Loading...

Exodus 34

Genesis  «  Exodus 33  ‹  Exodus 34  ›  Exodus 35  »  Leviticus


ԵՐԿՐՈՐԴ ՔԱՐԷ ՏԱԽՏԱԿՆԵՐԸ (Բ. Օր. 10. 1-5)

1

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Քեզի երկո՛ւ քարէ տախտակ կոփէ՝ առաջիններուն պէս, եւ այդ տախտակներուն վրայ պիտի գրեմ քու կոտրտած առաջին տախտակներուդ վրայի խօսքերը։

2

Վաղը առտուն պատրա՛ստ եղիր, առտուն կանուխ բարձրացի՛ր Սինա լեռը, ու հոն՝ լերան գագաթը՝ առջե՛ւս կայնէ։

3

Ո՛չ մէկը թող բարձրանայ քեզի հետ, եւ ո՛չ մէկը թող տեսնուի ամբողջ լերան վրայ, ո՛չ ալ այդ լերան 1ստորոտը ոչխար կամ արջառ թող արածի»։

4

Մովսէս երկու քարէ տախտակ կոփեց՝ առաջիններուն պէս. առտուն՝ կանուխ ելաւ, ու երկու քարէ տախտակները իր ձեռքը առնելով՝ Սինա լեռը բարձրացաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։

5

Տէրը ամպով իջաւ, եւ հոն կեցաւ՝ անոր քով. ու Տէրոջ անունը կանչեց։

6

Տէրը անոր առջեւէն անցաւ, եւ գոչեց. «Տէ՛րը, Տէ՛րը, Աստուած գթած ու ողորմած, համբերատար եւ առատաձեռն՝ կարեկցութեամբ ու ճշմարտութեամբ,

7

որ կարեկցութիւնը հազարներուն կը պահէ, անօրէնութիւնը, յանցանքը եւ մեղքը կը ներէ. բայց յանցաւորը ամենեւին անպատիժ չի թողուր, հապա հայրերուն անօրէնութիւնը կը հատուցանէ որդիներուն ու որդիներուն որդիներուն, մինչեւ երրորդ եւ չորրորդ սերունդը»։

8

Մովսէս շտապելով մինչեւ գետին խոնարհեցաւ ու երկրպագեց,

9

եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, եթէ այժմ 2առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղերսե՛մ, իմ Տէրս մեզի հետ թող երթայ, 3որովհետեւ ասիկա խստապարանոց ազգ մըն է. ներէ՛ մեր անօրէնութիւնն ու մեր մեղքերը, եւ մեզ քու ժառանգութի՛ւնդ ըրէ»։


ՈՒԽՏԸ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ (Ելք. 23. 14-19, Բ. Օր. 7. 1-5, 16. 1-17)

10

Տէրը ըսաւ. «Ահա՛ ես ուխտ մը կը կնքեմ։ Քու ամբողջ ժողովուրդիդ առջեւ այնպիսի սքանչելիքներ պիտի ընեմ, որ ամբողջ երկրի վրայ ու բոլոր ազգերուն մէջ չեն եղեր։ Ամբողջ ժողովուրդը, որուն մէջ ես դուն, պիտի տեսնէ Տէրոջ գործը, որովհետեւ ահաւոր է այն բանը՝ որ քեզի պիտի ընեմ։

11

Մի՛տքդ պահէ ինչ որ քեզի կը պատուիրեմ այսօր։ Ահա՛ պիտի վռնտեմ քու առջեւէդ Ամորհացին, Քանանացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին եւ Յեբուսացին։

12

Զգուշացի՛ր դուն քեզի, որ քու գացած երկրիդ բնակիչներուն հետ ուխտ չկնքես, որպէսզի ան քու մէջդ որոգայթ չըլլայ։

13

Անոնց բագինները փլցուցէ՛ք, արձանները կոտրտեցէ՛ք, եւ 4աստարովթները կտրեցէ՛ք։

14

Արդարեւ ուրիշ աստուծոյ մի՛ երկրպագեր, քանի որ Եհովան “Նախանձախնդիր” կը կոչուի ու նախանձախնդիր Աստուած է։

15

Այդ երկրին բնակիչներուն հետ ուխտ մի՛ կնքեր, որպէսզի երբ անոնք իրենց աստուածներուն հետ պոռնկին եւ իրենց աստուածներուն զոհեն, քեզ չկանչեն ու դուն անոնց զոհէն չուտես։

16

Անոնց աղջիկներէն քու որդիներուդ կին մի՛ առներ, որպէսզի երբ անոնց աղջիկները իրենց աստուածներուն հետ պոռնկին, քու որդիներուդ ալ պոռնկիլ չտան՝ իրենց աստուածներուն հետ։

17

Ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շիներ դուն քեզի։

18

Կատարէ՛ Բաղարջակերքի տօնը. Ապիպ ամսուան մէջ՝ սահմանուած ատենին, ինչպէս քեզի պատուիրեցի՝ եօ՛թը օր բաղարջ կեր. որովհետեւ Ապիպ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։

19

Ամէն մօր արգանդ բացող իմս է. նաեւ քու խաշինքէդ ամէն արու առջինեկը, թէ՛ եզ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, իմս է։

20

Բայց իշուն առջինեկը գառո՛վ փրկէ. եթէ չփրկես, անոր ծոծրա՛կը կոտրէ։ Քու որդիներուդ ամէն անդրանիկը փրկէ՛. ո՛չ մէկը իմ առջեւս պարապ ձեռքով թող երեւնայ։

21

Վե՛ց օր գործէ, բայց եօթներորդ օրը հանգստացի՛ր. թէ՛ վարուցանի եւ թէ՛ հունձքի ատեն հանգստացի՛ր։

22

Կատարէ՛ Շաբաթներու տօնը, այսինքն ցորենի երախայրիքին Հունձքի տօնը, ու Բերքի տօնը՝ տարուան վախճանը։

23

Ձեր բոլոր արուները տարին երեք անգամ թող երեւնան Տէրոջ՝ Եհովայի, Իսրայէլի Աստուծոյն առջեւ։

24

Արդարեւ քու առջեւէդ ազգերը պիտի վտարեմ ու քու հողամասդ պիտի ընդարձակեմ. եւ ո՛չ մէկը քու երկրիդ պիտի ցանկայ, երբ տարին երեք անգամ բարձրանաս որ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ առջեւ երեւնաս։

25

Իմ 5զոհերս խմորեալ հացով մի՛ մատուցաներ՝՝, ու Զատիկի տօնին զոհը մինչեւ առտու թող չմնայ։

26

Քու հողիդ առաջի՛ն երախայրիքը բեր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ տունը։ Ուլը իր մօր կաթին մէջ մի՛ եփեր»։

27

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Գրէ՛ այս խօսքերը. որովհետեւ այս խօսքերուն համաձայն քեզի հետ ու Իսրայէլի հետ ուխտ կնքեցի»։

28

Եւ ան հոն կեցաւ՝ Տէրոջ հետ, քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն՝ տասը պատուիրանները։


ՄՈՎՍԷՍ Կ’ԻՋՆԷ ՍԻՆԱ ԼԵՌՆԷՆ

29

Երբ Մովսէս Սինա լեռնէն իջաւ, — Վկայութեան երկու տախտակները Մովսէսի ձեռքն էին լեռնէն իջած ատենը —, Մովսէս չէր գիտեր թէ իր երեսին մորթը լուսափայլ եղած էր մինչ Տէրը իրեն հետ կը խօսէր։

30

Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր որդիները տեսան Մովսէսը, եւ ահա՛ անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր. ուստի անոր մօտենալու վախցան։

31

Բայց Մովսէս կանչեց զանոնք. Ահարոն ու համայնքին բոլոր իշխանները վերադարձան անոր, եւ Մովսէս խօսեցաւ անոնց հետ։

32

Անկէ ետք Իսրայէլի բոլոր որդիները մօտեցան, ու պատուիրեց անոնց ամէն ինչ որ Տէրը խօսեր էր իրեն Սինա լերան վրայ։

33

Մովսէս մինչեւ անոնց հետ խօսիլը աւարտելը՝ իր երեսը քօղ դրաւ։

34

Բայց երբ Մովսէս Տէրոջ առջեւ մտնէր՝ անոր հետ խօսելու համար, մինչեւ դուրս ելլելը՝ քօղը կը վերցնէր. յետոյ դուրս կ’ելլէր ու իրեն պատուիրուածը Իսրայէլի որդիներուն կը խօսէր։

35

Իսրայէլի որդիները Մովսէսի երեսին նայելով կը տեսնէին թէ Մովսէսի երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Ուստի Մովսէս իր երեսը քօղով կը ծածկէր մինչեւ մտնելը՝ անոր հետ խօսելու համար։



1 Եբր.՝ դիմաց
2 Եբր.՝ աչքերուդ
3 Կամ՝ թէեւ
4 Այսինքն՝ Քանանացիներու չաստուածուհիին նուիրուած ցիցերը
5 Եբր.՝ զոհերուս արիւնը խմորեալ հացի վրայ մի՛ թափեր