Exodus 36
Genesis « Exodus 35 ‹ Exodus 36 › Exodus 37 » Leviticus
1
Այն ատեն Բեսելիէլ, Ոհողիաբ եւ բոլոր սիրտով իմաստունները, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ՝ կատարել գիտնալու համար սրբարանի ծառայութեան ամէն տեսակ գործ, Տէրոջ բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրին։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ՇԱՏ ԸՆԾԱՆԵՐ
2Մովսէս կանչեց Բեսելիէլն ու Ոհողիաբը, եւ բոլոր սիրտով իմաստունները՝ որոնց սիրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն բոլոր անոնք՝ որ պատրաստակամ սիրտով գործին մօտեցան, զայն ընելու համար։
3Անոնք Մովսէսէ առին բոլոր բարձրացնելիք ընծաները, որ Իսրայէլի որդիները բերին՝ սրբարանի ծառայութեան գործը անոնցմով ընելու համար։ Սակայն ասոնք տակաւին ամէն առտու յօժարակամ ընծաներ կը բերէին անոր։
4Սրբարանին ամբողջ գործը կատարող բոլոր իմաստուն մարդիկը՝ իւրաքանչիւրը իր ըրած գործէն եկաւ,
5եւ խօսեցան Մովսէսի՝ ըսելով. «Ժողովուրդը աւելի՛ կը բերէ, քան որչափ պէտք է՝ ծառայելու այն գործին, որ Տէրը պատուիրեց ընել»։
6Ուստի Մովսէս պատուիրեց բանակավայրին մէջ 1ծանուցանել. «Ա՛լ ո՛չ մարդ, ո՛չ կին թող գործ ընէ սրբարանին բարձրացնելիք ընծային համար»։ Այսպէս ժողովուրդը ընծայ բերելէն դադրեցաւ,
7որովհետեւ բերուած նիւթերը ամբողջ գործը ընելու համար բաւական էին, եւ աւելցան ալ։
ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 26. 1-37)
8Խորանին գործը կատարողներէն ամէն սիրտով իմաստուն՝ տասը վարագոյր շինեց մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանիէ ու կրկնակի կարմիրէ. զանոնք հնարագիտութեամբ գործուած քերովբէներով միասին շինեց։
9Մէկ վարագոյրին երկայնքը՝ քսանութ կանգուն էր, եւ մէկ վարագոյրին լայնքը՝ չորս կանգուն. բոլոր վարագոյրները մէկ չափ ունէին։
10Հինգ վարագոյր իրարու կցեց, միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու կցեց։
11Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակներ շինեց. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս շինեց։
12Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինեց, եւ միւս կցուածքին վրայ եղող վարագոյրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինեց. օղակները դէմ դիմաց էին։
13Յիսուն ոսկի ճարմանդ շինեց, ու վարագոյրները ճարմանդներով իրարու կոճկեց. այսպէս՝ խորանը միակտուր եղաւ։
14Խորանին վրայի վրանին համար այծի մազէ վարագոյրներ շինեց. անոնցմէ տասնմէկ վարագոյր շինեց։
15Մէկ վարագոյրին երկայնքը երեսուն կանգուն էր, եւ մէկ վարագոյրին լայնքը՝ չորս կանգուն. տասնմէկ վարագոյրը մէկ չափ ունէր։
16Հինգ վարագոյր զատ կցեց, ու վեց վարագոյր՝ զատ։
17Կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինեց, եւ միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ՝ յիսուն օղակ։
18Յիսուն պղինձէ ճարմանդ շինեց, որպէսզի վրանը կոճկէ ու միակտուր ըլլայ։
19Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածք մը շինեց, եւ անոր վրայ՝ իշղարի մորթերէ ծածք մը։
20Խորանին համար կանգնած մնացող տախտակներ շինեց՝ սատիմի փայտէ։
21Մէկ տախտակին երկայնքը տասը կանգուն էր, ու մէկ տախտակին լայնքը՝ մէկուկէս կանգուն։
22Ամէն մէկ տախտակ իրարու առընթեր երկու ագուցիկ ծայր ունէր. խորանին բոլոր տախտակները ա՛յսպէս ըրաւ։
23Խորանին տախտակներ շինեց.— դէպի հարաւ՝ անոր հարաւային կողմին համար քսան տախտակ,
24ու քսան տախտակներուն տակ՝ քառասուն արծաթէ խարիսխ. այսինքն մէկ տախտակի տակ՝ իր երկու ագուցիկ ծայրերը անցընելու համար երկու խարիսխ շինեց, եւ ուրիշ տախտակի մը տակ՝ իր երկու ագուցիկ ծայրերը անցընելու համար՝ երկու խարիսխ։
25Խորանին միւս կողմին համար՝ դէպի հիւսիս քսան տախտակ շինեց,
26ու անոնց քառասուն արծաթէ խարիսխները.— մէկ տախտակի տակ՝ երկու խարիսխ, եւ ուրիշ տախտակի մը տակ՝ երկու խարիսխ։
27Խորանին ետեւի կողմին համար՝ դէպի արեւմուտք վեց տախտակ շինեց։
28Խորանին ետեւի կողմի անկիւններուն համար երկու տախտակ շինեց։
29Անոնք ներքեւէն կրկնակ էին, իսկ գագաթէն օղակով մը կը միանային։ Երկուքին ալ երկու անկիւնները ա՛յսպէս ըրաւ։
30Այսպէս՝ ութ տախտակ էին, ու անոնց արծաթէ խարիսխները՝ տասնվեց խարիսխ էին, ամէն մէկ տախտակի տակ՝ երկու խարիսխ։
31Սատիմի փայտէ նիգեր շինեց. խորանին մէկ կողմի տախտակներուն համար՝ հինգ,
32խորանին միւս կողմի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ, եւ խորանին ետեւի կողմի — դէպի արեւմուտք եղող — տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ։
33Մէջտեղի նիգը այնպէս շինեց, որ տախտակներուն մէջտեղէն՝ մէկ ծայրէն միւս ծայրը անցնի։
34Տախտակները ոսկիով պատեց, ու անոնց օղակները ոսկիէ շինեց՝ նիգերուն անցընելու տեղեր ըլլալու համար։ Նիգերն ալ ոսկիով պատեց։
35Կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց վարագոյրը. հնարագիտութեամբ գործուած՝ քերովբէներով միասին շինեց զայն։
36Սատիմի փայտէ չորս սիւն շինեց անոր, եւ ոսկիով պատեց զանոնք. անոնց ճանկերը ոսկիէ էին. անոնց չորս արծաթէ խարիսխ ձուլեց։
37Վրանի մուտքին համար՝ կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ ասեղնագործ վարագոյր մը շինեց։
38Անոր հինգ սիւներն ու անոնց ճանկերը շինեց, եւ անոնց խոյակներն ու կապերը ոսկիով պատեց. անոնց հինգ խարիսխները պղինձէ էին։