Loading...

Exodus 35

Genesis  «  Exodus 34  ‹  Exodus 35  ›  Exodus 36  »  Leviticus


ՇԱԲԱԹԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1

Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը համախմբեց եւ անոնց ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ այն խօսքերը որ Տէրը պատուիրեց, որպէսզի զանոնք գործադրէք։

2

Վե՛ց օր գործ ըրէք, բայց եօթներորդ օրը սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի, այսինքն հանգիստի Շաբաթ՝ Տէրոջ նուիրուած։ Ո՛վ որ այդ օրը գործ մը ընէ՝ պիտի մեռցուի։

3

Շաբաթ օրը ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ կրակ մի՛ վառէք»։


ՍՈՒՐԲ ԽՈՐԱՆԻՆ ԸՆԾԱՆԵՐԸ (Ելք. 25. 1-9)

4

Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց.

5

“Ձեր մէջէն բարձրացնելիք ընծա՛յ առէք Տէրոջ։ Ո՛վ որ սիրտով կը յօժարի՝ թող բերէ Տէրոջ բարձրացնելիք ընծան.— ոսկի, արծաթ եւ պղինձ,

6

կապուտակ, ծիրանի ու կրկնակի կարմիր, բարակ քթան եւ այծի մազ,

7

կարմիր ներկուած խոյի մորթեր, իշղարի մորթեր ու սատիմի փայտեր,

8

լուսակալին համար իւղ, օծումի իւղին եւ անուշաբոյր խունկին համար համեմներ,

9

եղնգնաքարեր ու եփուտին եւ լանջապանակին վրայ ագուցանուելիք քարեր”»։


ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ (Ելք. 39. 32-43)

10

«Ձեր մէջ ամէն սիրտով իմաստուն թող գայ ու Տէրոջ բոլոր պատուիրած բաները շինէ.—

11

խորանը, անոր վրանը եւ ծածքը, անոր ճարմանդները, տախտակները, նիգերը, սիւներն ու խարիսխները.

12

տապանակն ու ձողերը, Քաւութիւնը եւ ծածկող վարագոյրը.

13

սեղանը, անոր ձողերն ու բոլոր առարկաները, առաջադրութեան հացը.

14

նաեւ լուսակալին աշտանակը, անոր առարկաները, անոր ճրագներն ու լուսակալին իւղը.

15

խունկին զոհասեղանը եւ անոր ձողերը. օծումի իւղն ու անուշաբոյր խունկը. մուտքի վարագոյրը՝ խորանի մուտքին համար.

16

ողջակէզին զոհասեղանը եւ անոր պղինձէ ցանցակերպ կասկարան, անոր ձողերն ու բոլոր առարկաները. աւազանը եւ անոր խարիսխը.

17

սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրան վարագոյրը.

18

խորանին ցիցերը, սրահին ցիցերն ու անոնց չուանները.

19

պաշտամունքին հագուստները՝ սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար. եւ Ահարոն քահանային սուրբ հագուստներն ու անոր որդիներուն հագուստները, որպէսզի քահանայութիւն կատարեն»։


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ԻՐ ԸՆԾԱՆԵՐԸ

20

Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Մովսէսի առջեւէն դուրս ելաւ։

21

Բոլոր պատրաստակամ սիրտ ունեցողներն ու բոլոր հոգիով յօժարողները եկան եւ Տէրոջ բարձրացնելիք ընծայ բերին Հանդիպումի վրանին գործին համար, անոր ամբողջ ծառայութեան համար ու սուրբ հագուստներուն համար։

22

Թէ՛ այր մարդիկ եւ թէ կիներ եկան, որքան որ սիրտով յօժարող կար, ու բերին օղակներ, օղեր, մատանիներ, 1մանեակներ, ամէն տեսակ ոսկիէ իրեր։ Ամէն ընծայ բերող՝ ոսկիէ երերցնելիք ընծայ բերաւ Տէրոջ։

23

Ամէն մարդ, որուն քով կը գտնուէր կապուտակ, ծիրանի եւ կրկնակի կարմիր, բարակ քթան ու այծի մազ, կարմիր ներկուած խոյի մորթեր եւ իշղարի մորթեր, բերաւ զանոնք։

24

Ամէն արծաթէ ու պղինձէ բարձրացնելիք ընծայ մատուցանող՝ բարձրացնելիք ընծան բերաւ Տէրոջ։ Որո՛ւն քով որ ծառայութեան ամէն գործին պիտանի սատիմի փայտ կը գտնուէր՝ բերաւ։

25

Սիրտով իմաստուն բոլոր կիները՝ իրենց ձեռքերո՛վ մանեցին, եւ իրենց մանած կապուտակը, ծիրանին, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը բերին։

26

Պատրաստակամ սիրտ եւ իմաստութիւն ունեցող բոլոր կիները՝ այծի մազ մանեցին։

27

Իշխանները եղնգնաքարեր ու եփուտին եւ լանջապանակին համար ագուցանուելիք քարեր բերին,

28

նաեւ բուրաւէտ համեմներ ու իւղ՝ լուսակալին համար, օծումի իւղին համար եւ անուշաբոյր խունկին համար։

29

Իսրայէլի որդիները յօժարակամ ընծայ բերին Տէրոջ — ամէն մարդ կամ կին, որ յօժար սիրտ ունէր բերելու ամէն տեսակ գործի համար, որ Տէրը Մովսէսի 2միջոցով պատուիրեր էր՝ որպէսզի շինուի։


ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ԳՈՐԾԱՒՈՐՆԵՐԸ (Ելք. 31. 1-11)

30

Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Ահա՛ Տէրը Յուդայի տոհմէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին՝ Բեսելիէլը կանչեց,

31

եւ Աստուծոյ Հոգիով լեցուց զայն՝ իմաստութեամբ, հանճարով ու գիտութեամբ, ամէն տեսակ գործի համար,

32

որպէսզի հնարքներ 3մտածելով՝ ոսկի, արծաթ եւ պղինձ գործածէ,

33

ագուցանելու համար քարեր տաշէ, փայտ քանդակէ, ամէն տեսակ հնարուած գործ կատարէ։

34

Նաեւ անոր սիրտին մէջ սորվեցնելու կարողութիւնը դրաւ. թէ՛ անոր, թէ՛ Դանի տոհմէն Աքիսամայի որդիին՝ Ոհողիաբի։

35

Սիրտի իմաստութեամբ լեցուց զանոնք, որպէսզի ամէն տեսակ գործ կատարեն — փորագրիչի, հնարագէտի, նաեւ կապուտակի, ծիրանիի, կրկնակի կարմիրի ու բարակ քթանի վրայ նկարակերտողի, եւ ոստայնանկի —, այսինքն՝ որեւէ գործ կատարեն ու հնարք մտածեն»։



1 Կամ՝ լանջագեղ կամարներ
2 Եբր.՝ ձեռքով
3 Եբր.՝ հնարելով