Exodus 39
Genesis « Exodus 38 ‹ Exodus 39 › Exodus 40 » Leviticus
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐՈՒՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 28. 1-14)
1Կապուտակէ, ծիրանիէ եւ կրկնակի կարմիրէ շինեցին պաշտամունքին հագուստները, սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար. Ահարոնի համար սուրբ հագուստներ շինեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
2Եփուտը շինեց ոսկիէ, կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։
3Ոսկին ծեծելով բարակ թիթեղներ շինեցին եւ անոցմէ թելեր կտրեցին, որպէսզի կապուտակին, ծիրանիին, կրկնակի կարմիրին ու բարակ քթանին հետ հնարագիտութեամբ գործածեն։
4Կոճկուող ուսնոցներ շինեցին անոր, այսինքն եփուտին, որ երկու ծայրէն կը կոճկուէր։
5Եփուտին վրայ եղող ժապաւէնը նոյն նիւթէն էր — անոր գործին համեմատ՝ ոսկիէ, կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ էր, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
6Ոսկի ճանակներու մէջ եղնգնաքարերը ագուցանեցին, եւ անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները փորագրեցին՝ կնիք փորագրելու պէս։
7Զանոնք եփուտին ուսնոցներուն վրայ դրաւ, որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
ԼԱՆՋԱՊԱՆԱԿԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 28. 15-30)
8Յետոյ լանջապանակը շինեց՝ հնարագիտութեամբ գործուած, եփուտին գործին պէս, ոսկիէ, կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։
9Լանջապանակը շինեցին քառակուսի, երկուքի ծալուող. մէկ թիզ երկայնքով եւ մէկ թիզ լայնքով, երկուքի կը ծալուէր։
10Անոր վրայ չորս կարգ քար ագուցանեցին, սա՛ կարգով.— առաջին կարգը՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ.
11երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ եւ ադամանդ.
12երրորդ կարգը՝ արեւաքար, ակատ ու մեղեսիկ.
13չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար եւ յասպիս։ Ասոնք ոսկի ճանակներու մէջ ագուցանուած էին, իրենց ագուցուածքներուն մէջ։
14Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն համեմատ՝ տասներկու հատ էին, անոնց անուններուն համեմատ։ Իւրաքանչիւրին անունը՝ տասներկու տոհմերուն համեմատ՝ կնիք փորագրողի գործով փորագրուած էր։
15Լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած եւ հիւսուած շղթաներ շինեցին.
16երկու ոսկի ճանակ ու երկու ոսկի օղակ ալ շինեցին։ Երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերը դրին,
17եւ լանջապանակին ծայրերը եղող երկու օղակներուն անցուցին երկու ոսկիէ հիւսուած շղթաները։
18Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերն ալ երկու ճանակներուն անցուցին, եւ ասոնք եփուտին ուսնոցներուն վրայ դրին, անոր առջեւի կողմը։
19Երկու ոսկի օղակ ալ շինեցին, ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դրին։
20Եւ ուրիշ երկու օղակ շինեցին, ու զանոնք եփուտին երկու ուսնոցներուն ներքեւէն անցուցին, անոր առջեւի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն։
21Լանջապանակը իր օղակներէն կապեցին եփուտին օղակներուն՝ կապուտակէ շինուած երիզով, որպէսզի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ եւ լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
ՈՒՐԻՇ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 28. 31-43)
22Եփուտին պարեգօտը ամբողջովին կապուտակէ շինեց — ոստայնանկի գործ։
23Պարեգօտին մէջտեղը բացուածք մը կար՝ զրահի բացուածքին պէս, ու բացուածքին շուրջը հիւսուած եզերք մը՝ որպէսզի չպատռի։
24Պարեգօտին քղանցքներուն վրայ կապուտակէ, ծիրանիէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նուռեր շինեցին։
25Զուտ ոսկիէ զանգակներ շինեցին, ու զանգակները նուռերուն մէջտեղը՝ պարեգօտին քղանցքներուն վրայ դրին, բոլորաձեւ՝ նուռերուն մէջտեղը։
26Պարեգօտին քղանցքներու վրայ զանգակ մը ու նուռ մը, զանգակ մը ու նուռ մը կար՝ բոլորաձեւ շարուած, պաշտօն կատարելու համար, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
27Ահարոնի եւ անոր որդիներուն համար շինեցին բարակ քթանէ պատմուճաններ — ոստայնանկի գործ,
28նաեւ խոյրը՝ բարակ քթանէ, պճնազարդ ապարօշները՝ բարակ քթանէ, կտաւէ անդրավարտիքները՝ մանուած բարակ քթանէ,
29ու գօտին՝ մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանիէ եւ կրկնակի կարմիրէ — ասեղնագործ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
30Սուրբ պսակին թիթեղը զուտ ոսկիէ շինեցին, ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս գրեցին. «Տէրոջ սրբութիւնը»։
31Նաեւ կապուտակէ երիզ մը անցուցին անոր, որպէսզի վերէն խոյրին վրայ դրուի, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։
ԳՈՐԾԻՆ ԱՒԱՐՏՈՒՄԸ (Ելք. 35. 10-19)
32Այսպէս աւարտեցաւ Հանդիպումի վրանին խորանին ամբողջ 1գործը. Իսրայէլի որդիները ըրին Տէրոջ Մովսէսի բոլոր պատուիրածներուն համաձայն. այնպէս ըրին,
33ու խորանը Մովսէսի բերին.— վրանը եւ անոր բոլոր առարկաները, անոր ճարմանդները, անոր տախտակները, անոր նիգերը, անոր սիւներն ու խարիսխները.
34կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածքը, իշղարի մորթերէ ծածքը, եւ ծածկող վարագոյրը.
35Վկայութեան տապանակը, անոր ձողերն ու Քաւութիւնը.
36սեղանը, անոր բոլոր առարկաները եւ առաջադրութեան հացը.
37զուտ ոսկիէ աշտանակը, իր ճրագները, այսինքն կարգով դրուելիք ճրագները, իր բոլոր առարկաներն ու լուսակալին իւղը.
38ոսկի զոհասեղանը, օծումի իւղը եւ անուշաբոյր խունկը. վրանին մուտքի վարագոյրը,
39պղինձէ զոհասեղանն ու անոր պղինձէ կասկարան, անոր ձողերը եւ բոլոր առարկաները. աւազանն ու անոր խարիսխը.
40սրահին վարագոյրները, անոր սիւները եւ խարիսխները. սրահին դրան վարագոյրը, անոր չուաններն ու ցիցերը. խորանին ծառայութեան բոլոր առարկաները՝ Հանդիպումի վրանին համար.
41պաշտամունքին հագուստները՝ սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար. Ահարոն քահանային սուրբ հագուստները եւ անոր որդիներուն հագուստները, որպէսզի քահանայութիւն կատարեն։
42Իսրայէլի որդիները ըրին ամբողջ գործը՝ Տէրոջ Մովսէսի բոլոր պատուիրածներուն համաձայն։
43Մովսէս ամբողջ 2շինուածքին նայեցաւ, եւ ահա՛ Տէրոջ պատուիրածին համաձայն ըրած էին. ուստի Մովսէս օրհնեց զանոնք։