Loading...

Exodus 38

Genesis  «  Exodus 37  ‹  Exodus 38  ›  Exodus 39  »  Leviticus


ԶՈՀԱՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 27. 1-8)

1

Ողջակէզի զոհասեղանը սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնքը հինգ կանգուն էր, լայնքը՝ հինգ կանգուն — քառակուսի էր —, եւ բարձրութիւնը երեք կանգուն։

2

Անոր եղջիւրները անոր չորս անկիւններուն վրայ շինեց։ Եղջիւրները իրմէ առնուած էին. զայն պղինձով պատեց։

3

Զոհասեղանին բոլոր առարկաները շինեց, այսինքն՝ կաթսաները, թիակները, կոնքերը, մսահաններն ու կրակարանները. անոր բոլոր առարկաները պղինձէ շինեց։

4

Զոհասեղանին համար՝ անոր շրջապատին տակ, ներքեւը, գրեթէ մէջտեղը, պղինձէ ցանցակերպ կասկարայ մը շինեց։

5

Պղինձէ կասկարային չորս անկիւնները չորս օղակ ձուլեց՝ ձողերուն անցընելու տեղեր ըլլալու համար։

6

Ձողերը սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք պղինձով պատեց։

7

Ձողերը զոհասեղանին կողմերը եղող օղակներուն անցուց, զայն անոնցմով կրելու համար։ Զայն տախտակներով շինեց՝ մէջը դատարկ։


ՊՂԻՆՁԷ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 30. 18)

8

Պղինձէ աւազանը ու անոր պղինձէ խարիսխը՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը համախմբուող կիներուն հայելիներէն շինեց։


ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ (Ելք. 27. 9-19)

9

Յետոյ սրահը շինեց.— դէպի հարաւ՝ հարաւային կողմին համար՝ սրահին մանուած բարակ քթանէ վարագոյրները, հարիւր կանգուն երկայնութեամբ,

10

իրենց քսան սիւներով եւ անոնց քսան պղինձէ խարիսխներով. սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։

11

Հիւսիսային կողմին համար վարագոյրներ շինեց, հարիւր կանգուն երկայնութեամբ, իրենց քսան սիւներով եւ անոնց քսան պղինձէ խարիսխներով. սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։

12

Արեւմտեան կողմին համար վարագոյրներ շինեց, յիսուն կանգուն երկայնութեամբ, իրենց տասը սիւներով եւ անոնց տասը խարիսխներով. սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։

13

Արեւելեան կողմին համար ալ վարագոյրներ շինեց, յիսուն կանգուն երկայնութեամբ.

14

մէկ թեւին համար վարագոյրներ շինեց, տասնհինգ կանգուն երկայնութեամբ, իրենց երեք սիւներով եւ անոնց երեք խարիսխներով,

15

նաեւ վարագոյրներ՝ միւս թեւին համար — այսինքն սրահին դրան մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, տասնհինգ կանգուն երկայնութեամբ, իրենց երեք սիւներով եւ անոնց երեք խարիսխներով։

16

Սրահին շրջակայ բոլոր վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ էին։

17

Սիւներուն խարիսխները պղինձէ էին, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը՝ արծաթէ, եւ անոնց խոյակները՝ արծաթապատ. սրահին բոլոր սիւներն ալ արծաթէ կապեր ունէին։

18

Սրահին դրան վարագոյրը ասեղնագործ էր, կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինուած, քսան կանգուն երկայնութեամբ. դրան լայնքին մէջի բարձրութիւնը՝ սրահին վարագոյրներուն համեմատ՝ հինգ կանգուն էր։

19

Իր չորս սիւներն ու անոնց չորս պղինձէ խարիսխները շինեց. անոնց ճանկերը արծաթէ էին, անոնց խոյակները՝ արծաթապատ, եւ կապերը՝ արծաթէ։

20

Խորանին ու շրջակայ սրահին բոլոր ցիցերը պղինձէ էին։


ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ՄԵՏԱՂՆԵՐԸ

21

Ահա՛ւասիկ խորանին՝ այսինքն Վկայութեան խորանին հաշիւը, որ Մովսէսի հրամանին համաձայն՝ Ղեւտացիներուն պաշտօնին համար հաշուուեցաւ Ահարոն քահանային որդիին Իթամարի ձեռքով։

22

Յուդայի տոհմէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին՝ Բեսելիէլ ըրաւ ամէն ինչ որ Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

23

Իրեն հետ էր փորագրիչ եւ հնարագէտ, կապուտակի, ծիրանիի, կրկնակի կարմիրի ու բարակ քթանի վրայ նկարակերտող Ոհողիաբ, Դանի տոհմէն Աքիսամայի որդին։

24

Այս գործին համար գործածուած ամբողջ ոսկին,— այսինքն սրբարանին ամբողջ գործին 1ընծայուած ոսկին,— քսանինը տաղանդ ու եօթը հարիւր երեսուն սիկղ էր, սրբարանի սիկղին համեմատ։

25

Համայնքէն թուարկուողներուն արծաթը՝ հարիւր տաղանդ ու հազար եօթը հարիւր եօթանասունհինգ սիկղ էր, սրբարանի սիկղին համեմատ։

26

Քսան տարեկանէն վեր թուարկուելու համար անցնողները՝ մարդ գլուխ մէկական պեքա տուին, այսինքն՝ կէս սիկղ, սրբարանի սիկղին համեմատ. վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն մարդ անցաւ։

27

Սրբարանին խարիսխներն ու վարագոյրին խարիսխները ձուլուեցան հարիւր տաղանդ արծաթով. հարիւր տաղանդէն հարիւր խարիսխ շինուեցաւ, մէկ տաղանդ՝ մէկ խարիսխի համար։

28

Իսկ հազար եօթը հարիւր եօթանասունհինգ սիկղ արծաթով սիւներուն ճանկերը շինեց, անոնց խոյակները պատեց եւ զանոնք կապեց։

29

Երերցնելիք ընծային պղինձը եօթանասուն տաղանդ ու երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր.

30

անո՛վ շինեց Հանդիպումի վրանին մուտքի խարիսխները, պղինձէ զոհասեղանը եւ անոր պղինձէ կասկարան, զոհասեղանին բոլոր առարկաները,

31

շրջակայ սրահին խարիսխները, սրահին դրան խարիսխները, խորանին բոլոր ցիցերն ու շրջակայ սրահին բոլոր ցիցերը։



1 Եբր.՝ երերցնելիք ընծային