Exodus 33
Genesis « Exodus 32 ‹ Exodus 33 › Exodus 34 » Leviticus
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԹՈՂՈՒԼ ՍԻՆԱ ԼԵՌԸ
1Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Վե՛ր ելիր ասկէ, դուն ու ժողովուրդը որ Եգիպտոսի երկրէն բարձրացուցիր, եւ գնա՛ այն երկիրը, որ երդումով խոստացայ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի՝ ըսելով. “Քու զարմիդ պիտի տամ զայն”։
2Քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ եւ Քանանացին, Ամորհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ։
3Բարձրացի՛ր կաթ ու մեղր հոսեցնող երկիրը. բայց ես 1ձեզի հետ՝՝ պիտի չբարձրանամ, որպէսզի քեզ ճամբան չսպառեմ, քանի որ դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես»։
4Երբ ժողովուրդը այս չարագուշակ լուրը լսեց՝ սգաց, եւ ո՛չ մէկը իր զարդերը իր վրայ դրաւ։
5Տէրը ըսած էր Մովսէսի. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. “Դուք խստապարանոց ժողովուրդ մըն էք. եթէ վայրկեան մը քու մէջդ բարձրանամ, քեզ պիտի սպառեմ. ուստի հիմա քու վրայէդ վերցո՛ւր զարդերդ, որպէսզի գիտնամ թէ ի՛նչ պիտի ընեմ քեզի”»։
6Ուստի Իսրայէլի որդիները իրենց զարդերը հանեցին Քորեբ լերան քով։
ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՆԸ
7Մովսէս առաւ վրանը ու բանակավայրէն դուրս լարեց զայն, բանակավայրէն հեռու, եւ Հանդիպումի վրան կոչեց զայն։ Ո՛վ որ Տէրը կը 2խնդրէր, դուրս կ’ելլէր դէպի Հանդիպումի վրանը՝ որ բանակավայրէն դուրս էր։
8Երբ Մովսէս դուրս կ’ելլէր՝ դէպի վրանը, ամբողջ ժողովուրդը ոտքի կ’ելլէր, իւրաքանչիւրը իր վրանին մուտքը կը կայնէր ու Մովսէսի ետեւէն կը նայէր, մինչեւ որ ան վրանը մտնէր։
9Երբ Մովսէս վրանը մտնէր, ամպի սիւնը կ’իջնէր եւ վրանին մուտքը կը կենար, ու Տէրը Մովսէսի հետ կը խօսէր։
10Ամբողջ ժողովուրդը կը տեսնէր թէ ամպի սիւնը վրանին մուտքը կեցած է. ամբողջ ժողովուրդը ոտքի կ’ելլէր եւ իւրաքանչիւրը կ’երկրպագէր՝ իր վրանին մուտքը։
11Տէրը կը խօսէր Մովսէսի հետ՝ երես առ երես, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի. ապա Մովսէս բանակավայրը կը վերադառնար։ Բայց անոր սպասարկուն, Նաւէի որդին՝ Յեսու երիտասարդը, վրանէն չէր հեռանար։
ՏԷՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԸԼԼԱԼ
12Մովսէս Տէրոջ ըսաւ. «Նայէ՛, դուն ինծի կ’ըսես. “Բարձրացո՛ւր այս ժողովուրդը”. բայց դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՛վ ինծի հետ պիտի ղրկես։ Սակայն ըսիր. “Քեզ անունովդ կը ճանչնամ”. նաեւ. “Իմ 3առջեւս շնորհք գտար”։
13Ուստի հիմա կ’աղերսե՛մ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, 4ցուցո՛ւր ինծի քու ճամբադ, կ’աղերսե՛մ, որ ճանչնամ քեզ, որպէսզի քու առջեւդ շնորհք գտնեմ. եւ 5յիշէ՛ թէ այս ազգը քո՛ւ ժողովուրդդ է»։
14Ան ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ, ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։
15Մովսէս անոր ըսաւ. «Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզ ասկէ մի՛ հաներ։
16Արդարեւ ի՞նչպէս պիտի գիտցուի թէ ես եւ քու ժողովուրդդ քու առջեւդ շնորհք գտանք. միթէ քու մեզի հետ երթալովդ չէ՞։ Այսպէս՝ ես ու քու ժողովուրդդ երկրագունդի մակերեսին վրայ եղող բոլոր ժողովուրդներէն պիտի զատորոշուինք»։
17Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Այս բանն ալ պիտի ընեմ՝ որ դուն ըսիր, որովհետեւ իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ»։
18Մովսէս ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, քու փա՛ռքդ ցոյց տուր ինծի»։
19Տէրը ըսաւ. «Իմ ամբողջ բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ, ու Տէրոջ անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ. անո՛ր որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ, եւ անո՛ր վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։
20Նաեւ աւելցուց. «Դուն երեսս չես կրնար տեսնել. որովհետեւ ո՛չ մէկ մարդ կրնայ զիս տեսնել ու ողջ մնալ»։
21Տէրը ըսաւ. «Ահա՛ քովս տեղ մը կայ. վէմի՛ն վրայ կայնէ։
22Երբ իմ փառքս անցնի, քեզ վէմին ծակին մէջ պիտի դնեմ եւ քեզ ափովս պիտի ծածկեմ, մինչեւ որ ես անցնիմ։
23Յետոյ ափս պիտի վերցնեմ, ու իմ ետեւէս պիտի տեսնես. բայց երեսս պիտի չտեսնուի»։