Exodus 30
Genesis « Exodus 29 ‹ Exodus 30 › Exodus 31 » Leviticus
ԽՈՒՆԿ ԾԽԵԼՈՒ ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԸ (Ելք. 37. 25-28)
1«Խունկ ծխելու զոհասեղա՛ն մը շինէ. սատիմի՛ փայտէ շինէ զայն։
2Անոր երկայնքը կանգուն մը ըլլայ, անոր լայնքը՝ կանգուն մը — քառակուսի թող ըլլայ —, եւ անոր բարձրութիւնը՝ երկու կանգուն։ Անոր եղջիւրները իրմէ առնուած ըլլան։
3Զայն զո՛ւտ ոսկիով պատէ — անոր վրան, անոր կողմերը՝ բոլորաձեւ, ու անոր եղջիւրները —, եւ անոր շուրջը ոսկի շրջանա՛կ մը շինէ։
4Անոր երկո՛ւ ոսկի օղակ շինէ՝ անոր շրջանակին տակ, անոր երկու անկիւնները. անոր երկո՛ւ կողմերուն վրայ շինէ, որպէսզի անոնք անցընելու տեղեր ըլլան ձողերուն՝ զայն ասոնցմով կրելու համար։
5Ձողերը սատիմի՛ փայտէ շինէ եւ զանոնք ոսկիո՛վ պատէ։
6Զայն դի՛ր Վկայութեան տապանակին քով եղող վարագոյրին առջեւ — Վկայութեան վրայ եղող Քաւութեան առջեւ —, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։
7Ահարոն անոր վրայ անուշաբոյր խունկ թող ծխէ. ամէն առտու, երբ ճրագները յարդարէ՝ խունկ թող ծխէ։
8Նաեւ իրիկուան դէմ, երբ ճրագները վառէ՝ Ահարոն խունկ թող ծխէ, որ Տէրոջ առջեւ մշտատեւ խունկ ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ։
9Անոր վրայ օտար խունկ, կամ ողջակէզ, կամ հացի ընծայ մի՛ մատուցանէք. անոր վրայ թափելիք նուէր մի՛ 1ընծայէք։
10Ահարոն տարին մէ՛կ անգամ անոր եղջիւրներուն վրայ թող քաւութիւն ընէ. քաւութիւններուն մեղքի պատարագին արիւնով անոր վրայ թող քաւութիւն ընէ տարին մէ՛կ անգամ, ձեր սերունդներուն մէջ։ Ասիկա ամենասուրբ է Տէրոջ»։
ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՏՈՒՐՔԸ
11Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
12«Երբ Իսրայէլի որդիներուն գումարը առնես՝ իրենց թուարկումին համեմատ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անձին փրկանքը թող տայ Տէրոջ՝ զանոնք թուարկած ատենդ, որպէսզի անոնց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք թուարկես։
13Անոնք սա՛ թող տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի թուարկումէն՝ սրբարանի սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ թող տայ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է. Տէրոջ բարձրացնելիք ընծան կէս սիկղ ըլլայ։
14Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղող՝ որ կ’անցնի թուարկումէն, բարձրացնելիք ընծայ թող տայ Տէրոջ։
15Երբ ձեր անձերուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջ բարձրացնելիք ընծան տաք՝ կէս սիկղէն ո՛չ աւելի թող տայ հարուստը, ո՛չ ալ պակաս՝ չքաւորը։
16Իսրայէլի որդիներէն ա՛ռ քաւութեան արծաթը եւ 2յատկացո՛ւր Հանդիպումի վրանին ծառայութեան, որպէսզի Տէրոջ առջեւ յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր անձերուն քաւութիւն ընելու համար»։
ՊՂԻՆՁԷ ԱՒԱԶԱՆԸ
17Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
18«Նաեւ պղինձէ աւազա՛ն մը շինէ լուացումի համար. անոր խարիսխն ալ պղինձէ ըլլայ։ Հանդիպումի վրանին եւ զոհասեղանին մէջտե՛ղ դիր զայն, ու ջո՛ւր լեցուր անոր մէջ։
19Ահարոն եւ իր որդիները անոր մէջ թող լուան իրենց ձեռքերն ու ոտքերը։
20Երբ անոնք Հանդիպումի վրանը մտնեն, կամ երբ զոհասեղանին մօտենան՝ պաշտօն կատարելու եւ Տէրոջ պատարագ մատուցանելու համար, ջուրով թող լուացուին՝ որպէսզի չմեռնին։
21Ուստի իրենց ձեռքերն ու ոտքերը թող լուան, որպէսզի չմեռնին. ասիկա իրենց յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր զարմին՝ իրենց սերունդներուն մէջ»։
ՕԾՈՒՄԻՆ ԻՒՂԸ
22Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
23«Ա՛ռ քեզի 3պատուական բուրաւէտ համեմներ,— զուտ զմուռս՝ հինգ հարիւր սիկղ, անոր կէսին չափ՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն սիկղ բուրաւէտ կինամոն, երկու հարիւր յիսուն սիկղ բուրաւէտ խունկեղէգ,
24հինգ հարիւր սիկղ կասիա՝ սրբարանի սիկղին համեմատ, ու մէկ հիմէն ձէթ,—
25եւ սուրբ օծումի ի՛ւղ շինէ զանոնք, 4բուրագործի արհեստին համեմատ բաղադրուած օծանելիք մը։ Ան սուրբ օծումի իւղ թող ըլլայ,
26ու անո՛վ օծէ Հանդիպումի վրանը, Վկայութեան տապանակը,
27սեղանը եւ անոր բոլոր առարկաները, աշտանակն ու անոր առարկաները, խունկին զոհասեղանը,
28ողջակէզին զոհասեղանը՝ իր բոլոր առարկաներուն հետ, աւազանն ու անոր խարիսխը։
29Սրբացո՛ւր զանոնք, որպէսզի ամենասուրբ ըլլան. ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ։
30Ահարոն եւ իր որդիները օծէ՛ ու զանոնք սրբացո՛ւր, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարեն։
31Իսրայէլի որդիներուն ըսէ՛. “Ասիկա ինծի օծումի սուրբ իւղ թող ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ։
32Զայն մարդու մարմինի վրայ մի՛ թափէք, եւ անոր չափերուն համեմատ անոր նմանը մի՛ շինէք։ Ասիկա սուրբ է, ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ։
33Ո՛վ որ անոր նմանը բաղադրէ, կամ ո՛վ որ անկէ 5օտարի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի”»։
ԽՈՒՆԿԸ
34Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ա՛ռ քեզի բոյրեր, այսինքն՝ ստաշխ, եղունգ եւ քաղբան, այս բոյրերը՝ զուտ կնդրուկով. ամէն մէկէն՝ հաւասար ծանրութեամբ թող ըլլայ։
35Անոնցմով խո՛ւնկ շինէ՝ բուրագործի արհեստին համեմատ բաղադրուած, 6իրարու խառնուած՝՝, մաքուր ու սուրբ։
36Անկէ ծեծէ՛ քիչ մը՝ շատ մանր, եւ դի՛ր Հանդիպումի վրանին մէջ՝ Վկայութեան առջեւ, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Ան ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ։
37Այդ շինելիք խունկիդ չափերուն համեմատ դուք ձեզի համար մի՛ շինէք. ան քեզի սուրբ պիտի ըլլայ, Տէրոջ նուիրուած։
38Ո՛վ որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինէ, իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի»։