Ezra 4
2 Chronicles « Ezra 3 ‹ Ezra 4 › Ezra 5 » Nehemiah
ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
1Երբ Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները լսեցին թէ 1տարագրութենէն վերադարձողները՝՝ Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն տաճարը կը կառուցանեն,
2Զօրաբաբէլի ու նահապետներուն ներկայացան եւ անոնց ըսին. «Մե՛նք ալ ձեզի հետ կառուցանենք. արդարեւ մենք ալ ձեզի պէս ձեր Աստուածը կը փնտռենք, ու մեզ հոս 2բերող Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերէն ի վեր անոր զոհ կը մատուցանենք»։
3Բայց Զօրաբաբէլ, Յեսու եւ Իսրայէլի նահապետներուն մնացորդը անոնց ըսին. «Դուք մեզի հետ ո՛չ մէկ գործ ունիք՝ մեր Աստուծոյն տուն մը կառուցանելու համար. հապա միայն մենք պիտի կառուցանենք Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն տունը, ինչպէս Պարսկաստանի թագաւորը — Կիւրոս թագաւորը — մեզի պատուիրեց»։
4Ուստի այդ երկրին ժողովուրդը Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը թուլցուց, ու զանոնք շփոթեցուց՝ որ չկառուցանեն։
5Անոնց ծրագիրը ձախողեցնելու համար՝ անոնց դէմ խորհրդականներ վարձեցին Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորին բոլոր օրերը, եւ մինչեւ Պարսկաստանի Դարեհ թագաւորին թագաւորութիւնը։
6Ասուերոսի թագաւորութեան ատեն, անոր թագաւորութեան սկիզբը, Հրէաստանի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ ամբաստանագիր գրեցին։
7Արտաշէսի օրերը՝ Բեսեղամ, Միթրիդատ, Տաբէէլ եւ իրենց մնացեալ ընկերները Պարսկաստանի Արտաշէս թագաւորին գրեցին։ Տեղեկագիրը 3ասորական գիրերով գրուած էր, ու 4մեկնութիւնը 5ասորերէն էր։
8Հռէում հրամանատարը եւ Սամսայ ատենադպիրը Երուսաղէմի դէմ սա՛ կերպով նամակ մը գրեցին Արտաշէս թագաւորին։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ
9(Այն ատեն Հռէում հրամանատարը, Սամսայ ատենադպիրը եւ իրենց մնացեալ ընկերները՝ Դինացիները, Ափարսաթաքացիները, Տարփաղեցիները, Ափերսացիները, Արքուեցիները, Բաբելոնացիները, Շուշանացիները, Դաւեցիները, Եղամացիները,
10նաեւ մնացեալ ժողովուրդները, որոնք մեծ ու պատուական Ասենափարը փոխադրեց ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց, եւ ուրիշներ, որոնք Գետին այս կողմը կը գտնուին, եւայլն, նամակ մը գրեցին։)
11Ահա՛ւասիկ այն նամակին պատճէնը, որ իրեն ղրկեցին. «Արտաշէս թագաւորին. քու ծառաներդ, Գետին այս կողմը բնակող մարդիկը, եւայլն։
12Թագաւորը թող գիտնայ թէ քու քովէդ մեզի 6վերադարձող Հրեաները Երուսաղէմ եկան, եւ այդ ըմբոստ ու անիրաւ քաղաքը կը կառուցանեն՝ պարիսպներ 7վերականգնելով եւ հիմեր 8նորոգելով։
13Թագաւորը հիմա թող գիտնայ թէ եթէ այս քաղաքը վերստին կառուցանուի եւ անոր պարիսպները վերականգնին, անոնք հարկ, տուրք ու մաքս պիտի չվճարեն. այսպէս՝ թագաւորներու եկամուտին վնաս տուած պիտի ըլլաս։
14Քանի պալատէն 9կը ստանանք մեր թոշակը՝՝, չէինք կրնար թագաւորին իրաւազրկութեան հանդուրժել. հետեւաբար այս նամակը ղրկեցինք ու թագաւորին գիտցուցինք,
15որպէսզի քու հայրերուդ Յիշատակութիւններու գիրքին մէջ փնտռուի. արդարեւ այդ Յիշատակութիւններու գիրքին մէջ պիտի գտնես եւ գիտնաս թէ այդ քաղաքը ըմբոստ, թագաւորներուն ու գաւառներուն վնասակար քաղաք մը եղած է, եւ թէ 10հին ժամանակներէն ի վեր անոր մէջ ընդվզում 11կազմակերպեր են. հետեւաբար այս քաղաքը աւերակ եղած է։
16Մենք թագաւորին կը գիտցնենք թէ եթէ այս քաղաքը վերստին կառուցանուի ու անոր պարիսպները վերականգնին, այս պատճառով Գետին այս կողմը բաժին պիտի չունենաս»։
17Թագաւորն ալ պատասխան ղրկեց Հռէում հրամանատարին, Սամսայ ատենադպիրին, եւ իրենց մնացեալ ընկերներուն՝ որոնք Սամարիայի մէջ ու Գետին միւս կողմը եղող մնացեալ տեղերուն մէջ կը բնակէին, սա՛ խօսքերով.
18«12Ողջո՜յն, եւայլն։ Մեզի ղրկուած ձեր տեղեկագիրը իմ առջեւս ճշգրտապէս կարդացուեցաւ։
19Ես հրաման տուի, ու փնտռեցին եւ գտան թէ այդ քաղաքը հին ժամանակներէն ի վեր թագաւորներու դէմ ապստամբեր է, ու անոր մէջ ըմբոստութիւն եւ ընդվզում կազմակերպեր են։
20Նաեւ Երուսաղէմի մէջ հզօր թագաւորներ եղեր են, որոնք Գետին ամբողջ միւս կողմը եղողներուն վրայ տիրեր են, եւ իրենց հարկ, տուրք ու մաքս վճարուեր է։
21Հիմա հրամա՛ն տուէք որ այդ 13մարդիկը դադրեցնեն քաղաքին կառուցումը, մինչեւ որ ինձմէ ուրիշ հրաման տրուի։
22Զգուշացէ՛ք որ ասիկա ընելու մէջ չթերանաք, որ չարութիւնը չշատնայ ու թագաւորներուն վնաս չըլլայ»։
23Հետեւաբար, երբ Արտաշէս թագաւորին տեղեկագիրին պատճէնը Հռէումի, Սամսայ ատենադպիրին եւ անոնց ընկերներուն առջեւ կարդացուեցաւ, արտորալով Երուսաղէմ գացին՝ Հրեաներուն քով, ու բռնութեամբ եւ ոյժով անոնց կառուցումը դադրեցուցին։
24Այն ատեն Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տան գործը դադրեցաւ, ու մինչեւ Պարսկաստանի Դարեհ թագաւորին թագաւորութեան երկրորդ տարին՝ դադրած մնաց։