Genesis 5
Genesis 4 ‹ Genesis 5 › Genesis 6 » Exodus
ԱԴԱՄԻ ԶԱՐՄԸ (Ա. Մնաց. 1. 1-4)
1Ահա՛ւասիկ Ադամի ծնունդներուն գիրքը։ Այն օրը՝ երբ Աստուած ստեղծեց մարդը, Աստուծոյ նմանութեամբ ըրաւ զայն.
2արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, օրհնեց զանոնք, ու անոնց ստեղծուած օրը՝ անոնց անունը 1Ադամ կոչեց։
3Ադամ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, եւ իր նմանութեամբ՝ իր պատկերին պէս որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սէթ կոչեց։
4Ադամի օրերը՝ Սէթը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր տարի եղան, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
5Ադամի ապրած բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան, եւ մեռաւ։
6Սէթ հարիւր հինգ տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Ենովսը։
7Սէթ Ենովսը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
8Սէթի բոլոր օրերը ինը հարիւր տասներկու տարի եղան, եւ մեռաւ։
9Ենովս իննսուն տարի ապրեցաւ, ու Կայնանը ծնաւ։
10Ենովս Կայնանը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր տասնհինգ տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
11Ենովսի բոլոր օրերը ինը հարիւր հինգ տարի եղան, եւ մեռաւ։
12Կայնան եօթանասուն տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Մաղաղիէլը։
13Կայնան Մաղաղիէլը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր քառասուն տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
14Կայնանի բոլոր օրերը ինը հարիւր տասը տարի եղան, եւ մեռաւ։
15Մաղաղիէլ վաթսունհինգ տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Յարեդը։
16Մաղաղիէլ Յարեդը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
17Մաղաղիէլի բոլոր օրերը ութ հարիւր իննսունհինգ տարի եղան, եւ մեռաւ։
18Յարեդ հարիւր վաթսուներկու տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Ենովքը։
19Յարեդ Ենովքը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
20Յարեդի բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսուներկու տարի եղան, եւ մեռաւ։
21Ենովք վաթսունհինգ տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Մաթուսաղան։
22Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետք՝ երեք հարիւր տարի Աստուծոյ հետ ընթացաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
23Ենովքի բոլոր օրերը երեք հարիւր վաթսունհինգ տարի եղան։
24Ենովք Աստուծոյ հետ ընթացաւ, եւ չէր գտնուեր, քանի որ Աստուած զինք առաւ։
25Մաթուսաղա հարիւր ութսունեօթը տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Ղամէքը։
26Մաթուսաղա Ղամէքը ծնանելէն ետք՝ եօթը հարիւր ութսուներկու տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
27Մաթուսաղայի բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունինը տարի եղան, եւ մեռաւ։
28Ղամէք հարիւր ութսուներկու տարի ապրեցաւ, ու որդի մը ծնաւ
29եւ անոր անունը 2Նոյ կոչեց՝ ըսելով. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն ցաւէն, որ Տէրոջ անիծած գետինին պատճառով կը կրենք»։
30Ղամէք Նոյը ծնանելէն ետք՝ հինգ հարիւր իննսունհինգ տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։
31Ղամէքի բոլոր օրերը եօթը հարիւր եօթանասունեօթը տարի եղան, եւ մեռաւ։
32Նոյ հինգ հարիւր տարեկան եղաւ. Նոյ ծնաւ Սէմը, Քամը եւ Յափէթը։