Loading...

Exodus 37

Genesis  «  Exodus 36  ‹  Exodus 37  ›  Exodus 38  »  Leviticus


ՈՒԽՏԻ ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 25. 10-22)

1

Բեսելիէլ սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնքը երկուքուկէս կանգուն էր, անոր լայնքը՝ մէկուկէս կանգուն, եւ անոր բարձրութիւնը՝ մէկուկէս կանգուն։

2

Ներսէն ու դուրսէն զուտ ոսկիով պատեց զայն, եւ անոր շուրջը ոսկի շրջանակ մը շինեց։

3

Անոր չորս անկիւններուն համար չորս ոսկի օղակ ձուլեց, այսինքն անոր մէկ կողմը՝ երկու օղակ, ու միւս կողմը՝ երկու օղակ։

4

Սատիմի փայտէ ձողեր շինեց, զանոնք ոսկիով պատեց,

5

եւ ձողերը անցուց տապանակին կողմերը եղող օղակներուն, որպէսզի տապանակը անոնցմով կրուի։

6

Քաւութիւնը զուտ ոսկիէ շինեց. անոր երկայնքը երկուքուկէս կանգուն էր, ու լայնքը՝ մէկուկէս կանգուն։

7

Երկու ոսկիէ քերովբէ շինեց. զանոնք կռածոյ շինեց, Քաւութեան երկու ծայրերը.

8

մէկ քերովբէն՝ մէկ կողմի ծայրը, միւս քերովբէն՝ միւս կողմի ծայրը։ Քերովբէները Քաւութենէն առնուած շինեց, անոր երկու ծայրերը։

9

Քերովբէները իրենց թեւերը վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերով Քաւութիւնը կը ծածկէին։ Իրենց երեսները իրարու կը նայէին. քերովբէներուն երեսները դէպի Քաւութիւնը դարձած էին։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑԱՆՈՒԱԾ ՀԱՑԻՆ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 25. 23-30)

10

Սեղանը սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնքը երկու կանգուն էր, լայնքը՝ մէկ կանգուն, ու բարձրութիւնը՝ մէկուկէս կանգուն։

11

Զուտ ոսկիով պատեց զայն, եւ անոր շուրջը ոսկի շրջանակ մը շինեց։

12

Նաեւ անոր շուրջը չորս մատնաչափ եզերք մը շինեց, ու եզերքին շուրջը՝ ոսկի շրջանակ մը։

13

Չորս ոսկի օղակ ձուլեց անոր համար, եւ օղակները անոր չորս ոտքերուն քով՝ չորս անկիւնները դրաւ։

14

Օղակները եզերքին քով էին. սեղանը կրելու ծառայող ձողերուն անցընելու տեղերն էին։

15

Սեղանը կրելու ծառայող ձողերը սատիմի փայտէ շինեց եւ զանոնք ոսկիով պատեց։

16

Սեղանին վրայ եղող առարկաները, անոր ափսէները, խնկամանները, թասերն ու 1թափելիք նուէր ընծայելու՝՝ բաժակները զուտ ոսկիէ շինեց։


ԱՇՏԱՆԱԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 25. 31-40)

17

Աշտանակը զուտ ոսկիէ շինեց. կռածոյ շինեց աշտանակը։ Անոր բունը եւ ճիւղերը, անոր սկահակները, գնդակներն ու ծաղիկները իրմէ առնուած էին։

18

Անոր կողմերէն վեց ճիւղ կ’ելլէր. աշտանակին մէկ կողմէն՝ երեք ճիւղ, եւ աշտանակին միւս կողմէն՝ երեք ճիւղ։

19

Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով, եւ միւս ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով. աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը ա՛յսպէս էին։

20

Աշտանակին վրայ չորս նշաձեւ սկահակ կար՝ իրենց գնդակներով եւ ծաղիկներով.

21

անկէ ելած վեց ճիւղերուն համեմատ՝ երկու ճիւղի տակ իրմէ ելած գնդակ մը կար, ուրիշ երկու ճիւղի տակ՝ իրմէ ելած գնդակ մը, եւ ուրիշ երկու ճիւղի տակ՝ իրմէ ելած գնդակ մը։

22

Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ առնուած էին. ամբողջը՝ մէկ կտորէ, զուտ ոսկիէ, կռածոյ էր։

23

Անոր եօթը ճրագները, ունելիները եւ ճրագաբերանները զուտ ոսկիէ շինեց։

24

Զայն իր բոլոր առարկաներով՝ տաղանդ մը զուտ ոսկիով շինեց։


ԽՈՒՆԿ ԾԽԵԼՈՒ ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 30. 1-5)

25

Խունկի զոհասեղանը սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնքը կանգուն մըն էր, անոր լայնքը՝ կանգուն մը — քառակուսի էր —, եւ անոր բարձրութիւնը՝ երկու կանգուն։ Անոր եղջիւրները իրմէ առնուած էին։

26

Անոր վրան, անոր կողմերը՝ բոլորաձեւ, ու անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատեց. նաեւ անոր շուրջը ոսկի շրջանակ մը շինեց։

27

Անոր երկու ոսկի օղակ շինեց՝ անոր շրջանակին տակ, անոր երկու անկիւնները, անոր երկու կողմերուն վրայ, որպէսզի անոնք անցընելու տեղեր ըլլան ձողերուն՝ զայն ասոնցմով կրելու համար։

28

Ձողերը սատիմի փայտէ շինեց, ու զանոնք ոսկիով պատեց։


(Ելք. 30. 22-38)

29

Ձողերը սատիմի փայտէ շինեց, ու զանոնք ոսկիով պատեց։


ՕԾՈՒՄԻ ԻՒՂԻՆ ԵՒ ԽՈՒՆԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

29

Սուրբ օծումի իւղը եւ մաքուր անուշաբոյր խունկը շինեց՝ 2բուրագործի արհեստին համեմատ։



1 Եբր.՝ թափելու
2 Այսինքն՝ բոյրեր շինողի