Ezra 6
2 Chronicles « Ezra 5 ‹ Ezra 6 › Ezra 7 » Nehemiah
ԿԻՒՐՈՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ
1Այն ատեն Դարեհ թագաւորը հրաման տուաւ, ու դիւանին մէջ փնտռեցին,— ուր գանձերը կը պահուէին Բաբելոնի մէջ,—
2եւ Մարաստանի գաւառին մէջ եղող 1Եկբատանայի պալատին մէջ պատատ մը գտնուեցաւ, որուն մէջ սա՛պէս գրուած յիշատակութիւն մը կար.
3«Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Կիւրոս թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տան մասին հրաման տուաւ որ այդ տունը կառուցանուի այն տեղը՝ ուր զոհ կը մատուցանէին։ Անոր հիմերը ամուր ըլլան, անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն, եւ լայնքը՝ վաթսուն կանգուն։
4Երեք կարգ 2մեծ քարերէ ու մէկ կարգ նոր փայտէ ըլլայ, եւ անոր ծախսերը թագաւորին տունէն թող վճարուին։
5Աստուծոյ տան ոսկիէ եւ արծաթէ առարկաներն ալ, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն դուրս հանեց ու Բաբելոն բերաւ, թող վերադարձուին։ Իւրաքանչիւրը իր տեղը թող 3տարուի՝ Երուսաղէմ եղող տաճարին մէջ. զանոնք զետեղէ՛ Աստուծոյ տունը»։
ԴԱՐԵՀ ԿԱՅՍՐԸ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ԳՈՐԾԻՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
6«Ուստի հիմա՝ Թաթանայի՛, Գետին միւս կողմի կուսակալը, Սաթրաբուզա՛ն, եւ Ափարսաքացինե՛ր, անոնց ընկերները՝ որ Գետին միւս կողմն էք, հեռաց՛էք ատկէ։
7Թողուցէ՛ք այս Աստուծոյ տան գործը. Հրեաներու կուսակալն ու երէցները թող կառուցանեն այս Աստուծոյ տունը իր տեղը։
8Նաեւ հրաման կու տամ, որ գիտնաք թէ Հրեաներու երէցներուն ի՛նչ պիտի ընէք՝ Աստուծոյ տան կառուցումին համար. այսինքն՝ թագաւորին 4գոյքերէն — Գետին միւս կողմէն հաւաքուած հարկէն — այդ 5մարդոց ծախսերը անյապաղ թող վճարուին, որպէսզի գործը 6չդադրի՝՝։
9Ի՛նչ որ անոնց պէտք ըլլայ, թէ՛ զուարակներ, թէ՛ խոյեր եւ թէ գառներ՝ երկինքի Աստուծոյն ողջակէզներուն համար, նաեւ ցորեն, աղ, գինի ու իւղ,— Երուսաղէմի մէջ եղող քահանաներուն 7հրահանգին համաձայն,— ամէն օր անոնց թող վճարուի առանց թերացումի,
10որպէսզի երկինքի Աստուծոյն անուշահոտ զոհեր մատուցանեն, ու թագաւորին եւ անոր որդիներուն կեանքին համար աղօթեն։
11Ես հրաման կու տամ. ո՛վ որ այս 8խօսքին ընդդիմանայ՝՝, անոր տունէն փայտ մը թող քակուի ու տնկուի, ինք անոր վրայ 9գամուի, եւ ասոր համար իր տունը աղբիւս ըլլայ։
12Այն Աստուածը՝ որ իր անունը հոն բնակեցուցեր է, թող տապալէ ամէն թագաւոր ու ժողովուրդ, որ ձեռք կ’երկարէ՝ այս խօսքին ընդդիմանալու, եւ Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը փլցնելու։ Ես՝ Դարեհ այս հրամանը տուի. թող ա՛նյապաղ գործադրուի»։
ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐՈՒԻ
13Այն ատեն Գետին այս կողմի կուսակալը՝ Թաթանայի, Սաթրաբուզան, եւ իրենց ընկերները Դարեհ թագաւորին ղրկած հրամանը անյապաղ կատարեցին։
14Հրեաներուն երէցները կը կառուցանէին ու կը յաջողէին՝ Անգէ մարգարէին ու Ադդովի որդիին՝ Զաքարիայի մարգարէութեամբ. անոնք կառուցանեցին եւ աւարտեցին՝ Իսրայէլի Աստուծոյն հրամանին համաձայն, նաեւ Կիւրոսի, Դարեհի ու Պարսկաստանի Արտաշէս թագաւորին հրամանին համաձայն։
15Այս տունը Ադար ամսուան երրորդ օրը աւարտեցաւ, Դարեհ թագաւորին թագաւորութեան վեցերորդ տարին։
16Իսրայէլի որդիները, քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ 10տարագրութենէն վերադարձողներուն՝՝ մնացորդը, ուրախութեամբ Աստուծոյ տան նաւակատիքը կատարեցին։
17Աստուծոյ տան նաւակատիքին համար՝ հարիւր զուարակ, երկու հարիւր խոյ, չորս հարիւր գառ, եւ ամբողջ Իսրայէլի մեղքի պատարագ ըլլալու համար՝ Իսրայէլի տոհմերուն թիւով՝ այծերէն տասներկու քօշ մատուցանեցին։
18Նաեւ Երուսաղէմի մէջ՝ Աստուծոյ պաշտամունքին համար նշանակեցին քահանաները՝ իրենց ազգատոհմերուն մէջ, ու Ղեւտացիները՝ իրենց դասերուն մէջ, ինչպէս Մովսէսի գիրքին մէջ գրուած է։
ԶԱՏԻԿԸ ԿԸ ՏՕՆՈՒԻ
1911Տարագրութենէն վերադարձողները՝՝ առաջին ամսուան տասնչորրորդ օրը կատարեցին Զատիկը։
20Քանի քահանաներն ու Ղեւտացիները 12միասին սրբացան՝՝ ու բոլորն ալ մաքուր եղան, զատիկը մորթեցին բոլոր տարագրութենէն վերադարձողներուն համար, քահանաներուն համար, եւ իրենց համար։
21Տարագրութենէն վերադարձող Իսրայէլի որդիները զայն կերան, նաեւ բոլոր անոնք, որ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը փնտռելու համար անոնց եկած էին, զատուելով այդ երկրին ազգերուն անմաքրութենէն։
22Եօթը օր Բաղարջակերքի տօնը կատարեցին ուրախութեամբ. արդարեւ Տէրը զանոնք ուրախացուցած էր՝ Ասորեստանի թագաւորին սիրտը իրենց կողմը դարձնելով, որպէսզի Աստուծոյ — Իսրայէլի Աստուծոյն — տան գործին մէջ իրենց 13օգնէ։