Exodus 32
Genesis « Exodus 31 ‹ Exodus 32 › Exodus 33 » Leviticus
ՈՍԿԻ ՀՈՐԹԸ (Բ. Օր. 9. 6-29)
1Երբ ժողովուրդը տեսաւ թէ Մովսէս կը յամենար լեռնէն իջնելու, ժողովուրդը Ահարոնի քով համախմբուեցաւ եւ անոր ըսաւ. «Կանգնէ՛, մեզի աստուածնե՛ր շինէ՝ որ մեր առջեւէն երթան, քանի որ այդ Մովսէսը՝ մեզ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացնող մարդը՝ չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ անոր»։
2Ահարոն անոնց ըսաւ. «Ձեր կիներուն, որդիներուն եւ աղջիկներուն ականջները եղած ոսկի օղերը 1հանեցէ՛ք ու ինծի՛ բերէք»։
3Ամբողջ ժողովուրդը՝ իրենց ականջները եղած օղերը հանեցին եւ Ահարոնի բերին։
4Ան ալ առաւ անոնց ձեռքէն, 2դուրով մը ձեւաւորեց ու ձուլածոյ հորթ մը շինեց։ Եւ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասո՛նք են քու աստուածներդ՝ որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացուցին»։
5Երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ զոհասեղան մը կառուցանեց, ու Ահարոն գոչել տուաւ. «Վաղը տօն է Տէրոջ»։
6Հետեւեալ օրը՝ կանուխ ելան, եւ ողջակէզներ մատուցանեցին ու խաղաղութեան զոհեր բերին. ապա ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու, ու կանգնեցան զբօսնելու։
7Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Գնա՛, իջի՛ր, որովհետեւ ապականեցաւ քու ժողովուրդդ՝ որ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացուցիր.
8անոնք շուտով շեղեցան այն ճամբայէն՝ որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագեցին. անոր զոհեցին ու ըսին. “Ո՛վ Իսրայէլ, ասո՛նք են քու աստուածներդ՝ որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացուցին”»։
9Եւ Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ես այս ժողովուրդը տեսայ, եւ ահա՛ ան խստապարանոց ժողովուրդ մըն է.
10ուստի հիմա ձգէ՛ զիս՝ որ իմ բարկութիւնս անոնց դէմ բորբոքի եւ սպառեմ զանոնք, ու քեզ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ»։
11Բայց Մովսէս Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն 3պաղատեցաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ դէմ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ կարողութեամբ եւ ուժեղ ձեռքով։
12Ինչո՞ւ Եգիպտացիները խօսին ու ըսեն. “Չարիքի համար հանեց զանոնք, որպէսզի լեռներուն մէջ մեռցնէ եւ զանոնք երկրագունդի մակերեսէն սպառէ”։ Կասեցո՛ւր քու բորբոքած բարկութիւնդ ու հրաժարէ՛ այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ։
13Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը եւ Իսրայէլը, որոնց քու անձո՛վդ երդում ըրիր, ու ըսիր անոնց. “Ձեր զարմը երկինքի աստղերուն պէս պիտի բազմացնեմ, եւ այս ամբողջ երկիրը՝ որուն մասին խօսեցայ, ձեր զարմին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտենապէս”»։
14Եւ Տէրը հրաժարեցաւ այն չարիքէն, որուն համար ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ։
15Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ։ Վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին. անոնք թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին։
16Տախտակները Աստուծոյ գործն էին. գրութիւնը Աստուծոյ գրութիւնն էր, տախտակներուն վրայ փորագրուած։
17Երբ Յեսու գոռացող ժողովուրդին գոչիւնը լսեց, Մովսէսի ըսաւ. «Բանակավայրին մէջ պատերազմի աղմուկ կայ»։
18Իսկ ան ըսաւ. «Ասիկա 4յաղթողներու կանչի՝՝ աղմուկ չէ, ո՛չ ալ 5յաղթուածներու կանչի՝՝ աղմուկ է. հապա ես 6խմբերգի ձայն կը լսեմ»։
19Երբ Մովսէս՝ բանակավայրին մօտենալով՝ տեսաւ հորթն ու պարերը, բարկութիւնը բորբոքեցաւ, տախտակները իր ձեռքէն նետեց եւ լերան ստորոտը կոտրտեց զանոնք։
20Յետոյ անոնց շինած հորթը առաւ, կրակով այրեց, մանր աղաց, ապա ջուրին վրայ ցանեց եւ Իսրայէլի որդիներուն խմցուց։
21Մովսէս Ահարոնի ըսաւ. «Այս ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ քեզի, որ անոր վրայ այսչափ մեծ մեղք մը բերիր»։
22Ահարոն ըսաւ. «Իմ տիրոջս բարկութիւնը թող չբորբոքի. դուն կը ճանչնաս այս ժողովուրդը, որ չարին հակամէտ է։
23Ինծի ըսին. “Մեզի աստուածնե՛ր շինէ՝ որպէսզի մեր առջեւէն երթան, քանի որ այդ Մովսէսը՝ մեզ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացնող մարդը՝ չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ անոր”։
24Ես ալ ըսի անոնց. “Ո՛վ որ ոսկի ունի՝ թող հանէ”։ Բերին ինծի, ու ես կրակը ձգեցի զայն, եւ այս հորթը դուրս ելաւ»։
25Երբ Մովսէս ժողովուրդին 7անառակութիւնը տեսաւ, (որովհետեւ Ահարոն 8թողուցած էր զանոնք՝ որ անառակութիւն ընեն՝՝, իրենց թշնամիներուն մէջ խայտառակ ըլլալու չափ,)
26Մովսէս բանակավայրին դուռը կայնեցաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ որ Տէրոջ կողմէն է, ինծի թող գայ»։ Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան։
27Անոնց ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Իւրաքանչիւրը իր սուրը ազդրին վրայ թող դնէ, բանակավայրին մէջ դռնէ դուռ անցնի ու վերադառնայ, եւ իւրաքանչիւրը իր եղբայրը, իւրաքանչիւրը իր ընկերը եւ իւրաքանչիւրը իր հարեւանը մեռցնէ”»։
28Ղեւիի որդիները Մովսէսի խօսքին համաձայն ըրին, ու այդ օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկաւ։
29Արդարեւ Մովսէս ըսեր էր. «Այսօր դուք ձեզ Տէրո՛ջ նուիրեցէք, իւրաքանչիւրը նոյնիսկ զոհելով իր որդին եւ իր եղբայրը, որպէսզի ձեզի օրհնութիւն տայ այսօր»։
30Հետեւեալ օրը՝ Մովսէս ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք. հիմա Տէրոջ քով պիտի բարձրանամ, թերեւս քաւութիւն մը ընեմ ձեր մեղքին համար»։
31Մովսէս Տէրոջ վերադարձաւ ու ըսաւ. «Ո՜հ, այս ժողովուրդը մեծ մեղք մը գործեց՝ իրեն ոսկիէ աստուածներ շինելով։
32Իսկ հիմա եթէ անոնց մեղքերը ներես՝ ներէ. եթէ ոչ՝ կ’աղերսե՛մ, ջնջէ՛ զիս քու գրած գիրքէդ»։
33Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ո՛վ որ ինծի դէմ մեղանչեց, զայն իմ գիրքէս պիտի ջնջեմ։
34Ուստի հիմա գնա՛, ժողովուրդը առաջնորդէ՛ այն տեղը՝ որ քեզի ըսի։ Ահա՛ իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց իմ այցելութեանս օրը՝ անոնց մեղքը պիտի հատուցանեմ իրենց»։
35Եւ Տէրը ժողովուրդը հարուածեց, քանի որ Ահարոնի շինած հորթը շինած էին։