Loading...

Exodus 31

Genesis  «  Exodus 30  ‹  Exodus 31  ›  Exodus 32  »  Leviticus


ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ (Ելք. 35. 30-36. 1)

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Ահա՛ Յուդայի տոհմէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին՝ Բեսելիէլը իր անունով կանչեցի,

3

եւ Աստուծոյ Հոգիով լեցուցի զայն՝ իմաստութեամբ, հանճարով ու գիտութեամբ, ամէն տեսակ գործի համար,

4

որպէսզի հնարքներ 1մտածելով՝ ոսկի, արծաթ եւ պղինձ գործածէ,

5

ագուցանելու համար քարեր տաշէ, փայտ քանդակէ, ու ամէն տեսակ գործ կատարէ։

6

Եւ ահա՛ Դանի տոհմէն Աքիսամայի որդին՝ Ոհողիաբը տուի անոր հետ։ Ամէն իմաստունի սիրտին մէջ իմաստութիւն դրի, որպէսզի բոլոր քեզի պատուիրածներս ընեն.—

7

Հանդիպումի վրանը, Վկայութեան տապանակն ու անոր վրայ եղող Քաւութիւնը, վրանին բոլոր առարկաները,

8

սեղանը եւ անոր առարկաները, մաքուր աշտանակը՝ իր բոլոր առարկաներով, խունկին զոհասեղանը

9

ողջակէզին զոհասեղանը՝ իր բոլոր առարկաներով, աւազանը եւ անոր խարիսխը,

10

պաշտամունքին հագուստները, Ահարոն քահանային սուրբ հագուստներն ու անոր որդիներուն հագուստները՝ քահանայութիւն կատարելու համար,

11

եւ օծումի իւղն ու սրբարանին համար անուշաբոյր խունկը։ Թող ընեն՝ բոլոր քեզի պատուիրածներուս համաձայն»։


ՇԱԲԱԹ՝ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

12

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

13

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Անշո՛ւշտ իմ Շաբաթներս պիտի պահէք. որովհետեւ այս նշան մըն է իմ ու ձեր միջեւ՝ ձեր սերունդներուն մէջ, որպէսզի գիտնաք թէ ձեզ սրբացնող Տէրը ե՛ս եմ։

14

Ուստի Շաբաթը պահեցէ՛ք, քանի որ ան ձեզի սուրբ է. ո՛վ որ զայն պղծէ՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. արդարեւ ո՛վ որ այդ օրը գործ մը ընէ, այդ անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուի։

15

Վե՛ց օր գործ ըրէք, բայց եօթներորդ օրը՝ հանգիստի Շաբաթը՝ սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջ։ Ո՛վ որ Շաբաթ օրը գործ մը ընէ, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։

16

Իսրայէլի որդիները Շաբաթը թող պահեն, որպէսզի իրենց սերունդներուն մէջ Շաբաթը կատարեն իբր յաւիտենական ուխտ։

17

Ան յաւիտենական նշան մըն է իմ եւ Իսրայէլի որդիներուն միջեւ. քանի որ Տէրը վեց օրուան մէջ 2ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ ու 3հանգստացաւ”»։

18

Երբ Սինա լերան վրայ Մովսէսի հետ խօսիլը աւարտեց, Վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, քարէ տախտակներ՝ Աստուծոյ մատով գրուած։



1 Եբր.՝ հնարելով
2 Եբր.՝ ըրաւ
3 Եբր.՝ շունչ առաւ