Loading...

Exodus 40

Genesis  «  Exodus 39  ‹  Exodus 40  ›  Leviticus 1  »  Leviticus


ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Առաջին ամսուան առաջին օրը՝ կանգնեցո՛ւր Հանդիպումի վրանին խորանը,

3

դի՛ր անոր մէջ Վկայութեան տապանակը, ու վարագոյրո՛վ ծածկէ զայն։

4

Սեղանը նե՛րս բեր եւ զետեղէ՛ անոր վրայ զետեղուելու հացերը. աշտանակը նե՛րս բեր ու վառէ՛ անոր ճրագները։

5

Խունկին ոսկի զոհասեղանը դի՛ր Վկայութեան տապանակին առջեւ, եւ դի՛ր խորանին մուտքի վարագոյրը։

6

Ողջակէզի զոհասեղանը դի՛ր Հանդիպումի վրանին խորանի մուտքին առջեւ։

7

Հանդիպումի վրանին ու զոհասեղանին մէջտեղ դի՛ր աւազանը, եւ ջո՛ւր դիր անոր մէջ։

8

Շո՛ւրջը կանգնեցուր սրահը, ու դի՛ր սրահին դրան վարագոյրը։

9

Ա՛ռ օծումի իւղը եւ օծէ՛ խորանն ու անոր մէջ եղող ամէն ինչ. սրբացո՛ւր զայն եւ անոր բոլոր առարկաները, որպէսզի սուրբ ըլլան։

10

Օծէ՛ ողջակէզի զոհասեղանն ու անոր բոլոր առարկաները. սրբացո՛ւր զոհասեղանը, որպէսզի 1ամենասուրբ զոհասեղան ըլլայ։

11

Օծէ՛ աւազանը եւ անոր խարիսխը, ու սրբացո՛ւր զայն։

12

Հանդիպումի վրանին մուտքի՛ն մօտեցուր Ահարոնը եւ անոր որդիները, ու ջուրո՛վ լուա զանոնք։

13

Ահարոնի հագցո՛ւր սուրբ հագուստները, օծէ՛ զայն եւ սրբացո՛ւր զայն, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարէ։

14

Անոր որդինե՛րն ալ մօտեցուր ու պատմուճաննե՛ր հագցուր անոնց։

15

Օծէ՛ զանոնք՝ ինչպէս օծեցիր անոնց հայրը, որպէսզի ինծի քահանայութիւն կատարեն։ Անոնց օծումը յաւիտենական քահանայութեան համար պիտի ըլլայ իրենց սերունդներուն մէջ»։

16

Մովսէս Տէրոջ իրեն բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրաւ. այնպէս ըրաւ։

17

Երկրորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, խորանը կանգնուեցաւ։

18

Մովսէս կանգնեցուց խորանը. անոր խարիսխները դրաւ, անոր տախտակները կանգնեցուց, անոր նիգերը անցուց եւ սիւները կանգնեցուց։

19

Խորանին վրայ տարածեց վրանը, ու վերէն անոր վրայ դրաւ վրանին ծածքը, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

20

Վկայութիւնը առաւ եւ տապանակին մէջ դրաւ. ձողերը տապանակին վրայ անցուց, ու վերէն՝ տապանակին վրայ դրաւ Քաւութիւնը։

21

Տապանակը խորանին մէջ բերաւ, ծածկող վարագոյրը դրաւ եւ Վկայութեան տապանակը ծածկեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

22

Սեղանը դրաւ Հանդիպումի վրանին մէջ, խորանին հիւսիսային կողմը, վարագոյրէն դուրս։

23

Անոր վրայ հացերը զետեղեց՝ Տէրոջ առջեւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

24

Աշտանակը դրաւ Հանդիպումի վրանին մէջ, սեղանին դիմաց, խորանին հարաւային կողմը։

25

Տէրոջ առջեւ ճրագները վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

26

Ոսկի զոհասեղանը դրաւ Հանդիպումի վրանին մէջ, վարագոյրին առջեւ,

27

եւ անոր վրայ անուշաբոյր խունկ ծխեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

28

Խորանին մուտքի վարագոյրը դրաւ։

29

Հանդիպումի վրանին խորանին մուտքը դրաւ ողջակէզին զոհասեղանը, եւ անոր վրայ ողջակէզն ու հացի ընծան մատուցանեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

30

Հանդիպումի վրանին եւ զոհասեղանին մէջտեղ դրաւ աւազանը, ու ջուր դրաւ անոր մէջ՝ լուացուելու համար։

31

Մովսէս, Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերն ու ոտքերը անոր մէջ կը լուային։

32

Երբ Հանդիպումի վրանը մտնէին եւ զոհասեղանին մօտենային՝ կը լուացուէին, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

33

Խորանին ու զոհասեղանին շուրջը սրահը կանգնեցուց, եւ սրահին դրան վարագոյրը դրաւ։ Այսպէս Մովսէս ամբողջ գործը աւարտեց։


ԱՄՊԸ ՏԷՐՈՋ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

34

Ամպ մը ծածկեց Հանդիպումի վրանը, ու Տէրոջ փառքը լեցուց խորանը։

35

Մովսէս չէր կրնար մտնել Հանդիպումի վրանը, որովհետեւ ամպը անոր վրայ կը կենար ու Տէրոջ փառքը լեցուցեր էր խորանը։

36

Իրենց բոլոր իջեւաններուն մէջ՝ Իսրայէլի որդիները կը մեկնէին երբ ամպը խորանին վրայէն բարձրանար։

37

Եթէ ամպը չբարձրանար, չէին մեկներ՝ մինչեւ անոր բարձրանալու օրը։

38

Արդարեւ ցերեկը Տէրոջ ամպը խորանին վրայ էր, եւ գիշերը անոր վրայ կրակ կար, Իսրայէլի ամբողջ 2ժողովուրդին 3առջեւ՝ իրենց բոլոր իջեւաններուն մէջ։



1 Եբր.՝ Սրբութիւններու սրբութեան
2 Եբր.՝ տան
3 Եբր.՝ աչքերուն