Loading...

Ezra 3

2 Chronicles  «  Ezra 2  ‹  Ezra 3  ›  Ezra 4  »  Nehemiah


ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ

1

Երբ եօթներորդ ամիսը հասաւ, մինչ Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ էին, ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցաւ մէկ մարդու պէս։

2

Յովսեդեկեան Յեսու եւ անոր քահանայ եղբայրները, նաեւ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլ ու անոր եղբայրները կանգնեցան եւ Իսրայէլի Աստուծոյն զոհասեղանը կառուցանեցին, որպէսզի անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանեն, ինչպէս Աստուծոյ մարդուն՝ Մովսէսի Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է։

3

Զոհասեղանը իր 1հիմերուն վրայ հաստատեցին, թէեւ այդ երկիրներուն 2ժողովուրդներէն կը վախնային՝՝, եւ անոր վրայ Տէրոջ ողջակէզներ մատուցանեցին — առտուան ու իրիկուան ողջակէզները։

4

Ապա Տաղաւարներու տօնը կատարեցին՝ գրուածին համաձայն, եւ օրական ողջակէզները մատուցանեցին՝ իրենց թիւով, սովորութեան համաձայն, ամէն օրուան հրամայուածին համեմատ։

5

Անկէ ետք՝ մշտատեւ ողջակէզը մատուցանեցին, նաեւ 3ամսագլուխներու եւ Տէրոջ համար սրբացուած բոլոր հանդիսաւոր տօներուն ողջակէզները, եւ այն յօժարակամ ընծաները՝ որոնք ամէն մարդ յօժարակամ Տէրոջ կ’ընծայէր։

6

Եօթներորդ ամսուան առաջին օրէն սկսան Տէրոջ ողջակէզներ մատուցանել. բայց Տէրոջ տաճարին հիմը տակաւին դրուած չէր։

7

Քարակոփներուն ու հիւսներուն դրամ տուին, իսկ Սիդոնացիներուն եւ Տիւրացիներուն՝ ուտելիք ու խմելիք եւ իւղ, որպէսզի Լիբանանէն մայրիի փայտեր բերեն Յոպպէի ծովը, Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորէն իրենց ունեցած արտօնութեան համաձայն։

8

Անոնց Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ տունը գալուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան մէջ, Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլ, Յովսեդեկեան Յեսու, եւ իրենց եղբայրներուն՝ քահանաներուն եւ Ղեւտացիներուն մնացորդը, ու բոլոր գերութենէն Երուսաղէմ 4վերադարձողները սկսան տաճարը կառուցանել. քսան տարեկանէն վեր եղող Ղեւտացիները վերակացու 5նշանակեցին Տէրոջ տան գործին վրայ։

9

Յեսու, անոր որդիներն ու եղբայրները, Կադմիէլ եւ անոր որդիները, 6Յուդայի որդիները, նաեւ Ենադադի որդիները, անոնց որդիներն ու եղբայրները՝ Ղեւտացիները, մէկ մարդու պէս կայնեցան՝ Տէրոջ տան մէջ աշխատող գործաւորներուն վրայ վերակացու ըլլալու։

10

Երբ կառուցանողները Տէրոջ տաճարին հիմը դրին, իրենց պատմուճանները հագած քահանաները 7տեղաւորեցին՝ փողերով, նաեւ Ղեւտացիները՝ Ասափի որդիները՝ ծնծղաներով, որպէսզի Տէրը գովաբանեն՝ Դաւիթ թագաւորին 8կարգադրութեան համաձայն։

11

Տէրը գովաբանելով եւ իրմէ շնորհակալ ըլլալով՝ անոնք իրարու կը պատասխանէին. «Որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է Իսրայէլի հանդէպ»։ Ամբողջ ժողովուրդը մեծ գոչիւնով կը գոռար, երբ Տէրը կը գովաբանէին Տէրոջ տան հիմնադրութեան համար։

12

Քահանաներէն, Ղեւտացիներէն ու նահապետներէն շատեր, որոնք ծեր ըլլալով Տէրոջ նախկին տունը տեսեր էին, բարձր ձայնով լացին՝ երբ իրենց աչքերուն առջեւ այս տան հիմը դրուեցաւ. շատեր իրենց ուրախութենէն 9բարձրաձայն գոռացին։

13

Ժողովուրդը ուրախութեան գոչիւնին ձայնն ու 10բազմութեան լացի ձայնը իրարմէ չէր կրնար զանազանել. արդարեւ բազմութիւնը մեծ գոչիւնով կը գոռար, եւ ձայնը հեռուէն կը լսուէր։



1 Կամ՝ վայրին
2 Եբր.՝ ժողովուրդներուն ահը իրենց վրայ էր
3 Եբր.՝ նոր լուսիններու
4 Եբր.՝ եկողները
5 Եբր.՝ կայնեցուցին
6 Եբր.՝ Ովդուիայի
7 Եբր.՝ կայնեցուցին
8 Եբր.՝ ձեռքին
9 Եբր.՝ ձայնը բարձրացնելով
10 Եբր.՝ ժողովուրդին