Ezra 7
2 Chronicles « Ezra 6 ‹ Ezra 7 › Ezra 8 » Nehemiah
ԵԶՐԱՍ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
1Այս բաներէն ետք, Պարսկաստանի թագաւորին՝ Արտաշէսի թագաւորութեան ատենը, Եզրաս — որդին Սարայիայի, որդին Ազարիայի, որդին Քեղկիայի,
2որդին Սեղղումի, որդին Սադովկի, որդին Աքիտովբի,
3որդին Ամարիայի, որդին Ազարիայի, որդին Մարիոթի,
4որդին Զարիայի, որդին Ոզիի, որդին Բոկկիի,
5որդին Աբիսուայի, որդին Փենեհէսի, որդին Եղիազարի, որդին Ահարոն աւագ քահանային —,
6այս Եզրասը Բաբելոնէն բարձրացաւ. ան արագագիր դպիրն էր Մովսէսի Օրէնքին, որ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը տուեր էր։ Թագաւորը անոր 1շնորհեց ամէն ինչ որ պահանջեր էր, որովհետեւ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն ձեռքը իր վրան էր։
7(Արտաշէս թագաւորին եօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի որդիներէն, քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն, երգողներէն, դռնապաններէն եւ Նաթանայիմներէն ոմանք Երուսաղէմ բարձրացան։)
8Ան հինգերորդ ամիսը Երուսաղէմ հասաւ, թագաւորին եօթներորդ տարին։
9Արդարեւ առաջին ամսուան առաջին օրը Բաբելոնէն 2մեկնեցաւ, եւ Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ ըլլալով՝ հինգերորդ ամսուան առաջին օրը Երուսաղէմ հասաւ.
10որովհետեւ Եզրաս իր սիրտը 3տրամադրած էր՝ որպէսզի Տէրոջ Օրէնքը փնտռէ ու գործադրէ, եւ կանոններն ու 4դատավճիռները սորվեցնէ Իսրայէլի մէջ։
ԱՐՏԱՇԷՍ ԿԱՅՍՐԻՆ ԵԶՐԱՍԻ ՏՈՒԱԾ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ
11Ահա՛ւասիկ այն տեղեկագիրին պատճէնը, որ Արտաշէս թագաւորը տուաւ Եզրաս քահանային ու դպիրին, որ Տէրոջ 5պատուիրած խօսքերուն՝՝ գրողն էր, նաեւ անոր կանոններուն՝ Իսրայէլի տրուած։
12«Թագաւորներու թագաւորը՝ Արտաշէս, Եզրաս քահանային, երկինքի Աստուծոյն Օրէնքին դպիրին, կատարեալ խաղաղութիւն, եւայլն։
13Հրաման կու տամ, որ իմ թագաւորութեանս մէջ եղող Իսրայէլի ժողովուրդէն եւ անոր քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն բոլոր յօժարակամ Երուսաղէմ գացողները՝ քեզի հետ երթան։
14Արդարեւ դուն թագաւորին ու անոր եօթը խորհրդականներուն 6կողմէն կը ղրկուիս, որպէսզի Հրէաստանը եւ Երուսաղէմը քննարկես՝ քու ձեռքդ եղած Աստուծոյդ Օրէնքին համաձայն,
15եւ տանիս այն արծաթն ու ոսկին՝ որ թագաւորը եւ իր խորհրդականները յօժարակամ ընծայեցին Իսրայէլի Աստուծոյն,— որուն բնակարանը Երուսաղէմի մէջ է,—
16նաեւ բոլոր արծաթն ու ոսկին՝ որ Բաբելոնի ամբողջ գաւառին մէջ պիտի գտնես, ժողովուրդին ու քահանաներուն յօժարակամ ընծային հետ, որ կը մատուցանեն Երուսաղէմի մէջ եղող իրենց Աստուծոյն տան։
17Ուրեմն այդ դրամով ա՛նյապաղ զուարակներ, խոյեր ու գառներ գնէ, նաեւ անոնց հացի ընծաներն ու թափելիք նուէրները, եւ զանոնք մատուցանէ՛ Երուսաղէմ եղող ձեր Աստուծոյն տան զոհասեղանին վրայ.
18իսկ մնացած արծաթով ու ոսկիով՝ ինչ որ քեզի ու եղբայրներուդ 7պատշաճ թուի՝՝ ընել, ըրէ՛ք զայն՝ ձեր Աստուծոյն կամքին համաձայն։
19Այն առարկաները՝ որ քու Աստուծոյդ տան պաշտամունքին համար քեզի տրուեցան, 8զետեղէ՛ զանոնք Երուսաղէմի Աստուծոյն առջեւ։
20Ուրիշ ինչ որ քու Աստուծոյդ տան համար հարկաւոր է ու քեզի 9կը պատշաճի՝՝ տալ, տո՛ւր զայն թագաւորին գանձատունէն։
21Ու ես, Արտաշէս թագաւորս, հրաման կու տամ ձեզի՝ Գետին միւս կողմը եղող բոլոր գանձապետներուդ, որ ա՛նյապաղ կատարէք ինչ որ Եզրաս քահանան, երկինքի Աստուծոյն Օրէնքին դպիրը, ձեզմէ խնդրէ.
22առանց 10հաշուելու տուէ՛ք մինչեւ հարիւր տաղանդ արծաթ, հարիւր քոռ ցորեն, հարիւր մար գինի, հարիւր մար իւղ, եւ ա՛ղ։
23Ինչ որ երկինքի Աստուածը հրամայեր է՝ թող փութաջանութեա՛մբ գործադրուի երկինքի Աստուծոյն տան համար, որպէսզի թագաւորին եւ անոր որդիներուն թագաւորութեան վրայ զայրոյթ չըլլայ։
24Ձեզի կը գիտցնենք թէ բոլոր քահանաներէն, Ղեւտացիներէն, երգողներէն, դռնապաններէն, Նաթանայիմներէն եւ այս Աստուծոյ տան սպասարկուներէն հարկ, տուրք ու մաքս առնելու հրաման չկայ։
25Իսկ դո՛ւն, ո՛վ Եզրաս, քու Աստուծոյդ իմաստութեամբ՝ որ ձեռքդ ունիս, դատաւորնե՛ր եւ իշխաննե՛ր նշանակէ, որ Գետին միւս կողմը եղող ամբողջ ժողովուրդը դատեն, այսինքն բոլոր անոնք՝ որ քու Աստուծոյդ Օրէնքը գիտեն. չգիտցողներուն ալ սորվեցուցէ՛ք։
26Ո՛վ որ քու Աստուծոյդ Օրէնքն ու թագաւորին օրէնքը չգործադրէ՝ ա՛նյապաղ 11թող դատապարտուի՝՝, կա՛մ մահուան, կա՛մ աքսորի, կա՛մ գոյքերու գրաւումի, կա՛մ ալ բանտարկութեան»։
ԵԶՐԱՍ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆԷ ՏԷՐԸ
27Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը՝ մեր հայրերուն Աստուածը, որ Երուսաղէմի մէջ եղող Տէրոջ տունը 12զարդարելու համար՝ այսպիսի փափաք դրաւ թագաւորին սիրտին մէջ։
28Ինծի կարեկցութիւն 13ցոյց տուաւ՝՝ թագաւորին, անոր խորհրդականներուն ու թագաւորին բոլոր զօրաւոր իշխանաւորներուն առջեւ. Տէրոջ՝ իմ Աստուծոյս ձեռքը իմ վրաս ըլլալով՝ ուժովցայ, եւ Իսրայէլէն գլխաւոր 14մարդիկ հաւաքեցի՝ որպէսզի ինծի հետ բարձրանան։