Loading...

Ezra 10

2 Chronicles  «  Ezra 9  ‹  Ezra 10  ›  Nehemiah 1  »  Nehemiah


ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԱՑՆԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ

1

Մինչ Եզրաս կ’աղօթէր եւ կը խոստովանէր, լալով ու 1երկրպագելով Աստուծոյ տան առջեւ, Իսրայէլէն յոյժ մեծ համախմբում մը — մարդիկ, կիներ ու զաւակներ — անոր քով հաւաքուեցաւ, եւ ժողովուրդը 2յոյժ շատ՝՝ լացաւ։

2

Այն ատեն Եղամի որդիներէն Յեքիէլի որդին՝ Սեքենիա Եզրասի պատասխանելով ըսաւ. «Մենք մեր Աստուծոյն հանդէպ ուխտազանց եղանք ու երկրին ժողովուրդներէն օտարազգի կիներ 3առինք. բայց հիմա այս մասին յոյս կայ Իսրայէլի համար։

3

Հիմա մեր Աստուծոյն հետ ուխտ կնքենք, որ բոլոր կիներն ու անոնցմէ ծնածները 4արձակենք՝ իմ տիրոջս ու մեր Աստուծոյն պատուիրանէն 5վախցողներուն 6հրահանգին համաձայն. եւ ասիկա Օրէնքին համաձայն թող գործադրուի։

4

Կանգնէ՛, որովհետեւ այս խնդիրը քեզի կը վերաբերի. մենք ալ քեզի հետ կ’ըլլանք։ Ուժովցի՛ր եւ կատարէ՛»։

5

Եզրաս կանգնեցաւ, ու քահանաներու պետերուն, Ղեւտացիներուն եւ ամբողջ Իսրայէլի երդում ընել տուաւ, որ այդ ըսուածը գործադրեն. անոնք ալ երդում ըրին։

6

Եզրաս Աստուծոյ տան առջեւէն կանգնեցաւ, ու Եղիասիբի որդիին՝ Յոհանանին սենեակը գնաց։ Հոն մտնելով հաց չկերաւ եւ ջուր չխմեց, որովհետեւ տարագիրներուն ուխտազանցութեան համար կը սգար։

7

Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ 7ծանուցանել տուին, որ բոլոր 8տարագրութենէն վերադարձողները՝՝ Երուսաղէմ հաւաքուին.

8

ո՛վ որ մինչեւ երեք օր չգար, իշխանաւորներուն եւ երէցներուն հրահանգին համաձայն՝ անոր ամբողջ ինչքը 9պիտի գրաւուէր՝՝, իսկ ինք տարագիրներու համախմբումէն պիտի զատուէր։

9

Ուստի Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր մարդիկը այդ երեք օրուան մէջ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան, այսինքն՝ իններորդ ամսուան քսաներորդ օրը։ Ամբողջ ժողովուրդը Աստուծոյ տան հրապարակին մէջ կեցաւ, այս խնդիրին համար եւ տեղատարափներուն համար դողալով։

10

Եզրաս քահանան կանգնեցաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք ուխտազանց եղաք, եւ օտարազգի կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք։

11

Ուստի հիմա խոստովանեցէ՛ք ձեր յանցանքը Տէրոջ՝ ձեր հայրերուն Աստուծոյն, ու գործադրեցէ՛ք անոր կամքը. զատուեցէ՛ք երկրին ժողովուրդներէն եւ օտարազգի կիներէն»։

12

Այն ատեն ամբողջ համախմբումը պատասխանեց ու բարձր ձայնով ըսաւ. «Մեր 10պարտքն է ընել ինչպէս որ ըսիր։

13

Բայց ժողովուրդը բազմաթիւ է, ու տեղատարափներու եղանակն է. դուրսը չենք կրնար կայնիլ։ Նաեւ ասիկա մէկ կամ երկու օրուան գործ չէ, քանի մեզմէ շատերը այս խնդիրին մէջ յանցաւոր են։

14

Ուրեմն մեր իշխանաւորները ամբողջ համախմբումին համար թող կենան, ու մեր քաղաքներուն մէջ բոլոր օտարազգի կին առնողները որոշուած ատենները թող գան, եւ անոնց հետ՝ իւրաքանչիւր քաղաքի երէցներն ու անոր դատաւորները, մինչեւ որ այս խնդիրին համար մեր Աստուծոյն բորբոքած բարկութիւնը մեզմէ հեռանայ»։

15

Միայն Ասայէլի որդին՝ Յովնաթան, ու Թեկուայի որդին՝ Յազիա ասոր 11ընդդիմացան, եւ Մեսուղամ ու Սաբեթա Ղեւտացին անոնց օգնեցին.

16

իսկ տարագրութենէն վերադարձողները այնպէս ըրին։ Եզրաս քահանան եւ քանի մը 12նահապետներ 13ընտրուեցան՝ իրենց նահապետութիւններուն համեմատ (բոլորն ալ իրենց անուններով), ու տասներորդ ամսուան առաջին օրը 14համախմբուեցան՝ այս խնդիրը 15քննելու։

17

Բոլոր օտարազգի կին առնող մարդոց գործը առաջին ամսուան առաջին օրը աւարտեցին։


ՕՏԱՐ ԿԻՆ ԱՌՆՈՂՆԵՐԸ

18

Քահանաներու որդիներէն օտարազգի կին առնողներ գտնուեցան. այսինքն՝ Յովսեդեկեան Յեսուի որդիներէն ու եղբայրներէն՝ Մաասիա, Եղիազար, Յարիբ ու Գոդողիա։

19

Անոնք իրենց կիները արձակելու 16խօսք տուին, եւ յանցաւոր ըլլալով՝ իրենց յանցանքին համար հօտերէն մէկական խոյ ընծայեցին.

20

Եմմերի որդիներէն՝ Անանի ու Զաբադիա.

21

Հարիմի որդիներէն՝ Մաասիա, Եղիա, Սեմայիա, Յեքիէլ եւ Ոզիա.

22

Փասուրի որդիներէն՝ Եղիովենայի, Մաասիա, Իսմայէլ, Նաթանայէլ, Յովզաբադ ու Եղեասա։

23

Ղեւտացիներէն՝ Յովզաբադ, Սեմէի, Կովղիա, այսինքն՝ Կովղիտա, Փեթայիա, Յուդա եւ Եղիազար։

24

Երգողներէն՝ Եղիասիբ, ու դռնապաններէն՝ Սեղղում, Տելէմ եւ Ուրի։

25

Իսկ Իսրայէլէն.— Փարոսի որդիներէն՝ Ռամիա, Յեզիա, Մեղքիա, Միամին, Եղիազար, Մեղքիա ու Բանեա.

26

Եղամի որդիներէն՝ Մաթանիա, Զաքարիա, Յեքիէլ, Աբդի, Յերիմովթ եւ Եղիա.

27

Զաթուի որդիներէն՝ Եղիովենայի, Եղիասիբ, Մաթանիա, Յերիմովթ, Զաբադ ու Ազիզա.

28

Բեբայիի որդիներէն՝ Յոհանան, Անանիա, Զաբբայ եւ Աթաղի.

29

Բանիի որդիներէն՝ Մեսուղամ, Մալուք, Ադայիա, Յասուբ, Սաաղ ու Ռամովթ.

30

Փահաթ-Մովաբի որդիներէն՝ Եդնա, Քաղէլ, Բանեա, Մաասիա, Մաթանիա, Բեսելիէլ, Բանուի ու Մանասէ.

31

Նարիմի որդիներէն՝ Եղիազար, Յեսիա, Մեղքիա,

32

Սեմայիա, Շմաւոն, Բենիամին, Մալուք եւ Սամարիա.

33

Հասումի որդիներէն՝ Մաթանայ, Մատաթա, Զաբադ, Եղիփաղէտ, Յերեմի, Մանասէ ու Սեմէի.

34

Բանիի որդիներէն՝ Մաադայ, Ամրամ,

35

Ուէլ, Բանեա, Բադայիա, Քեղուհայ,

36

Ուանիա, Մերամոթ, Եղիասիբ,

37

Մաթանիա, Մաթանայ, Յաասու,

38

Բանի, Բանուի, Սեմէի,

39

Սեղեմիա, Նաթան, Ադայիա,

40

Մաքնադբայ, Սասայ, Սարայ,

41

Ազարիէլ, Սեղեմիա, Սամարիա,

42

Սեղղում, Ամարիա եւ Յովսէփ.

43

Նաբաւի որդիներէն՝ Յէիէլ, Մատաթիա, Զաբադ, Զեբենիա, Յադայի, Յովէլ ու Բանեա։

44

Ասոնք բոլորը օտարազգի կիներ առեր էին, եւ անոնցմէ ոմանք որդիներ 17ծնած կիներ ունէին։



1 Եբր.՝ գետինը իյնալով
2 Եբր.՝ լալով
3 Եբր.՝ բնակեցուցինք մեզի հետ
4 Եբր.՝ դուրս հանենք
5 Եբր.՝ դողացողներուն
6 Եբր.՝ խորհուրդին
7 Եբր.՝ ձայն անցընել
8 Եբր.՝ տարագրութեան որդիները
9 Եբր.՝ նզովուած պիտի ըլլար
10 Եբր.՝ վրայ
11 Եբր.՝ դէմ կեցան
12 Այսինքն՝ հայրերու գլխաւորներ
13 Եբր.՝ զատուեցան
14 Եբր.՝ նստան
15 Եբր.՝ փնտռելու
16 Եբր.՝ իրենց ձեռքերը
17 Եբր.՝ ունեցած