Loading...

Ezra 5

2 Chronicles  «  Ezra 4  ‹  Ezra 5  ›  Ezra 6  »  Nehemiah


ՏԱՃԱՐԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻ

1

Երբ Անգէ մարգարէն եւ Ադդովի որդին՝ Զաքարիա մարգարէն Իսրայէլի Աստուծոյն անունով մարգարէացան Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ եղող Հրեաներուն,

2

Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլ եւ Յովսեդեկեան Յեսու կանգնեցան ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը կառուցանել սկսան։ Աստուծոյ մարգարէները անոնց հետ ըլլալով՝ անոնց կ’օգնէին։

3

Այդ ատեն Եփրատ գետին այս կողմի կուսակալը՝ Թաթանայի, Սաթրաբուզան, եւ իրենց ընկերները անոնց եկան ու անոնց սա՛ ըսին. «Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը կառուցանէք եւ այս պարիսպները 1վերականգնէք»։

4

Ուստի անոնց 2ըսինք թէ ի՛նչ էին այս 3շէնքը կառուցանող 4մարդոց անունները։

5

Բայց Հրեաներուն երէցներուն վրայ էր իրենց Աստուծոյն աչքը, ու անոնք չկրցան իրենց գործը դադրեցնել՝ մինչեւ որ խնդիրը Դարեհի հասաւ. այն ատեն անոնք տեղեկագիրով պատասխանեցին այս մասին։

6

Ահա՛ւասիկ այն նամակին պատճէնը, որ Դարեհ թագաւորին ղրկեցին Գետին այս կողմի կուսակալը՝ Թաթանայի, Սաթրաբուզան, եւ իր ընկերները՝ Ափարսաքացիները, որոնք Գետին այս կողմն էին։

7

Անոր 5նամակ մը ղրկեցին, որուն մէջ սա՛ գրուած էր.

8

«Դարեհ թագաւորին 6շատ բարեւ՝՝։ Թագաւորը թող գիտնայ թէ Հրէաստանի գաւառը՝ մեծ Աստուծոյն տունը գացինք. ան 7մեծ քարերով կը կառուցանուի, եւ անոր պատերուն մէջ փայտեր կը դրուին։ Այս գործը փութով կը կատարուի, ու անոնց ձեռքով կը յաջողի։

9

Ուստի այդ երէցները հարցաքննեցինք, եւ անոնց սա՛ ըսինք. “Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը կառուցանէք ու այս պարիսպները վերականգնէք”։

10

Անոնց անուններն ալ հարցուցինք՝ քեզի գիտցնելու համար, որպէսզի անոնց գլխաւոր 8մարդոց անունները քեզի գրենք։

11

Անոնք մեզի սա՛պէս պատասխանեցին. “Մենք երկինքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք, եւ շատ տարիներ առաջ կառուցանուած տունը վերստին կը կառուցանենք։ Իսրայէլի մեծ թագաւոր մը զայն կառուցանեց եւ աւարտեց.

12

բայց երբ մեր հայրերը երկինքի Աստուածը վրդովեցին, զանոնք Բաբելոնի թագաւորին՝ Քաղդէացի Նաբուգոդոնոսորի ձեռքը մատնեց, ան ալ այս տունը փլցուց ու ժողովուրդը Բաբելոն տարագրեց։

13

Բայց Բաբելոնի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին՝ Կիւրոս թագաւորը հրաման տուաւ որ այս Աստուծոյ տունը կառուցանուի։

14

Աստուծոյ տան ոսկիէ եւ արծաթէ առարկաներն ալ, որ Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն դուրս հանելով՝ Բաբելոնի տաճարը տարեր էր, Կիւրոս թագաւորը զանոնք Բաբելոնի տաճարէն դուրս հանեց ու Սասբասար անունով մէկուն յանձնեց, որ կուսակալ նշանակեր էր,

15

եւ անոր ըսաւ. "Ա՛ռ այս առարկաները, գնա՛ ու զետեղէ՛ զանոնք Երուսաղէմ եղող տաճարը, եւ Աստուծոյ տունը իր տեղը թող կառուցանուի"։

16

Այն ատեն Սասբասար եկաւ, Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տան հիմը 9դրաւ, եւ այդ ատենէն մինչեւ հիմա կը կառուցանուի, բայց չէ աւարտած”։

17

Ուստի հիմա, եթէ թագաւորին 10հաճելի է, հոն՝ Բաբելոն եղող թագաւորին գանձատան մէջ թող փնտռուի, թէ արդեօք Կիւրոս թագաւորը հրաման տուե՛ր է որ Երուսաղէմի մէջ այս Աստուծոյ տունը կառուցանուի։ Թագաւորը այս մասին իր կամքը թող 11գիտցնէ մեզի»։



1 Քաղ.՝ աւարտէք
2 Քաղ.՝ սա՛ ըսինք
3 Քաղ.՝ կառոյցը
4 Քաղ.՝ զօրաւոր մարդոց
5 Քաղ.՝ խօսք
6 Քաղ.՝ ամէն խաղաղութիւն
7 Քաղ.՝ գլորուող
8 Քաղ.՝ զօրաւոր մարդոց
9 Քաղ.՝ տուաւ
10 Քաղ.՝ լաւ
11 Քաղ.՝ ղրկէ