Loading...

Ezra 9

2 Chronicles  «  Ezra 8  ‹  Ezra 9  ›  Ezra 10  »  Nehemiah


ԵԶՐԱՍ ԿԸ ՍԵՐՏԷ ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

1

Երբ այս բաները աւարտեցան, իշխանաւորները ինծի մօտեցան եւ ըսին. «Իսրայէլի ժողովուրդը, քահանաներն ու Ղեւտացիները այս երկիրներուն ժողովուրդներէն չզատուեցան, հապա անոնց գարշութիւններուն նմանները կը գործեն, այսինքն՝ Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն, Ամմոնացիներուն, Մովաբացիներուն, Եգիպտացիներուն եւ Ամորհացիներուն նման։

2

Արդարեւ իրենց համար ու իրենց որդիներուն համար անոնց աղջիկներէն կին առին, եւ սուրբ զարմը այս երկիրներուն ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ. 1իշխանաւորներն ու ատենակալները առաջինները եղան՝՝ այս ուխտազանցութեան մէջ»։

3

Երբ այս բանը լսեցի, հագուստս եւ պարեգօտս պատռեցի, գլուխիս ու մօրուքիս մազերը փետեցի, եւ ապշած նստայ։

4

Այն ատեն տարագիրներուն ուխտազանցութեան պատճառով Իսրայէլի Աստուծոյն խօսքերէն բոլոր 2վախցողները իմ քովս հաւաքուեցան, ու ես մինչեւ իրիկուան ընծային ատենը ապշած նստայ։

5

Իրիկուան ընծային ատենը՝ թախիծէս կանգնեցայ, պատռուած հագուստովս ու պարեգօտովս ծնրադրեցի, ձեռքերս դէպի Տէրը՝ իմ Աստուածս տարածեցի,

6

եւ ըսի. «Իմ Աստուա՜ծս, կ’ամչնամ ու կը խպնիմ՝ որ երեսս քեզի վերցնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս. արդարեւ մեր անօրէնութիւնները մեր գլուխէն վեր 3բարձրացան, ու մեր յանցանքը մինչեւ երկինք 4ելաւ։

7

Մեր հայրերուն օրերէն ի վեր մենք մեծ յանցանքի մէջ ենք մինչեւ այսօր, եւ մեր անօրէնութիւններուն համար՝ մենք, մեր թագաւորներն ու մեր քահանաները օտար երկիրներու թագաւորներուն ձեռքը մատնուեցանք՝ սուրի, գերութեան, կողոպուտի ու երեսի ամօթի, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ։

8

Իսկ հիմա, քիչ մը ատեն, Տէրը՝ մեր Աստուածը ողորմեցաւ, մեզի ազատածներ թողուց եւ իր սուրբ տեղին մէջ մեզի 5պատսպարան մը տուաւ, որպէսզի մեր Աստուածը մեր աչքերը լուսաւորէ ու մեր ստրկութեան մէջ մեզի քիչ մը կենսունակութիւն տայ։

9

Արդարեւ մենք ստրուկ էինք, բայց մեր Աստուածը մեզ չլքեց մեր ստրկութեան մէջ. հապա Պարսկաստանի թագաւորներուն առջեւ մեզի կարեկցութիւն 6ցոյց տուաւ՝՝, որպէսզի մեզի կենսունակութիւն տայ՝ մեր Աստուծոյն տունը 7վերականգնելու, անոր աւերակները 8նորոգելու, եւ մեզի Հրէաստանի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պատ մը տալու։

10

Ուստի հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, ասկէ ետք ի՞նչ ըսենք, որովհետեւ լքեցինք քու պատուիրաններդ,

11

որոնք քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն 9միջոցով հրամայեցիր եւ ըսիր. “Այն երկիրը, ուր պիտի մտնէք՝ անոր տիրանալու համար, կեղտոտած երկիր մըն է՝ երկիրներու ժողովուրդներուն կեղտոտութիւններով. իրենց գարշութիւններով եւ իրենց անմաքրութեամբ զայն ծայրէ ծայր լեցուցած են։

12

Ուրեմն ձեր աղջիկները անոնց որդիներուն մի՛ տաք, անոնց աղջիկները ձեր որդիներուն համար մի՛ առնէք, ու երբե՛ք անոնց խաղաղութիւնը եւ բարօրութիւնը մի՛ փնտռէք. որպէսզի ուժովնաք, այդ երկրին բարիքը ուտէք, եւ ձեր որդիները յաւիտեան անոր տիրանան”։

13

Մեր չար գործերուն համար ու մեր մեծ յանցանքին համար այս բոլոր բաներուն մեր վրայ հասնելէն ետք, (թէպէտ դո՛ւն, ո՛վ մեր Աստուածը, մեզ 10չպատժեցիր մեր անօրէնութիւններուն համեմատ՝՝, հապա մեզի այսպիսի ազատում մը տուիր),

14

պէ՞տք էր որ դարձեալ քու պատուիրաններդ 11անտեսէինք եւ այս 12գարշելի ազգերուն խնամի ըլլայինք. միթէ դուն մեզի դէմ պիտի չբարկանայի՞ր ու մեզ պիտի չսպառէի՞ր, մինչեւ որ մեզմէ մնացորդ եւ ազատած չըլլար։

15

Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի՛ Աստուած, դուն արդար ես, որովհետեւ մենք մինչեւ այսօր մնացած ենք՝ իբր ազատած. ահա՛ մենք մեր յանցանքով քու առջեւդ ենք, թէպէտ այս պատճառով չենք կրնար քեզի ներկայանալ»։



1 Եբր.՝ իշխանաւորներուն եւ ատենակալներուն ձեռքը առաջինը եղաւ
2 Եբր.՝ դողացողները
3 Եբր.՝ շատցան
4 մեծցաւ
5 Եբր.՝ ցից
6 Եբր.՝ երկարեց
7 Եբր.՝ բարձրացնելու
8 Եբր.՝ կայնեցնելու
9 Եբր.՝ ձեռքով
10 Եբր.՝ մեր անօրէնութիւններէն պակաս արգիլեցիր
11 Եբր.՝ խզէինք
12 Եբր.՝ գարշութիւններու