եւ անոր որդիներուն վրայ թող ըլլան՝ երբ Հանդիպումի վրանը մտնեն, կամ երբ զոհասեղանին մօտենան սրբարանին մէջ՝ պաշտօն կատարելու համար, որ անօրէնութիւն չկրեն ու չմեռնին։ Ասիկա յաւիտենական կանոն մը թող ըլլայ իրեն եւ իրմէ ետք իր զարմին»։