Exodus 29
Genesis « Exodus 28 ‹ Exodus 29 › Exodus 30 » Leviticus
ԱՀԱՐՈՆԻ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ (Ղեւ. 8. 1-36)
1«Ահա՛ւասիկ ինչ որ անոնց պիտի ընես՝ զանոնք սրբացնելու համար, որպէսզի ինծի քահանայ ըլլան.— արջառներէն զուարա՛կ մը ու երկո՛ւ անարատ խոյ առ,
2նաեւ բաղարջ, իւղով շաղուած անխմոր կարկանդակներ ու իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ. ասոնք շինէ՛ ցորենի 1նաշիհով,
3զանոնք դի՛ր սակառի մը մէջ, եւ զանոնք մատուցանէ՛ սակառին մէջ՝ զուարակին ու երկու խոյերուն հետ։
4Ահարոնը եւ անոր որդիները մօտեցո՛ւր Հանդիպումի վրանին մուտքին, ու զանոնք ջուրո՛վ լուա։
5Հագուստները ա՛ռ եւ Ահարոնի հագցո՛ւր պատմուճանը, եփուտին պարեգօտը, եփուտն ու լանջապանակը, եւ զայն փաթթէ՛ եփուտին ժապաւէնով։
6Խոյրը դի՛ր անոր գլուխը, ու սուրբ պսակը դի՛ր խոյրին վրայ։
7Յետոյ օծումի ի՛ւղը առ, եւ անոր գլուխին վրայ թափելով՝ օծէ՛ զայն։
8Անոր որդիները մօտեցո՛ւր, անոնց պատմուճաննե՛ր հագցուր,
9անոնց մէջքը գօտի՛ կապէ,— այսինքն՝ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն,— անոնց գլուխը ապարօշնե՛ր փաթթէ, ու քահանայութիւնը իրե՛նց թող ըլլայ յաւիտենական կանոնով։ Ա՛յսպէս նուիրէ Ահարոնը եւ անոր որդիները։
10Զուարակը մօտեցո՛ւր Հանդիպումի վրանին առջեւ, եւ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը թող դնեն զուարակին գլուխին վրայ։
11Տէրոջ առջեւ մորթէ՛ զուարակը՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը։
12Զուարակին արիւնէն ա՛ռ եւ մատովդ դի՛ր զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ. իսկ մնացած ամբողջ արիւնը թափէ՛ զոհասեղանին յատակը։
13Փորոտիքը ծածկող ամբողջ ճարպը, լեարդին վրայ եղող թաղանթը, երկու երիկամունքը եւ անոնց վրայ եղող ճարպը ա՛ռ ու զոհասեղանին վրայ այրէ՛։
14Բայց զուարակին միսը, անոր մորթը եւ անոր թրիքը կրակո՛վ այրէ բանակավայրէն դուրս. ասիկա մեղքի պատարագ մըն է։
15Խոյերէն մէ՛կը առ, ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը թող դնեն խոյին գլուխին վրայ։
16Այդ խոյը մորթէ՛, անոր արիւնը ա՛ռ ու սրսկէ՛ զոհասեղանին վրայ՝ բոլորաձեւ։
17Խոյը կտորներո՛ւ բաժնէ. անոր փորոտիքը եւ թաթերը լուա՛, ու զանոնք դի՛ր անոր կտորներուն եւ գլուխին վրայ։
18Յետոյ ամբո՛ղջ խոյը այրէ զոհասեղանին վրայ. ասիկա ողջակէզ է Տէրոջ. անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջ։
19Մի՛ւս խոյն ալ առ, ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը թող դնեն խոյին գլուխին վրայ։
20Խոյը մորթէ՛, անոր արիւնէն ա՛ռ, ու դի՛ր Ահարոնի աջ ականջին բլթակին վրայ, անոր որդիներուն աջ ականջին բլթակին վրայ, անոնց աջ ձեռքին բթամատին վրայ, եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ. իսկ մնացած արիւնը սրսկէ՛ զոհասեղանին վրայ՝ բոլորաձեւ։
21Յետոյ զոհասեղանին վրայ եղող արիւնէն ու օծումի իւղէն ա՛ռ, եւ սրսկէ՛ Ահարոնի վրայ ու անոր հագուստներուն վրայ, եւ անոր հետ՝ իր որդիներուն վրայ ու որդիներուն հագուստներուն վրայ։ Ա՛յսպէս պիտի սրբանան ինք եւ իր հագուստները, ու իրեն հետ իր որդիները եւ որդիներուն հագուստները։
22Ապա խոյէն ա՛ռ ճարպն ու դմակը, փորոտիքը ծածկող ճարպը, լեարդին վրայի թաղանթը, երկու երիկամունքը, անոնց վրայ եղող ճարպը եւ աջ զիստը,— որովհետեւ ասիկա նուիրումի խոյն է,—
23նաեւ ա՛ռ Տէրոջ առջեւ եղող բաղարջի սակառէն՝ մէկ հացի նկանակ, մէկ իւղով հացի կարկանդակ եւ մէկ լաւաշ,
24ու բոլո՛րը դիր Ահարոնի ափը եւ անոր որդիներուն ափը, ու զանոնք Տէրոջ առջեւ 2մատուցանէ՛ իբր երերցնելիք ընծայ։
25Յետոյ անոնց ձեռքէն ա՛ռ զանոնք, եւ զոհասեղանին վրայ — ողջակէզին վրայ — այրէ՛ Տէրոջ առջեւ՝ անոյշ հոտի համար. ասիկա պատարագ մըն է Տէրոջ։
26Ահարոնի նուիրումին համար պատրաստուած խոյին երբո՛ւծը առ, ու զայն Տէրոջ առջեւ մատուցանէ՛ իբր երերցնելիք ընծայ. ատիկա քո՛ւ բաժինդ թող ըլլայ։
27Ահարոնի համար եւ անոր որդիներուն համար եղող նուիրումի խոյին երերցնելիք երբո՛ւծն ու բարձրացնելիք զի՛ստը սրբացուր։
28Ասիկա յաւիտենական կանոնով Ահարոնի եւ անոր որդիներուն թող ըլլայ՝ Իսրայէլի որդիներուն կողմէն, որովհետեւ ասիկա բարձրացնելիք ընծայ է։ Ան բարձրացնելիք ընծայ թող ըլլայ Իսրայէլի որդիներէն — իրենց խաղաղութեան զոհերէն —. իրենց բարձրացնելիք ընծան թող ըլլայ Տէրոջ։
29Ահարոնի սուրբ հագուստները՝ իրմէ ետք իր որդիներուն թող ըլլան, որպէսզի անոնցմով օծուին ու անոնցմով նուիրուին։
30Իր որդիներէն ա՛ն որ իր տեղը քահանայ է՝ թող հագնի զանոնք եօթը օր, երբ Հանդիպումի վրանը մտնէ՝ սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար։
31Նուիրումի խո՛յը առ ու անոր միսը սո՛ւրբ տեղ մը եփէ։
32Ահարոն եւ իր որդիները թող ուտեն խոյին միսն ու սակառին մէջի հացը՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը։
33Անոնք թող ուտեն այն բաները՝ որոնցմով քաւութիւն եղաւ զիրենք նուիրելու եւ սրբացնելու համար։ Օտար մը անոնցմէ թող չուտէ, որովհետեւ անոնք սուրբ են։
34Եթէ նուիրումի միսէն ու հացէն մինչեւ առտու մնայ, այդ մնացածը կրակո՛վ այրէ. ան թող չուտուի, քանի որ սուրբ է։
35Ահարոնի եւ անոր որդիներուն ա՛յսպէս ըրէ, բոլոր քեզի պատուիրածներուս համաձայն։ Եօ՛թը օրուան մէջ կատարէ անոնց նուիրումը։
36Օրը մէ՛կ զուարակ իբր մեղքի պատարագ ընծայէ՝ քաւութեան համար. զոհասեղանը մեղքէ՛ մաքրէ երբ անոր համար քաւութիւն ընես, եւ զայն օծէ՛ սրբացնելու համար։
37Զոհասեղանին համար եօ՛թը օր քաւութիւն ըրէ, ու զայն սրբացո՛ւր. զոհասեղանը ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ինչ որ զոհասեղանին դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ»։
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ԸՆԾԱՆԵՐ (Թիւ. 28. 1-8)
38«Զոհասեղանին վրայ ընծայելիք զոհդ սա՛ է.— շարունակ՝ ամէն օր՝ մէկ տարեկան երկու գառ.
39մէկ գառը առտո՛ւն ընծայէ, իսկ միւս գառը իրիկուա՛ն դէմ ընծայէ։
40Նաեւ մէկ գառին հետ ընծայէ՛ մէկ տասներորդ 3նաշիհ՝ քառորդ հիմէն ծեծուած իւղով շաղուած, ու թափելիք նուէրին համար՝ քառորդ հիմէն գինի։
41Միւս գառը իրիկուա՛ն դէմ ընծայէ. զայն ընծայէ՛ առտուան հացի ընծային պէս եւ անոր թափելիք նուէրին պէս, իբր անուշահոտ պատարագ Տէրոջ։
42Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ մշտատեւ ողջակէզ ըլլայ Տէրոջ առջեւ՝ Հանդիպումի վրանին դրան քով, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ՝ քեզի հետ խօսելու համար։
43Հոն Իսրայէլի որդիներուն պիտի հանդիպիմ, ու վրանը իմ փառքովս պիտի սրբացուի։
44Հանդիպումի վրանը եւ զոհասեղանը պիտի սրբացնեմ։ Ահարոնն ու անոր որդիներն ալ պիտի սրբացնեմ, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարեն։
45Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղը պիտի բնակիմ եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ,
46ու պիտի գիտնան թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ իրենց Աստուածը, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի զիրենք՝ իրենց մէջտեղը բնակելու համար։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ իրենց Աստուածը»։