Genesis 10
Genesis 9 ‹ Genesis 10 › Genesis 11 » Exodus
ՆՈՅԻ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԶԱՐՄԸ (Ա. Մնաց. 1. 5-23)
1Ահա՛ւասիկ Նոյի որդիներուն՝ Սէմի, Քամի ու Յափէթի ծնունդները. ջրհեղեղէն ետք անոնց որդիներ ծնան։
2Յափէթի որդիներն էին՝ Գոմեր, Մագոգ, Մադայ, Յաւան, Թոբէլ, Մոսոք ու Թիրաս։
3Գոմերի որդիները՝ Ասքանազ, Րիփաթ ու Թորգոմա։
4Յաւանի որդիները՝ Եղիսա, Թարսիս, Կիտացիներն ու 1Դոդացիները։
5Ասոնցմէ՛ բաժնուեցան 2ազգերուն կղզիները՝ իրենց երկիրներով, իւրաքանչիւրը իր լեզուին համեմատ, իրենց գերդաստաններով՝ ազգերուն մէջ։
6Քամի որդիներն էին՝ Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան։
7Քուշի որդիները՝ Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա։ Ռեգմայի որդիները՝ Շաբա ու Դեդան։
8Քուշ ծնաւ Նեբրովթը, որ սկսաւ երկրի վրայ զօրաւոր ըլլալ։
9Ան Տէրոջ առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր. հետեւաբար կ’ըսուի. «Տէրոջ առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ»։
10Իր թագաւորութեան սկիզբը՝ Բաբելոն, ապա Արեք, Աքադ եւ Քաղանէ էր, Սենաարի երկրին մէջ։
11Յետոյ այդ երկրէն դուրս ելաւ դէպի 3Ասորեստան, ու կառուցանեց Նինուէն, Ռոբովթ քաղաքը, եւ Քաղան։
12Նինուէի ու Քաղայի մէջտեղ Ռէսէնն ալ շինեց, որ մեծ քաղաք մըն էր։
13Մեստրեմ ծնաւ Ղուդացիները, Անամացիները, Ղաբացիները, Նեփթուքացիները,
14Պաթուրեսացիները, Քասղուքացիները (որոնցմէ 4Փղշտացիները ծնան՝՝) եւ Կափթորացիները։
15Քանան ծնաւ իր անդրանիկը՝ Սիդոնը, նաեւ Քետը,
16Յեբուսացին, Ամորհացին, Գերգեսացին,
17Խեւացին, Արուկեցին, Ասենացին,
18Արուադացին, Սամարացին եւ Ամաթացին. յետոյ Քանանացիներուն գերդաստանները տարածուեցան։
19Քանանացիներուն հողամասը՝ Սիդոնէ Գերարա անցնելով՝ մինչեւ Գազա, Սոդոմ ու Գոմոր, Ադմա եւ Սեբոյիմ, մինչեւ Ղասա է։
20Ասո՛նք են Քամի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով, իրենց լեզուներով, իրենց երկիրներուն եւ իրենց ազգերուն մէջ։
21Յափէթի մեծ եղբօր՝ Սէմի ալ, որ Եբերի բոլոր որդիներուն հայրն էր, որդիներ ծնան։
22Սէմի որդիներն էին՝ Եղամ, Ասուր, Արփաքսադ, Ղուդ եւ Արամ։
23Արամի որդիները՝ Հուս, Հուլ, Գաթեր ու Մաշ։
24Արփաքսադ ծնաւ Սաղան, եւ Սաղա ծնաւ Եբերը։
25Եբերի երկու որդի ծնան. մէկուն անունը 5Փաղէկ էր, քանի որ երկիրը անոր օրերը բաժնուեցաւ, եւ անոր եղբօր անունը Յեկտան էր։
26Յեկտան ծնաւ Եղմովդադը, Սաղափը, Ասարմօթը, Յարաքը,
27Ադորամը, Ուզալը, Դեկղան,
28Գեբաղը, Աբիմեէլը, Շաբան,
29Ոփիրը, Եւիլան ու Յոբաբը։ Ասոնք բոլորը Յեկտանի որդիներն էին,
30եւ իրենց բնակութիւնը Մեսայէն մինչեւ Սոփեր՝ արեւելեան լեռը եղաւ։
31Ասո՛նք են Սէմի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով, իրենց լեզուներով, իրենց երկիրներուն մէջ՝ իրենց ազգերով։
32Ասո՛նք են Նոյի որդիներուն գերդաստանները, իրենց ծնունդներուն եւ ազգերուն համեմատ։ Ջրհեղեղէն ետք՝ ազգերը ասոնցմէ՛ տարածուեցան երկրի վրայ։