Loading...

Ezra 1

2 Chronicles  «  2 Chronicles 36  ‹  Ezra 1  ›  Ezra 2  »  Nehemiah


ԿԻՒՐՈՍ Կ’ԱՐՏՕՆԷ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

1

Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, որպէսզի Երեմիայի բերանով ըսուած 1Տէրոջ խօսքը 2իրագործուի, Տէրը Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց, եւ ան իր ամբողջ թագաւորութեան մէջ 3ծանուցանել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով.

2

«Սա՛ կը յայտարարէ Կիւրոս՝ Պարսկաստանի թագաւորը. “Երկինքի Աստուածը՝ Եհովան երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ, եւ ի՛նք ինծի հրահանգեց որ 4Հրէաստանի Երուսաղէմին մէջ իրեն տուն մը կառուցանեմ։

3

Ձեզմէ ո՛վ որ անոր ամբողջ ժողովուրդէն է, իր Աստուածը՝ Եհովան իրեն հետ թող ըլլայ, ու Հրէաստանի Երուսաղէմը թող բարձրանայ եւ Իսրայէլի Աստուծոյն՝ Եհովայի — Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն — տունը կառուցանէ։

4

Ամէն տեղ ուր մնացողներէն իւրաքանչիւրը պանդխտացած է, իր 5քաղաքացիները արծաթով, ոսկիով, ինչքով եւ անասուններով թող նեցուկ ըլլան իրեն, Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն տան համար տրուած յօժարակամ ընծաներէն զատ”»։

5

Այն ատեն Յուդայի եւ Բենիամինի 6նահապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները կանգնեցան այն բոլոր մարդոց հետ, որոնց հոգին Աստուած արթնցուցած էր, որպէսզի բարձրանան եւ Երուսաղէմ եղող Տէրոջ տունը կառուցանեն։

6

Անոնց շուրջը եղողներէն բոլորն ալ իրենց 7օգնեցին արծաթէ առարկաներով, ոսկիով, ինչքով, անասուններով ու թանկագին իրերով, բոլոր յօժարակամ ընծայուածներէն զատ։

7

Կիւրոս թագաւորը Տէրոջ տան անօթները դուրս հանեց, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն հանելով՝ իր աստուծոյն տունը դրեր էր։

8

Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորը զանոնք Միթրիդատ գանձապետին ձեռքով դուրս հանել տուաւ, եւ զանոնք 8համրանքով յանձնեց՝՝ Յուդայի Սասբասար իշխանին։

9

Ահա՛ւասիկ անոնց թիւը.— երեսուն ոսկիէ կոնք, հազար արծաթէ կոնք, քսանինը դանակ,

10

երեսուն ոսկիէ ըմպանակ, չորս հարիւր տասը արծաթէ ըմպանակ՝ երկրորդ կարգի, ու հազարաւոր ուրիշ անօթներ։

11

Բոլոր ոսկիէ եւ արծաթէ առարկաները՝ հինգ հազար չորս հարիւր հատ էին։ Սասբասար ասոնք բոլորը 9տարաւ, երբ տարագրութեան գացողները Բաբելոնէն Երուսաղէմ 10վերադարձան։



1 Եբր.՝ Եհովայի
2 Եբր.՝ աւարտի
3 Եբր.՝ ձայն անցընել
4 Կամ՝ Յուդայի
5 Եբր.՝ տեղին մարդիկը
6 Այսինքն՝ հայրերու գլխաւորները
7 Եբր.՝ ձեռքերը ուժովցուցին
8 Եբր.՝ հաշուեց
9 Եբր.՝ բարձրացուց
10 Եբր.՝ բարձրացուցին